ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, երէկ, Վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէն ներս պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։ Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Հանդիպման սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի տնօրէն Արամ Մկրտչեան։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց տարեսկիզբի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Շնորհաւորելով աշխարհական աշխատակիցները տօներուն առթիւ՝ ան արտայայտեց իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը անոնց՝ նախանձախնդիր եւ յանձնառու աշխատանքին համար։ Արդարեւ, այդ աշխատանքին շը-նորհիւ է, որ Հայ Եկեղեցին կը կարողանայ առաւել արդիւնաւէտ կերպով իրագործել իր ծառայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մէջ կարեւոր բաժին մը ունի աշխարհական պաշտօնէութիւնը։ «Ձեր աշխատանքի արդիւնքը բերկրանք կը պատճառէ մեր ամբողջ ժողովուրդին, որովհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ազգի նուիրական սուրբ տունն է, հոգեւոր հաստատութիւնը։ Եւ այս հաստատութեան բարեշէն եւ պայծառ ըլլալը ուրախութիւն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայորդիի համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Խօսելով հոգեւոր կեանքի զօրացման կարեւորութեան մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց. «Ապրիլ Աստուծոյ հետ կը նշանակէ կեանքը ապրիլ սիրոյ եւ բարութեան մէջ։ Ապրիլ Աստուծոյ հետ կը նշանակէ ապրիլ յառաջընթաց եւ բարօր կեանք մը»։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ 2020-ի ծրագրերուն՝ առանձնացնելով հաւատացեալներու կեանքէն ներս եկեղեցական առաքելութեան զօրացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները, Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնն ու վերաբացումը։