ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնէութիւնը հիւրընկալեց՝ Ս. Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի գլխաւորութեամբ։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ հանդիպումը սկսաւ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի խօսքով։ Շնորհաւորելով Նորին Սրբութիւնը եւ Մայր Աթոռի աշխարհական աշխատակիցները բերկրալի տօներուն առթիւ՝ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ Մայր Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս իր ծառայութիւնը կ՚իրականացնէ սիրով ու նուիրումով։ Աւելի վերջ պաշտօնէութեան անունով արտայայտուեցաւ նաեւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Չարչեան։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ներկաները շնորհաւորեց՝ անոնց յղելով բարեմաղթութիւններ եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Մայր Աթոռի աշխատակիցները՝ Սուրբ Էջմիածինը իրենց տունը եւ ազգի սեփականութիւնը նկատելու բարձր գիտակցութեան, նաեւ նախանձախնդիր ծառայութեան համար։ Ըստ իրեն, շնորհիւ այդ նուիրեալ ծառայութեան անցեալ տարի արձանագրուեցան բազում յաջողութիւններ։
«Կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր բարի գործ կ՚արժանանայ մեր նախնիներու, մեր հայրերու օրհնութեան, իսկ այդ օրհնութիւնը մեր կեանքի թէ՛ բերկրանքն է, թէ՛ ուրախութիւնն է, թէ՛ ցնծութիւնն է եւ թէ յաջողութիւնը։ Ուրեմն արժանի ըլլանք մեր հայրերու օրհնութեան մեր կեանքով ու մեր աշխատանքով։ Այս հաւատն ու վստահութիւնը ունինք ու կը կարծենք, որ եթէ իւրաքանչիւրս նոր տարիին այս հաւատով, այս վստահութեամբ ընթանանք, ապա աւելիով պիտի փոխենք մեր կեանքը դէպի լաւը, դէպի բարին եւ ցանկալին», նշեց Վեհափառ Հայրապետը՝ մաղթելով, որ Աստուած քաջառողջութիւն, ուրախութեան ապրում եւ արդիւնաւոր աշխատանք պարգեւէ բոլորին։