ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՎԱՆՔԸ
Դէպի Արցախ ձեռնարկած ուղեւորութեան շրջագծով, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Գանձասարի վանքը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներուն հետ։ Պատմական վանքէն ներս «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, զինուորներ եւ մերձակայ Վանք գիւղի բնակիչները։
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ աղօթք, որմէ վերջ Արցախի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան հանդէս եկաւ բարիգալստեան խօսքով մը։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ բացառիկ ու պատմական իրադարձութիւն մըն է՝ ԳՀԽ-ի նիստերու առաջին անգամ Արցախ աշխարհէ ներս տեղի ունենալը՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Գանձասարի վանքին մէջ։ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Արցախը այդ բարձր պատուին արժանացուցած ըլլալու համար։ «Եկած էք զօրակից դառնալու եւ գօտեպնդելու ձեր հոգեւոր հօտը՝ ձեր զաւակներն ու զինուորականները, որպէսզի անսասան պահեն մեր սահմանն ու խաղաղութիւնը», ըսաւ Արցախի առաջնորդը՝ հայցելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու պատգամը։
Այնուհետեւ ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը՝ փառք եւ գոհութիւն բարձրացնելով առ Աստուած Արցախի անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս այցելութեան հնարաւորութեան համար։ Ան ըսաւ.
«Մենք եկած ենք մեր օրհնութիւնը բերելու Արցախի մեր քաջարի ժողովուրդին, եկած ենք մեր զօրակցութիւնը բերելու Արցախի իշխանութիւններուն, եկած ենք օրհնել հայոց բանակի խիզախ մարտիկները, որպէսզի անոնց բազուկը միշտ յաղթական ըլլայ եւ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պահապան Սուրբ Խաչի զօրութիւնը բոլոր ժամանակներուն ուղեկից ըլլայ անոնց։ Մեր հայրերը այս սքանչելի Արցախ աշխարհին մէջ բազում աղօթատուներ կառուցած են, որպէսզի աղօթքի միջոցաւ զօրեղ ըլլայ Արցախի ժողովուրդի հաւատքը, որ կը հրաշագործէ մարդկային կեանքի մէջ։ Բոլոր հրաշքները կը կատարուին շնորհիւ զօրեղ հաւատքի։ Անոնք միայն անիմանալի, անբացատրելի երեւոյթներ չեն, հրաշքները մեր կեանքի իրական դրսեւորումներն են։ Մեր պատմութեան ընթացքին մենք տեսած ենք բազում հրաշքներ։ Մարդկայնօրէն անըմբռնելի իրագործումներ տեղի ունեցած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, շնորհիւ Աստուծոյ զօրութեան եւ ներկայութեան, յաղթանակներ, որոնք արձանագրած են Արցախի գոյամարտի ժամանակ, նաեւ Ապրիլի պատերազմի ընթացքին։ Այս բոլորին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ներկայութեան զօրութիւնը եւ մենք պիտի շարունակենք ապաւինիլ Աստուծոյ, որպէսզի միշտ յաղթական ըլլանք ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ, այնպէս ալ մեր կեանքի շինութեան գործին մէջ։ Մենք այսօր աղօթքի կանգնած ենք, որպէսզի Աստուած զօրացնէ հաւատքը Արցախի մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ եւ հաւատքի հրաշքը ուղեկից ըլլայ մեր ժողովուրդին»։
Վեհափառ Հայրապետը աղօթքը կարեւորեց նաեւ որպէս հաւատքի հզօրացման աղբիւր։ Ան մաղթեց, որ այդ հաւատքը հովանի ըլլայ Արցախի հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Աստուած ապահով ու անվտանգ պահէ Արցախի սահմանները, անսասան՝ հիմերը հայոց պետականութեան։
Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանին Արցախ այցելութեան հրաւէրի եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Ան նաեւ իր գնահատանքը արտայայտեց Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ Արցախ աշխարհը շէն ու բարգաւաճ պահելու ուղղեալ բոլոր ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ աղօթեց հայոց բանակի, անոր հրամանատարներուն եւ զինուորներուն համար։
Վերջաւորութեան «Պահպանիչ» աղօթքով Հայոց Հայրապետը Երկնաւորէն հայցեց, որպէսզի Արցախ աշխարհը չենթարկուի որեւէ փորձութեան եւ ապրի խաղաղութեան, սիրոյ եւ յառաջընթացի մէջ։
«Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ վանքի տարածքէն ներս գտնուող Մատենադարանի շէնքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի նիստը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024