ԱՍՊԵՏՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց «Վար­դա­նանց աս­պետ­ներ» բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ հիւ­րե­րը Նո­րին Սրբու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցին Սփիւռ­քի մէջ ծա­ւա­լած ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ուղ­ղուած Սփիւռ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հայ­րե­նա­նուէր ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­գործ­ման հա­մար յայտ­նեց իր գնա­հա­տան­քը եւ ընդգ­ծեց, թէ «Վար­դա­նանց աս­պետ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը մշտա­պէս ե­ղած է Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին՝ բե­րե­լով ան­սա­կարկ ա­ջակ­ցու­թիւն եւ զօ­րակ­ցու­թիւն։

Հուսկ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը օրհ­նեց զա­նոնք, մաղ­թեց եր­կա­րա­մեայ ար­գա­սա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն եւ հա­յան­պաստ նո­րա­նոր ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015