Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան վե­րա­դար­ձաւ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թե­նէն։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) կա­նո­նադ­րու­թեան մշակ­ման յանձ­նա­խում­բի ժո­ղով­նե­րուն, ո­րոնք գու­մա­րուե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ժո­ղով­նե­րուն ա­տե­նա­պե­տեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։

Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մով ստեղ­ծուած է այս յանձ­նա­խում­բը՝ ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նոր կա­նո­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը։ Այս աշ­խա­տանք­նե­րով նա­խա­տե­սուած է ձե­ւա­ւո­րել կա­նո­նադ­րու­թե­նէն ներս Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին, Ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վին եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին վե­րա­բե­րեալ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին փո­խան­ցած է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մօ­տե­ցում­նե­րը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2016