ԱՆՍԱԿԱՐԿ, ԼԻԱՐԺԷՔ ԵՒ ՍՐՏԱԲՈՒԽ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ցարդ 288 միլիոն հայկական դրամ արժողութեամբ օժանդակութիւն կատարած է Հայաստանի մէջ։ Սա կը համապատասխանէ շուրջ 600 հազար ամերիկեան տոլարի։ Ներկայ դժուարին իրավիճակին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անսակարկ, լիարժէք եւ սրտաբուխ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ հաւատացեալներուն։ Հայաստանի պայմաններով իսկապէս հսկայական նշանակութիւն ունի Մայր Աթոռի կողմէ ապահովուած կարեկցանքը։ Այս արդիւնքին հասնիլ հնարաւոր եղած է թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջոցներուն եւ թէ սփիւռքի թեմերէն ապահովուած զօրակցութեան շնորհիւ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին աչքէ անցուեցան ընկերային, առողջապահական եւ կրթական բնագաւառներուն ուղղեալ զօրակցութեան ծրագրեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց այս խորհրդակցութեան, որ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ։ Եպիսկոպոսներու հաւաքի մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած էր այս խորհրդակցութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու հոգեւոր հայրեր։ Ժողովի  տեւողութեան ներկայացուեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու ի նպաստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ ձեռնարկուած ընկերային աջակցութեան ծրագրերու իրականացման ընթացքը։ Այսպէս, մարտի 13-էն սկսեալ մինչեւ մայիսի 1-ը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջոցներով սփիւռքեան թեմերէ եւ անհատ բարերարներէ ապահովուած նուիրատուութիւններու շնորհիւ իրականացուած են աջակցութեան ծրագրեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 288 միլիոն հայկական դրամ։

Ընկերային բնագաւառի պարագային, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շարժման անցուցած միջոցները կազմած են 134 միլիոն 400 հազար դրամ։ Այս գումարին 20 միլիոն դրամը յատկացուած է համաճարակի դէմ պայքարի համար բացուած պետական հաշուեհամարին։ 100 միլիոն 600 հազար դրամ գումար յատկացուած է պարէնային ծրագրերուն։ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ այս շրջանին պարէնային սնունդի ծրարներ բաշխուած են 3 հազար 828 ընտանիքի եւ այդ ծրարներէն օգտուած անձերու թիւն է 17 հազար 563։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ գործող բարեգործական ճաշարաններէն շարունակած է օգտուիլ 900 հոգի։ Էջմիածնի քաղաքապետարանի հետ համագործակցութեամբ 268 ընտանիքի համար յատկացուած է պարէնի օժանդակութիւն։ Հայաստանի եւ Արցախի թեմերուն միջոցաւ 3 հազար 327 ընտանիք առարկայ դարձած է զօրակցութեան։ Քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր տեսչութեան միջոցաւ 100 ընտանիքներ եւ նախկին դատապարտեալներու 14 ընտանիք այս շրջանին նոյնպէս զօրակցութեան առարկայ դարձած են։ 13 միլիոն 800 հազար դրամ գումարի աջակցութիւն ցուցաբերուած է զանազան թեմերէն ներս սպասարկող քահանաներու ընտանիքներուն։

Առողջապահական բնագաւառին մէջ 30 միլիոն 600  հազար հայկական դրամ արժողութեամբ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներ եւ պարագաներ ձեռք բերուած են եւ այդ բոլորը յանձնուած՝ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան։

Կրթական բնագաւառի մէջ 83 միլիոն հայկական դրամի յատկացումով ապահովուած են 1600 պնակիտներ։ Անոնցմէ 1300-ը տրամադրուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան՝ համապատասխան բաշխման համար։ 300 պնակիտ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ յատկացուած է «Էօրնէքեան» դպրոցի սաներուն։

40 միլիոն դրամ յատկացուած է, որպէսզի Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող սաներն ու մանկավարժները վերադառնան Հայաստան։

Ժողովի ընթացքին այս բոլորի լոյսին տակ քննարկուեցան նաեւ համավարակի յաղթահարման ուղղեալ նոր ծրագրեր կեանքի կոչելու հնարաւորութիւնները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը քաջառողջութեան իր բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր հոգեւոր դասով կարելին ընել՝ այս իրադրութեան մէջ զօրակցութիւն բերելու իր հաւատաւոր զաւակներուն, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ մշտապէս կապի մէջ է բոլոր թեմերու առաջնորդներուն հետ եւ հաղորդ՝ համավարակի հետեւանքով յառաջացած կարիքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը անոնց յաղթահարման տեսակէտէ կարեւորեց նաեւ համայնքներէ ներս եկեղեցականներու հովուական խնամատարական գործունէութեան աշխուժացումը։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ սահմանափակումներու մեղմացման ներկայ պայմաններուն ներքեւ մեր ժողովուրդի կողմէ պէտք է դրսեւորուի առաւել զգաստութիւն եւ պատասխանատուութիւն՝ համավարակի կանխարգիլման բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումներու եւ պատկան կառոյցներու պահանջներու կատարման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց նաեւ, որ գերակայէ քրիստոնէական սէրն ու հոգատարութիւնը իրարու հանդէպ։  

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020