ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ կը ջանայ առաւելագոյն հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել իր աշխարհացրիւ հօտին՝ մանաւանդ Աւագ շաբթուան ներկայ օրերուն։ Ի լրումն համավարակի առընչութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական յորդորին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները բարեպաշտ ժողովուրդին տեղեկացուցին, որ առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած, որոշուած է շարունակել Աւագ շաբթուայ արարողութիւններն ու Ս. Պատարագները իրականացնել դռնփակ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաւատացեալներուն կը յորդորէ պահքը լուծել ապրիլի 11-ին՝ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագէն յետոյ եւ առաւելագոյն պատասխանատուութեամբ պահպանել ինքնամեկուսացմամբ սահմանուած կանոնները, յաջորդող օրերուն առանձնաբար այցելել եկեղեցիներ եւ հոգեւոր հովիւներէն ստանալ Ս. Հաղորդութիւն։

Վեհափառ Հայրապետի կողմէ սփիւռքի թեմերու առաջնորդներուն թելադրուած է գործել՝ ըստ իրենց երկիրներու իրավիճակին։ Հոգեւոր հովիւները առողջապահական բոլոր կանոններու գործադրութեամբ կը շարունակեն հասանելի միջոցներով իրենց հոգեխնամ առաքելութիւնը իրականացնել՝ ի մխիթարութիւն հաւատաւոր ժողովուրդի։

Մայր Աթոռի աղբիւրները հրապարակած են նաեւ Աւագ շաբթուայ արարողութիւններու ուղիղ եթերով տեսասփռման ժամանակացոյցը։ Այսօր՝ Աւագ հինգշաբթի, Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ոտնլուայի եւ իւղի օրհնութեան արարողութեան ընթացքին դուրս կը բերուի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը՝ Սուրբի բարեխօսութեան եւ օրհնութեան հայցով համավարակի առկայ իրավիճակին մէջ՝ Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի համար։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ թեմակալ առաջնորդներուն ուղղուած է շրջաբերական մը, որով կոչ ուղղուած էր հովուական խնամքի եւ իրենց երկիրներէն ներս նեղութեան մէջ յայտնուած հայորդիներուն զօրակցելու առընթեր հնարաւորութեան սահմաններու ներքեւ ձեռք մեկնել Հայաստանին՝ համավարակի դժուարին պայմաններու ներքեւ անմիջական կարիքներու դիմագրաւման նպատակներով։ Վեհափառ Հայրապետի շրջաբերականին ընդառաջ՝ զանազան թեմերու կողմէ այս նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փոխանցուած են նուիրատուութիւններ։ Ներկայիս երեք թեմերէն նուիրատուութիւն հասած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի եւ Եգիպտոսի հայոց թեմի կողմէ 20-հազարական ամերիկեան տոլար գումար յատկացուած է առողջապահական ոլորտէ ներս անհրաժեշտ կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Բաց աստի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրաբերած է՝ կրթական ծրագրերու օժանդակութեան համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020