ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ խառնաշփոթ ստեղծել եկեղեցապատկան կալուածներու իրաւունքներու դաշտին մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմի կարգավիճակի վերաբերեալ յայտարարութիւնը մեծ անհանգստութիւն յառաջացուցած է թէ՛ միջազգային ընտանիքէն եւ թէ կրօնական հանրութեան շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը նախընթաց օր արդէն իր մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը արտայայտած էր այս կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյնը ըրին նաեւ Երուսաղէմի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք առանձին գրութիւնով մը դիմեցին Տանըլտ Թրամփին՝ որպէսզի յետսկոչէ իր որոշումը։
Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան այս իրադարձութեան լոյսին տակ յայտնեց, որ հիմնական անհանգստութիւնը կապուած է փխրուն կայունութեան ապակայունացման հետ, որովհետեւ սա յղի է նոր բախումներու։ «Վտանգ կը տեսնենք, որ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը կրնայ նոր թափ ստանալ։ Բաց աստի, Երուսաղէմ շատ բարդ քաղաք մըն է եւ գիտէք, որ բազմաթիւ վիճարկումներ եղած են քաղաքի պատկանելիութեան վերաբերեալ, ընդհուպ մինչեւ ժամանակին ՄԱԿ-ի որոշում կայացնելը, որով Երուսաղէմ չէզոք գօտի համարուեցաւ», ըսաւ ան։
Հակամարտութեան աշխուժացման խնդրին առընթեր, Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի բացատրութիւններով, բազում հարցեր կան նաեւ կալուածներու իրաւունքներուն վերաբերեալ։ Քրիստոնեաները, մահմետականները, հրեաները ունին իրաւունքներ իրենց կալուածներուն հետ կապուած։ «Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ ենթադրել խառնաշփոթ մը այդ դաշտին մէջ, որովհետեւ որոշումներ առնուած չեն կողմերու միջեւ, նման քայլի մը դիմելը մեծ վտանգ կը պարունակէ, յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներու ոչ միայն իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու համար, այլեւ այնտեղ ապրող, մշտապէս իրենց իրաւունքներու համար մարտնչող եկեղեցիներու համար։ Գիտէք, դարերու ընթացքին ձեւաւորուած են այդ կալուածներու գործադրութեան իրաւունքները, կանոնակարգերը։ Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութիւնը կրնայ մեզ կանգնեցնել նոր իրողութիւններու առջեւ», շարունակեց ան։
Թէ Երուսաղէմի հայերը մտահոգութիւն ունի՞ն Իսրայէլի քաղաքականութեան հետ կապուած։ Ի պատասխան լրագրողներու այս հարցման՝ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան նշեց, որ ինք չի կրնար գնահատական մը տալ Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան համար, սակայն ընդգծեց, որ զանազան օրինակներ կան, երբ զանազան հաստատութիւններ փորձած են ինչ-ինչ քայլերու ձեռնարկել կալուածներու ուղղութեամբ։ «Եւ գիտէք, քանի տակաւին կան կալուածները, իսկ անոնք փոքրաթիւ չեն, միշտ ալ զանազան կառոյցներու կողմէ հետաքրքրութիւն կը դրսեւորուի։ Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել մեր ունեցած ժառանգութիւնը», եզրակացուց ան։