Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՋՐՎԷԺԻ Ս. ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուին, երէկ Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններու։ Երեւանի արուարձաններէն Ջրվէժի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան մատոյց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը, իսկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան տուաւ օրուան քարոզը։ Հայր սուրբը եւ տէր հայրը, որոնք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցած էին, այդ թուականէն վերջ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի մէջ։ Մինչ անոնց կեցութեան օրերը գրեթէ իրենց աւարտին հասած են, քաղաքս վերադառնալէ առաջ, հայր սուրբն ու տէր հայրը երէկ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղւոյն հոգեւորականներն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին զիրենք։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկուան քարոզին մէջ յայտնեց, որ անոնք, որոնք մուտք կը գործեն Մայր Տաճար, կը զգան, թէ Աստուած Ս. Էջմիածնի միջոցաւ ցոյց տուած է իր սէրը հայ ժողովուրդին հանդէպ։ «Աղօթենք Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի առողջութեան, նաեւ մեր եկեղեցւոյ անսասանութեան համար», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024