Երկուշաբթի 7, Ապրիլ 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան ատենապետուհի Սիլվա Ալաչամն ու գործակիցները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը՝ տիկնանց խնամակալութիւնը Պատրիարքարան այցելեց թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ թէ իր գործունէութեան շուրջ թարմ տեղեկութիւններ ներկայացնելու համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց հիւրերը եւ իր ստացած տեղեկութիւններու լոյսին տակ գնահատեց տիկնանց խնամակալութեան կողմէ տարուած աշխատանքը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յղեց իր օհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2024