ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեանը եւ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանը։ Այս վերջինները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց թեզերը պաշտպանած ըլլալով երէկ առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացան մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կարեւորեց վարդապետներու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ՝ Աւետարանի ոգիով եւ հայրերու աւանդութեան համաձայն հաւատացեալներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ։

Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը լանջախաչեր նուիրեց վարդապետներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018