ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքին քաղաքական իրավիճակին կապակցութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ այս պատգամը։ Այսպէսով Նորին Սրբութիւնն ալ միացաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք՝ արեւմտահայերէնի վերածուած ձեւով։

Սիրելի զաւակներ մեր ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,

Պատերազմի արհաւիրքէն յետոյ ցաւի, մտահոգութեան եւ տագնապի ծանր օրեր կ՚ապրինք։ Հազարաւոր մեր հերոս զաւակներու նահատակութիւնը, պատմական Արցախ աշխարհի զգալի մասի կորուստը, պատերազմի աղիտալի հետեւանքները եւ արտաքին վտանգի առաւել մեծ սպառնալիքը ալեկոծած են մեր հոգիները, խաթարած համերաշխութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ։ Ստեղծուած ծանր իրադրութիւնը եւ ներքին քաղաքական խոր ճգնաժամը նոր վտանգներու առջեւ կանգնեցուցած է հայրենի մեր երկիրը՝ կենսական դարձնելով յառնած լրջագոյն մարտահրաւէրներու հրատապ լուծման անհրաժեշտութիւնը։

Օրէց օր բարդացող իրավիճակի առընչութեամբ քննարկումներ ունեցանք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն հետ։ Հանդիպումներ ունեցանք նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, Ազգային ժողովի նախագահի, քաղաքական ու ազգային զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Համընդհանուր համոզումն է, որ օրհասական այս կացութիւնը պէտք է իր հանգուցալուծումը գտնէ բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով, ազգային համերաշխութեան ու ողջախոհութեան պայմաններու մէջ։

Հայրենի մեր երկրէն ներս տեղ գտնող տագնապալից զարգացումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն ընդառաջ՝ մենք հանդիպում ունեցանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Թելադրուած երկրի առջեւ ծառացած եւ ահագնացող ներհասարակական լարուածութեամբ, արտաքին եւ ներքին լուրջ մարտահրաւէրներով եւ վարչապետի անձի նկատմամբ հանրային վստահութեան պակասով՝ հայրաբար յորդորեցինք յանձնառութիւն ստանձնել եւ վայր դնել վարչապետի լիազօրութիւնները՝ կանխելու համար հասարակական կեանքի մէջ ցնցումները, նաեւ հաւանական բախումներն ու ողբերգական հետեւանքները։

Այս առումով նաեւ կոչ կ՚ուղղենք Ազգային ժողովին՝ մեր հայրենիքի համար այս վճռորոշ պահուն գործել ամենայն պատասխանատուութեամբ, ականջալուր ըլլալ հանրութեան լայն շրջանակներու կողմէ հնչող պահանջներուն եւ քաղաքական ուժերու հետ համախորհուրդ ընտրել նոր վարչապետ ու ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն։ Միայն հանրային վստահութիւն ունեցող եւ արհեստավարժ անձերէ կազմուած կառավարութիւնն է, որ կարող պիտի ըլլայ կարգաւորել մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, վերականգնել ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը եւ կազմակերպել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, որոնք անվիճարկելի անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնեն։

Հայրական մեր պատգամը կը բերենք հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն՝ դժուարին այս օրերուն զերծ մնալ բռնութիւն հրահրող եւ ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններէ եւ գործողութիւններէ։ Ազգովին համախումբ ջանք եւ ներդրում բերենք առկայ ճգնաժամի յաղթահարման ի նպաստ։ Մեր նահատակ հերոսներու վառ յիշատակը եւ անոնց նուիրական տեսիլքները իրագործելու սրբազան ուխտը մեր սրտերուն մէջ՝ միաբանուինք եւ գործենք յանուն մեր հայրենիքի լուսաւոր գալիքի, յանուն մեր ժողովուրդի խաղաղ, ապահով ու բարօր կեանքին։

Աստուած պահապան եւ օգնական մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020