ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»Ի ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայիս 5-ին ժամանեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը՝ Ուշինկթընի մէջ նախագահելու համար 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Թեմի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի, Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեանի եւ ամերիկահայ ազգայիններու կողմէ։
Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ այցելեց Ուաշինկթընի Հոլոքոստի թանգարանը։ Անմար կրակի առջեւ Նորին Սրբութիւնը աղօթեց Հոլոքոստի եւ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու եւ բռնութիւններու անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար։ Այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց թանգարանի պատուոյ տոմարը։
Սերժ Սարգսեանի հետ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարանը այցելելու առընթեր Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ամերիկահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ 2015-ի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Նուպար Աֆէեան։
Երէկ երեկոյեան, Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու փութացած էին թեմի հոգեւորականաց դասը, Թեմական պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները, Ուաշինկթընէն եւ թեմի այլ ծուխերէն կամ համայնքներէն հաւատացեալ հայորդիներ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ողջոյնի եւ բարիգալստեան խօսքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։