ՀԱՆԳԻՍՏ Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Այսօր, 8 մարտ 2019, ուրբաթ ժամը 12.15-ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ իր հոգեւոր զաւակները, ի Իսթանպուլ, ի Գաւառս եւ ի Կրետէ։ Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի խնամքը։

Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։

Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 հոկտեմբեր 1998-ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախքան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։

Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։ Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։ Կրօնական Ժողովի եւ համայնքային վարչային դէմքերէն ստացած լիազօրութեամբ ցուպ ի ձեռին այցելած էր Եւրոպական ոստաններ եւ ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններով յանուն համայնքի զօրակցութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս։

Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։ Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։ Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զորս ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց։

Այս դառն կորուստին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ 9 մարտ 2019 թուակիր արտակարգ նիստին պիտի քննար-կըւին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի հետ առնչուած պարագաները։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը այս առթիւ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի մէջ, ամէն օր ժամը 10.00-էն մինչեւ 16.00։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ 

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019