ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց պուլկարահայ խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Պուլկարիոյ Փազարճըք քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Նշան Պզտիկեանի։ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յորդորեց, որ պուլկարահայութիւնը համախումբ ըլլայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024