ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐ

Հոկտեմբեր 4, 2024

Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան Միաբան
Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան
Իսթանպուլ, Թուրքիա

Սիրելի Տէր Հայր,

Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու անկեղծ զգացումներով կ՚ողջունենք Ձեր երկար տարիներու գրիչի վաստակը, զորս լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, հոգեբուխ յօդուածներով յագեցնելով քաղցը հազարաւոր ընթերցողներուն։

Կամօքն Աստուծոյ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ որպէս քահանայ ծառայութեան կոչուեցաք եւ հաւատքով, նուիրումով, խղճմտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ կատարեցիք Ձեզի վստահուած պաշտօնները։ Ձեզի շնորհուած աստուածային շնորհներէն գրելու տաղանդը եւ բազմաթիւ հոգեւոր յօդուածներով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ հրատարակութիւնը պերճախօս վկաներն են քրիստոնէական հաւատքին, հայ լեզուին եւ մեր հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ Ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան եւ սիրոյն։

Բարձր գնահատելով հոգեւոր գրականութեան դաշտէն ներս Ձեր եզակի յօդուածները, կ՚աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուծոյ որ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք։

«Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն Եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զՁեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ Ձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Աղօթարար՝

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2024