ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանի կողմէ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան 12 սարկաւագներ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս կը սպասարկեն։ Ս. Պատարագի ընթացքին ձեռնադրիչ սրբազան հայրը քահանայութեան կոչեց նորընծաները՝ Սրբալոյս Միւռոնով օծելով անոնց ճակատներն ու ձեռքերը։ Նորին սրբազնութիւնը նորընծաները վերանուանեց հայոց արքաներու եւ սուրբերու անուններով։ Ձեռնադրութեան աւարտին նորաօծ քահանաները հաւատացեալներուն փոխանցեցին իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը։ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանն ալ անդրադարձաւ ձեռնադրութեան սուրբ խորհուրդին եւ քահանայական կոչման։ Խօսք ուղղելով նորապսակ քահանաներուն ան ըսաւ. «Սիրելի նորընծաներ, դուք յաջորդականն էք առաքելական շաւիղի, երբ Տէրը փոխանցեց առաքեալներուն, առաքեալներն ալ մեր հայրապետներուն եւ այսպէս շարունակ եկեղեցւոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր։ Ձեռնադրութեան խորհուրդով դուք ոչ միայն նոր կեանք, նոր անուն, նոր կոչում ստացած էք, այլ նաեւ նոր հնարաւորութիւններ, նոր իրաւունքներ, որովհետեւ դուք պէտք է երթաք քարոզելու, հովուելու ձեր ժողովուրդը եւ, ինչպէս աղօթքի մէջ կ՚ըսուի, զգաստ սիրտ թող տայ Տէր Աստուած, որովհետեւ այս նոր ժամանակներուն մէջ առաւել եւս կարիք կայ զգաստութեան, զգօնութեան, խելամտութեան եւ ողջախոհութեան»։

Նորընծայ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի անցընեն քառասնօրեայ պատրաստութեան եւ աղօթքի շրջանը, որու աւարտին ծառայութեան պիտի ձեռնարկեն Հայ Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն ու կառոյցներէն ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019