ՀԱՒԱՏԱԼ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ աւարտեց դէպի Արցախ ուղեւորութիւնը։ Հայրապետական այցելութեան եզրափակիչ փուլին, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որ զուգադիպեցաւ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնի օրուան։ Ս. Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Երէկուան արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան բացի Արցախի այժմու նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէ եւ ղեկավարութենէ ներկայացուցիչներէ, նաեւ նախկին նախագահներէն Բակօ Սահակեան եւ Արքատի Ղուկասեան։ Շաբաթավերջի ամբողջ ծրագրին Նորին Սրբութեան հետ էին նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ գործակից ընկերները։ Վեհափառ Հայրապետը զանազան այցելութիւններու զուգահեռ՝ ընդունուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի կողմէ։ Արայիկ Յարութիւնեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Նորին Սրբութիւնը Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկն ալ այցելեց։ Հայրապետական այցելութեան շաբաթավերջի ամենավառ փուլերէն մին Գանձասարի պատմական վանքին մէջ էր։ Նորին Սրբութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտչի մասունքները ամփոփող սրբավայրին մէջ տուաւ Արցախի հաւատացեալներուն ուղղեալ պատգամը։

Երէկ առաւօտ, Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Յաջորդած Հանրապետական մաղթանքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը. «Տիրոջ ողորմածութեամբ համախմբուած ենք Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մեր միասնական աղօթքը վերառաքելու առ Աստուած, որպէսզի Տէրը մեզի ուժն ու զօրութիւնը տայ յաղթահարելու պատերազմի արհաւիրքները, վեր ելնելու վշտերու ու տառապանքներու ծանր շրջանէն եւ վիրաւոր մեր կեանքը նորոգելու տէրունական օգնութեամբ»։

Մատնանշելով Արցախի հայութեան սեփական հայրենիքին մէջ անկախ ապրելու հաստատակամութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հայու ոգին չ՚ընկրկիր դժուարութիւններու առջեւ, չի կոտրուիր ցաւէն ու վշտէն։ Մենք ունինք ահասարսուռ պատուհասներու յաղթահարումին ու մեր ազգի յարութեան փորձառութիւնը, որ մեզի ուժ կու տայ այս նոր ժամանակներուն եւս ելնել նոր արարումներու, հաւատալ մեր ապագային, հաւատալ մեր հայրենիքի ու մեր կեանքի զարթօնքին»։

Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին խորանին վրայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, որոնք կը պահուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը այդ մասունքներով օրհնեց արցախահայութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021