ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբաթ օրը, ահա շուրջ 1615 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կ՚ունենար Ե. դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։ Սակայն, անշուշտ այս տարի քորոնաժահրի համավարակի պայմանները ի զօրու պիտի ըլլան։
Խորքին մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցին երկու տօն նուիրած է Ե. դարու հայոց Թարգմանիչ Սուրբերուն։ Առաջին տօնը նուիրուած է ուղղակի Ս. Սահակ Պարթեւ ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց թարգմանիչներուն եւ տեղի կ՚ունենայ յունիսի վերջը կամ յուլիսի սկիզբը։ Իսկ երկրորդը՝ հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին նշուող տօնը, նուիրուած է հայերէն գիրերու գիւտը նուաճած մեծ Սուրբերու արժանաւոր աշակերտներուն՝ Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւն Սքանչելիի, Եղիշէ Պատմիչի եւ Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, Ղեւոնդ Վանանդեցիի եւ մեր միւս թարգմանիչ մատենագիրներուն ու հայ մտքի ռահվիրաներուն։
Թէեւ իբրեւ եկեղեցական տօն սկսաւ Սրբոց Թարգմանչաց ոգեկոչումը, բայց ժամանակի ընթացքին ժողովրդային այնքա՜ն լայն ընդունելութիւն գտաւ եւ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ աւանդ նուաճեց ա՛յն աստիճան, որ նաեւ ազգային-ժողովրդային տօն դարձաւ՝ արժանաւորապէս խորհրդանշելով Հայ Մշակոյթի եւ Դպրութեան օրը։
Երբ 16 դարերու հեռաւորութենէն կը նայինք ու արժեւորման լուսարձակին տակ կ՚առնենք Ե. դարու հայոց Թարգմանչաց Շարժումը, առաջին հերթին ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ ժողովուրդին առանձնայատուկ այն երեւոյթը, որ թարգմանիչներ սրբացնելու եւ անոնց տօն նուիրելու ազգային մտածելակերպն է։
Նոյնիսկ կայ տեսակէտ, ինչպէս որ կը վկայէ հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան երախտաւորներէն Խորէն Պալեան, ըստ որուն՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինք չեղաւ նախաձեռնողը Թարգմանչաց սրբացումին։ Մեր ժողովուրդը ի՛նք իբրեւ սուրբեր ընկալեց եւ պաշտամունքի առարկայ դարձուց Ե. դարու Թարգմանիչները։ Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին, ի տես ժողովրդային այդ փարումին, Սուրբերու կարգին արժանացուց հայ մշակոյթի եւ դպրութեան առաքելատիպ մեր նախահայրերը։
Փաստօրէն եւ ըստ ամենայնի՝ սոսկ թարգմանիչներ չեղան անոնք՝ օտարներու ստեղծած մարդկային մտքի գլուխ գործոցները հայերէնի փոխադրելու հասկացողութեամբ։ Ոչ ալ, նոյնիսկ, ժամանակի քաղաքակրթական նուաճումները հայացնելու, ազգային մեր լեզուամտածողութեան պատշաճեցնելու թարգմանական իրենց արժանիքին համար միայն սրբացուեցան անոնք։
Թարգմանչաց Շարժումը շատ ու շատ աւելին էր այդ բոլորէն։ Ան հանդիսացաւ ուղղակի Հայ գիրերու գիւտը մշակութային արարումով կենսագործելու մեծ երկունք մը եւ, իբրեւ այդպիսին, յետագայ դարերուն եւ յաւերժին բացուելու թռիչքով օժտեց մինչեւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքը ստեղծուած ու զարգացած հայ մշակոյթը Թարգմանչաց Շարժումը թափ տուաւ հայ մշակոյթի վերանորոգման եւ նոր ժամանակներու շունչով վերահաստատման երթին՝ հայ ազգային ինքնութեան բիւրեղացումն ու մշակումը սեւեռակէտ ունենալով, այլեւ՝ հայակերտման սուրբ առաքելութիւնը արմատաւորելով։
Պատահական չէր, որ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վռամշապուհ արքայի ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով՝ իրենց պատրաստած արժանաւոր աշակերտներու մեծաթիւ հոյլով ձեռնարկեցին, առաջին հերթին, նորաստեղծ հայ գիրերով Աստուածաշունչը թարգմանելու տիտանական աշխատանքին։ Աւելի քան երեսուն տարի խլեց հաւաքական այդ աշխատանքը եւ պսակուեցաւ Աստուածաշունչի հայացումով, որ օտարներու իսկ վկայութեամբ՝ արժանացաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչումին։ Եբրայերէնի, ասորերէնի եւ յունարէնի հմուտ ու բազմակողմանի ճանաչողութեամբ ու հոգեմտաւոր մշակումի բարձրորակ մակարդակով կատարուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան աշխատանքը՝ զուգահեռաբար հայ թարգմանիչներուն ընձեռելով իրենց ժամանակի գիտութեան եւ ճանաչողութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ յաղթահասակ կանգնելու ինքնազարգացումը։
Հետեւաբար, սոսկ հայերուս ինքնասիրութիւնը շոյելու համար չէ, այլ Աստուածաշունչի հայացման հոգեմտաւոր մեծ նուաճումը եւ, դարեր ետք, անոր լուսապսակը դարձած Նարեկը ըստ արժանւոյն մեծարելու մղումով է, որ օտարը նոյնիսկ վկայեց, թէ Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն հայերէ՛նն է։
Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը միայն սկիզբն էր երկանց։ Հետեւեցան աստուածաբանական իմաստասիրութեան եւ քրիստոնէական գրականութեան ժամանակի գլուխ գործոցներուն նոյնքան յաջողակ թարգմանութիւնները, որոնք ենթահողը կազմեցին թարգմանչաց միեւնոյն սերունդին կողմէ ոչ-կրօնական, մարդկային մտքի տարբեր բնագաւառներէ ներս արձանագրուած օտարալեզու նուաճումներուն հայացման, ապա նաեւ՝ համապատասխանաբար հայկական մեծարժէք գործերու ստեղծումին։
Այդպէ՛ս, հայերէնով իրենց նոր կեանքը ապրեցան ժամանակի յոյն թէ ասորի մեծանուն հեղինակներ. ինչպէս՝ Աթանաս Աղեքսանդրացի եւ Եփրեմ Խուրի Ասորի, Պրոկլ եւ Տիոնիսիոս Թրակացի, Արիսթոթէլ եւ Պղատոն, Փիլոն Եբրայեցի եւ Պորփիւր ու անուանի բազում այլ հեղինակութիւններ։
Անոնց իմաստասիրական, գիտական եւ գեղարուեստական գլուխ գործոցներուն հայերէն թարգմանութիւնը եւ հայացումը ոչ միայն յատկանշուեցան հարազատութեամբ ու խոր ընկալումով, այլեւ ներշնչման աղբիւր դարձան թարգմանիչներու ինքնուրոյն ստեղծագործութեանց համար։
Օտարազգի եւ մեծանուն այդ հեղինակներու գործերէն ոմանք, ինչպէս որ կը վկայէ հայոց ազգային մշակոյթի ուրիշ մեծ երախտաւոր մը՝ Ռաֆայէլ Իշխանեան, այսօրուան մարդկութեան ծանօթ են իրենց հայացուած տարբերակով, որովհետեւ մայրենի լեզուով գրուած բնագիրները կորսուած են… առ յաւէտ։
Թարգմանչաց Շարժումը ազգային նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին դպրանոցներու ցանց ստեղծելով ու ընդարձակելով։ Հարկ էր պատրաստել ու դաստիարակել հայերէն գիրն ու գրականութիւնը գիտցող ու գործածող նոր սերունդ, որ իր կարգին սեփական ժողովուրդը առաւելագոյն չափով հաղորդ ու մասնակից պիտի դարձնէր Թարգմանչաց իրագործած մեծ թռիչքին՝ հայ մշակոյթի եւ դպրութեան վերանորոգման, հայոց հոգեմտաւոր ինքնահաստատման կենարար երկունքին։
«Ինչպէս որ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ը յատուկ շեշտով կը նշէ հայոց Սուրբ Թարգմանիչներուն նուիրուած իր տեղեկանքին մէջ, «Թարգմանչաց Շարժումը ծաւալուած է հայ գիրերու ստեղծումէն անմիջապէս յետոյ՝ 405 թուականին, որու նպատակը երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատելն էր՝ հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գիրքերը եւ այլ երկեր հայերէնի թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով:
«Շարժումը նաեւ պետական շահեր կը հետապնդէր. հայոց գիրերու ստեղծմամբ Արշակունիներու թուլացած գահու պաշտօնական գրագրութիւնը յունարէնէ եւ ասորերէնէ պէտք է անցնէր հայերէնի, իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցիի միջոցով պէտք է նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման»:
Փաստօրէն հայ ժողովուրդը յետագայ դարերու խաւարին եւ կործանման դիմադրեց իր Թարգմանչաց լոյսով։
Եւ այդ իմաստով, իբրեւ ազգային երախտագիտութեան խորագոյն արտայայտութիւն, հայ ժողովուրդը արժանաւորապէս սրբացուց իր Թարգմանիչները։
Հետեւաբար, հայ ազգային ինքնութեան լուսաւորիչ մշակներուն՝ Սուրբ Թարգմանիչներու աւանդով մեր ժողովուրդի այսօրուան եւ վաղուան երթը հունաւորելու եւ վերանորոգելու առիթը կ՚ընձեռէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Հայ ազգային ինքնութեան մեր լուսաւորիչ մշակներուն ներշնչումով՝ հայոց գալիք սերունդներուն պարտք ենք հայակերտումի մեր անփոխարինելի զէնքերուն պահպանումն ու արդիականացումը։