ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» ժողովածոյի երկորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի արխիւի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է այս գիրքը։

Բովանդակութեան մէջ ներկայացուած են 302 բազմաբնոյթ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին, Մայր Աթոռի թանգարանին, «Արարատ» ամսագրին, ինչպէս նաեւ երանաշնորհ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կրօնաեկեղեցական գործունէութեան։ Հատորին մէջ ներառնուած փաստաթուղթերը կը թուագրուին 1866-1923-ի շրջանին։ Գործը բաղկացած է հետեւեալ բաժիններէ. «Փաստաթուղթեր», «Կենսագրական բառարան», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ», «Փաստաթուղթերու ցանկ»։

Ժողովածոն կազմած է Հայաստանի Ազգային արխիւէն Գոհար Աւագեան։ Խմբագիրն է Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան։ Հատորի կազմուելուն ուղղութեամբ աջակցութիւն ցոյց տրուած է նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։

Գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019