ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ

Ողջոյն,

Պատրիարքական Աթոռոյս երդիքին ներքեւ, տարիներ առաջ հաստատուած աւանդութիւն էր սոյն Եկեղեցականք-պաշտօնականք համառօտ տեղեկատուութիւնը, որ խիստ ամփոփ գիծերով կու տայ Աթոռոյ առօրեայ կեանքը։

Եկեղեցականք-պաշտօնականք նախ լոյս կը տեսնէր պոլսահայ մամուլի սիւնակներուն մէջ։ «Լրաբեր» պարբերականի հրատարակութեան օրերուն, այդ էջերուն մէջ լոյս տեսաւ։ Իսկ հիմա, 1 յունուար 2021 թուականէն սկսեալ ընթերցողին պիտի հրամցնենք զայն մեր կայքէջին եւ համացանցի միջոցաւ։

2020 թուականէն 2021 նոր թուականին ժառանգ մնաց թագաժահրի (corona virus) համավարակը, որու հետեւանքով հաստատուած սահմանափակումներուն պատճառաւ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագներու մատուցումը եւ այլ գործունէութիւններ կանգ առին։ Ասոր փոխարէն՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ հաստատուեցաւ շաբթու մէջ մատուցուած սուրբ պատարագներու տեսասփռումն ու Նորին Ամենապատուութեան խօսած քարոզներու ուղիղ եթերով հաղորդումը։

1 - 31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

1 Ուրբաթ. Ամանոր.

Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ մատուցած անդրանիկ Ս. Պատարագը եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Ամանորի պատգամը տեսասփռուեցաւ։

3 Կիրակի.

Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ քարոզը տեսասփռուեցաւ։

5 Երեքշաբթի. Ճրագալոյց Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ճրագալոյցի հանդիսութեան եւ քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Ներկայ էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Նոյն առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Ս. Աթոռոյս միաբաններէն Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածնի, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի, Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Գատըգիւղ Ս. Թագաւոր, իսկ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։ Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան ապա Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակի ժամերգութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց։

Ճրագալոյցի առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ, ժամը 21.30-ին տեսասփռուեցաւ Ս. Ծննդեան «Հոգեշունչ մեղեդիներ» համացանցային համերգը։

6 Չորեքշաբթի. ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։

Նոյն առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Ս. Աթոռոյս միաբաններէն Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, իսկ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Վաքըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցին եւ քարոզեցին։

7 Հինգշաբթի. Յիշատակ Մեռելոց

Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը տեսասփռուեցաւ։

8 Ուրբաթ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեկոյեան, ընդունեց Աթոռոյս Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը։

10 Կիրակի

Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

11 Երկուշաբթի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունեց Ասորւոց Մոր Մելքի Մետրապոլիտի քաղաքավարական այցը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առթիւ, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռոանիստ Մայր տաճարի մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, գոհաբանական աղօթք եւ մաղթանք՝ վասն կենաց Նորին Ամենապատուութեան եւ անսասանութեան Ս. Աթոռոյս։

17 Կիրակի

Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

18 Երկուշաբթի

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նամակով դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանի վախճանման առթիւ։

20 Չորեքշաբթի.

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00-ին ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի ու օգնականին՝ Նաղաշ Յակոբեանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ շնորհաւորական այցելութիւնը։

24 Կիրակի.

Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

Պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանը հրատարակեց յայտարարութիւն մը, որով տեղեկութիւն տրուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական վիճակին մասին եւ արագ ապաքինման համար մաղթանք կատարուեցաւ։

25 Երկուշաբթի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 14.00-ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի հօր՝ Վահրամ Ուչքունեանի յուղարկաւորութեան։

26 Երեքշաբթի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 11.00-ին ընդունեց «Սաթ-7» հեռուստակայանի աշխատակիցները, որոնք արձանագրեցին Նորին Ամենապատուութեան քարոզխօսութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00-ին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ լրատուական յանձնախումբի հետ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ եւ մտաւորական Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 95-ամեակը։

27 Չորեքշաբթի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.30-ին ընդունեց Սէրտա Արսլանը եւ ժամը 15.00-ին՝ քաղաքիս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։

28 Հինգշաբթի.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան Ս. Պատարագ մատոյց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որու աւարտին պաշտօն կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանի բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00-ին նախագահեց Աթոռոյս Տնտեսական յանձնախումբի հերթական նիստին։

29 Ուրբաթ.

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 09.30-ին նախագահեց Առաջաւորաց Պահքի առթիւ կատարուած ժամերգութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 11.00-ին ընդունեց Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արքեպս. Զեքիեան Գերապայծառի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Ժամը 14.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց «Աթոռոյս Սաթ-7 հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբ»ի անդամներն ու «Սաթ-7»ի վարչութենէն Գրիգոր Տինչքայըքճըն։ 

31 Կիրակի

Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ պատգամը տեսասփռուեցաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2021