ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այդ բարեկամութեան լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանան Հնդկաստանի հայկական եկեղեցիները, թէեւ թուաքանակով փոքր, սակայն աշխոյժ հայ համայնքը։ Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կարեւորեց նաեւ Կալկաթայի Մարդասիրական հայկական ճեմարանի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը՝ նշելով, որ ան իւրօրինակ կամուրջ մը կը հանդիսանայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ։

Իր կարգին դեսպանն ալ անդրադարձաւ պատմական յարաբերութիւններուն, խօսեցաւ նաեւ քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ յառաջիկայ ծրագրերուն շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս ուսանող հնդիկ երիտասարդներու կացութեամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019