ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Այս առթիւ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս յոբելեանին առթիւ շնորհաւորական մը յղեց Կիլիկեան Աթոռի գահակալին։
Նոյնպէս երէկ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Նկատի ունենալով որ այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետը թէ՛ իր եւ թէ ժողովական հայրերուն անունով շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Հայոց Հայրապետը Արամ Ա. Կաթողիկոսին մաղթեց կենաց արեւշատութիւն եւ արդիւնազարդ գահակալութիւն՝ ի պայծառութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024