ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ
Հայ Առաքելական Եկեղեցին անցեալ շաբաթավերջին նշեց Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ մատոյց Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ Անդրադառնալով Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնի խորհուրդին, Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ հաւատացեալները հաւաքուած են տօնախմբելու Մայր Տաճարի հաստատման տօնը։ Սրբազանը նշեց, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ ապրի իր միտքն ու սիրտը մշտապէս կը յառէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։
Ս. Պատարագին մասնակից էին նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամները, բարերարներ եւ հաւատացեալներ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի մաղթանք։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ համերգ մը սարքեց Մոսկուայի Սինոտալ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ալեքսէյ Փուզաքովի։
Տէրունական աղօթքով սկսաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութեանց եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Ան ըսաւ, թէ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնի նախօրէին տաղանդաւոր եւ բազմավաստակ երգչախումբ մը իր աղօթքով եւ արուեստով անձեռակերտ ընծայ մը կը մատուցէ Հայ Եկեղեցիին։
Համերգի ընթացքին նշանաւոր երգչախումբը հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով կատարեց հոգեւոր երգեր։