ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Մայր Տաճարի ամրակայումէն վերջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած վերաօծման յաջորդած այս առաջին կիրակի օրը պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։
Օրուան քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ իշխանութեան վերաբերեալ քրիստոնէական ընկալումներուն։ Իր խօսքով՝ Քրիստոս քարոզութեամբ, հրաշագործութիւններով եւ անբիծ կեանքով ու վարքով փաստած էր, որ բացարձակ ու անքննելի իշխանութիւնը կը պատկանի միայն ու միայն Աստուծոյ եւ Աստուած մարդոց կը շնորհէ իշխանութիւն երկրի վրայ։
«Յիսուս բացարձակապէս հեռու է երկնաւոր եւ երկրաւոր իշխանութիւնները նոյնականացնելէ։ Երկրաւոր թագաւորն ու իշխանը երբեք ու երբեք չեն կրնար յաւակնիլ Երկնաւոր Թագաւորի փառքին ու հեղինակութեան։ Երկրաւոր Թագաւորի եւ իշխանի հեղինակութեան աղբիւրը Երկնաւոր Թագաւորն է՝ նոյնինքն Աստուած», ըսաւ ան։
Քարոզիչ սրբազան հայրը ապա բացատրեց, որ քրիստոնէութիւնը կը քարոզէ հնազանդութիւն իշխանութիւններուն. հնազանդութիւն, որ կը բխի կամաւոր ընտրութենէ ու Աստուծոյ պատուիրաններու նկատմամբ խոր պատասխանատուութենէ։ Իշխանութիւններու նկատմամբ հնազանդութիւնը, սակայն, երբեք ու երբեք չի կրնար յանգեցնել աստուածամերժութեան ու հաւատուրացութեան։ «Յիսուս կը նուիրագործէ մարդկային իշխանութիւնը՝ որպէս երկրի վրայ արդարադատութեան իրականացման, մարդոց միջեւ համերաշխութեան ձեւաւորման եւ բարիքի կերտման գործիք», ըսաւ ան։
Քարոզի տեւողութեան զանազան մէջբերումներու լոյսին տակ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան ըսաւ. «Հետեւաբար, այն իշխանութիւնը, որ իր գործողութիւններով կամ անգործութեամբ կը յանգեցնէ կործանման ու աւերուածութիւններու, կը խեղաթիւրէ արդարադատութիւնը եւ կը հրահրէ հակառակութիւններ ու կը խաթարէ մարդոց խաղաղ համակեցութիւնը, այդ իշխանութիւնը կը կորսնցնէ կապը իշխանութիւն շնորհող աղբիւրի՝ Աստուծոյ հետ։ Ուստի, ան զրկուած է հեղինակութենէ եւ արժանահաւատութենէ»։ Ան նաեւ աւելցուց. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով եւ Միածին Որդւոյ էջքով հաստատուած ու կառուցուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը եւ այս Ս. Տաճարով խորհրդանշուած Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նոյնպէս օժտուած է իշխանութեամբ. իշխանութիւն, որ տրուած է նոյնինքն Աստուծմէ՝ բացարձակ եւ անքննելի իշխանութեան աղբիւրէն, հոգ տանելու համար Տիրոջ բանաւոր հօտի հոգիներու փրկութեան ու անվտանգութեան համար»։
Իր պատգամի եզրափակիչ բաժնին մէջ ան ըսաւ. «Մենք զաւակներն ենք այս Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Ըլլալ զաւակ՝ կը նշանակէ ճանչնալ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ հնազանդիլ։ Փորձել ներկայանալ եկեղեցւոյ հետեւորդ, բայց ունկնդիր չըլլալ եկեղեցւոյ ձայնին՝ կը նշանակէ կամաւորաբար հրաժարիլ եկեղեցւոյ անդամութենէն։ Եկեղեցւոյ խօսքը ուղղուած է իր զաւակներուն։ Անոնք, որոնք կամաւորաբար կը հրաժարին եկեղեցւոյ անդամութենէն, անոնց բաժինը ուրացողներու եւ դաւաճաններու հետ է»։
Եկեղեցական
- 11/26/2024