ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դատապարտէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորումը. ստորեւ՝ յայտարարութիւնը։
*
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու այս տագնապալի օրերուն ատրպէյճանական զինեալ ուժերը հրետակոծութեան եւ հրթիռակոծման կ՚ենթարկեն ռազմական նշանակութիւն չունեցող խաղաղ բնակավայրեր, մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ քաղաքներ՝ խլելով անմեղ կեանքեր եւ վնաս պատճառելով խաղաղ բնակչութեան։
Ատրպէյճան, միջազգային բոլոր պատասխանատուութիւններու անտեսումով, թիրախաւորած է նաեւ Արցախ աշխարհի սրբավայրերն ու պատմամշակութային ժառանգութիւնը՝ բացայայտելով Արցախի հայաթափման եւ հայկական մշակութային ներկայութեան ոչնչացման միտուած իր դատապարտելի եւ այլեւս աւանդական դարձած քաղաքականութիւնը։ Այսօր՝ հոկտեմբերի 8-ին, խաղաղ բնակավայրերու հերթական հրետակոծութեան ժամանակ նշանառութեան տակ առնուած եւ ռմբակոծուած է Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, դատապարտելով կատարուածը եւ դիտարկելով զայն՝ որպէս ծայրայեղ կրօնական անհանդուրժողականութեան դրսեւորում կոչ կ՚ուղղէ եկեղեցիներու հովուապետներուն, միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական կառոյցներուն՝ վճռական ձայն բարձրացնելու յանուն արիւնահեղութեան կասեցման, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան, հոգեւոր եւ մշակութային հնամենի ժառանգութեան եւ վկայութիւններու անխաթար պահպանման։
Հաւատաւոր մարդոց կրօնական սրբազան զգացումներու այսօրինակ անարգումը եւ աղօթատեղիներու նպատակային թիրախաւորումը ուղղակիօրէն կը հակասեն բոլոր կրօններու ուսուցանած պատգամներուն։