ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Սուրէշ Պապու Թատիփանենին։ Նկատի ունենալով, որ հնդիկ դեսպանի առաքելութեան ժամկէտը կը լրանայ, ան հրաժեշտի այցելութեան փութաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ դեսպանի պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին տեսանելի եղած է անոր ազնիւ վերաբերմունքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ դեսպանատան միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ դեսպանին ունեցած կարեւոր աւանդը։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանէ եւ Հնդկաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն եւ այդ ամբողջին մէջ կանգ առին Կալկաթայի հայոց Մարդասիրական ճեմարանի գործունէութեան վրայ։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։