ՀԱՐԱՒ-ԱՓՐԻԿԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹՒԻՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Հարաւ-ափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս պատուիրակութիւնը Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Սուրբ Քաղաքի եկեղեցիներու, քրիստոնէական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով այս հանդիպման մասնակցեցաւ Ս. Աթոռի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգճեան։

Շաբաթ, Յունիս 8, 2024