ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն ներս երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, նորանշանակ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ստեփանակերտի մէջ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ այլ ներկայացուցիչներ։ Առաջնորդական անդրանիկ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ թեմի նախկին բազմամեայ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, որ վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական պատուիրակ։

Սուրբ Պատարագը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի Առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021