ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Հայրենի վաստակաւոր պատմաբան Էմմա Կոստանդեանի յօդուածները՝ արեւմտահայոց ազգային, հասարակական, եկեղեցական եւ այլ բազում հարցերուն առընչուող, ո՛չ միայն պարզապէս աշխատութիւններ են, այլեւ՝ զանազան հարցեր առաջ քաշող եւ լուծման ուղիներ առաջարկող գիտնականի վերլուծումներ:
Այդ յօդուածներուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն Պոլսին եւ Երուսաղէմին վերաբերող նիւթերը, որոնք մեծ պատմաբանը գրած է՝ օգտուելով բազմապիսի աղբիւրներէ, համադրելով փաստեր, նամակներ եւ այլ հայագիտական ուսումնասիրութիւններ:
Էմմա Կոստանդեան կեանքէն հեռացած է 2014 թուականին, 80 տարեկանին, իսկ իր հայագիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ ատկէ ետք:
Էմմա Կոստանդեանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն մէջ կայ ուշագրաւ յօդուած մը՝ «Մկրտիչ Խրիմեանն ու Երուսաղէմը» խորագրով: Այդ յօդուածին մէջ շարադրուած կարգ մը իրողութիւններ արդիական են նաեւ այսօր: Օգտուելով Խրիմեան Հայրիկի արխիւէն եւ այլ աղբիւրներէ, Էմմա Կոստանդեան իր այս յօդուածը գրած է՝ սրտցաւութիւն յայտնելով Երուսաղէմի վանքի մշակութային, տնտեսական հարստութեան պահպանման ուղղութեամբ: Արեւմտահայերէնի վերածելով եւ ամփոփելով՝ կու տանք յօդուածի հիմնական ըսելիքը.
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆՆ ՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ
ԷՄՄԱ ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆ
19-րդ դարու հայ հասարակական-քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային գործիչներու մէջ ուրոյն տեղ ունի Մկրտիչ Խրիմեանը. ինքնուս վարժապետ դարձած, 1854 թուականին վարդապետ օծուած, Վարագայ եւ Սուրբ Կարապետի վանքերու վանահայր, Պոլսոյ հայոց պատրիարք, Պերլինի վեհաժողովի հայ պատուիրակութեան ղեկավար, Վասպուրականի եւ Տարօնի հոգեւոր առաջնորդ, Պոլսոյ Ազգային ընդհանուր ժողովի կրօնական ժողովի ատենապետ, Երուսաղէմի աքսորական, ապա՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Իր գործունէութեամբ ան իրարու շաղկապեց պատմական Հայաստանի ամենահայաշատ վայրերը՝ Տարօնն ու Վասպուրականը: Գործունէութեան վաղ արշալոյսին՝ 1850 թուականին, ան մեկնեցաւ քրիստոնէական սրբազան վայրերը…
Այնտեղ՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մեծահռչակ վանքին մէջ օթեւանած երիտասարդ Մկրտիչը, արբեցած սուրբ վայրերու առատութենէն, գեղեցկութենէն, ուզեց յագուրդ տալ կրթութեան իր անյագ ծարաւին, որուն կը ձգտէր եւ կ՚երազէր անոր օժտուած հոգին: Մեծ էր անոր յուսախաբութիւնը, երբ զգաց, որ այդ հռչակաւոր վանքի միաբանութիւնը չունի մտաւոր այն բարձր մակարդակը, որուն ծարաւ էր ինք: Բայց սուրբ վայրերու շօշափելի մերձութիւնը անոր մէջ արթնցուց գրելու նիրհած բնածին ձիրքը: Մենաստանի խաղաղ առանձնութեան մէջ անոր յատկացուեր էր փոքրիկ սենեակ մը… Այդ սենեակին մէջ ան սկսաւ գրել «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց» քերթուածը…
Քառասուն տարի անց, կրկին ըլլալով Երուսաղէմ, ան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս գրած եւ միաժամանակ՝ երգած է: Այն ժամանակուայ Տէր Յովհաննէս մեծագործ պատրիարքը, լսելով անոր երգը, կը մօտենայ եւ կը հարցնէ, թէ ի՞նչ կ՚երգէ: Խրիմեանը կը պատասխանէ, որ կը գրէ եւ կ՚երգէ Հրաւիրակը Աւետեաց երկրին, կը հրաւիրէ «զմանկունս եւ զժողովուրդս հայոց», որ ուխտի գան Երուսաղէմ: Պոլիս վերադառնալով՝ 1851-ին, ան լոյս ընծայեց իր երկրորդ ստեղծագործութիւնը՝ «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց» քերթուածը:
Քերթուածի աւարտին հեղինակը համառօտ ծանօթութիւններ կու տայ «Հրաւիրակ»ին մէջ յիշատակուած սուրբ վայրերու մասին. ինչպէս՝ Նազարէթ, Բեթղեհէմ, Յորդանան գետ, «լեառն փորձութեան», Տիբերական ծով, Թաբոր լեառը, Սիոն վերնատուն, Գեթսեմանի ձոր եւ կը ներկայացնէ բազմաթիւ այդպիսի վայրերու թէ՛ տեղադրութիւնը, թէ՛ նկարագրութիւնը եւ թէ բացատրութիւնը: Ատոնք կը լայնցնեն ընթերցողին մտահորիզոնը եւ փափաք կը յառաջացնեն ըլլալու այդ սուրբ վայրերուն մէջ. այսինքն՝ հեղինակը հասած էր իր նպատակին, հրաւիրակը կատարած էր իր գործը:
Խրիմեանի կապը Երուսաղէմի հետ շարունակուեցաւ նաեւ յետագային: Տարիներ անց՝ 1869-ին, ան ընտրուեցաւ հայոց պատրիարք: Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող պատրիարքարանը գերակայ դիրք ունէր կայսրութեան կազմին մէջ մտնող հայկական հոգեւոր հաստատութիւններու՝ ինչպէս Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի կաթողիկոսութիւններու, այնպէս ալ Երուսաղէմի պատրիարքութեան նկատմամբ, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ կ՚ընտրուէին եւ կը հաստատուէին Պոլսոյ Հայոց Ազգային ժողովի ու վարչութեան կողմէ՝ ունենալով պատրիարքի հաւանութիւնը:
1869-1873 թուականներուն Պոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանը բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ կը հաստատէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Եսայիի հետ, եւ քանի որ վերջինս տարիքով իրմէ մեծ էր, նկատի չառնելով իր դիրքը, զինք կը համարէր Եսայիի կրտսեր եղբայրը: Անոնք նամակներով կը խորհրդակցէին իրարու հետ, եւ Խրիմեանի խորհուրդները յաճախ կը շօշափէին համազգային շահեր:
ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւին մէջ կը պահուի Խրիմեանի արխիւը, որուն մէջ կան անոր ձեռքով գրուած բազմաթիւ նամակներ, այդ կարգին նաեւ՝ ուղղուած Եսայի Պատրիարքին: Ուշադրութիւն կը գրաւէ 1872 թուականի մայիսի 4-ին թուագրուած նամակը` ուղղուած Երուսաղէմի պատրիարքին, ուր վերջինս կը զգուշացուէր «հայոց նուիրական իրաւունքները» աչքաթող չընելու համար, քանի որ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու պետերը (իտալացիներ, գաղիացիներ, սպանացիներ) ոտնձգութիւններ կը կատարէին հայերուն պատկանող սուրբ վայրերու նկատմամբ:
«Երուսաղէմի խնդիրը այնպէս մի՛ ըմբռնէք, թէ սոսկ Երուսաղէմի պատրիարքին կամ հոն տեղի քանի մը հայ բնակչաց կը վերաբերի, այլ ընդհանուր ազգին, որով Էջմիածնայ կաթողիկոսին եւ ինձ իսկ գլխովին»:
Պոլսոյ պատրիարքը լաւ գիտէր, որ հայերը Երուսաղէմի մէջ հաստատուած են մեծ զոհերու գինով: Ան չէր խաբուեր օսմանեան պետութեան «Հատտը Հումայունի» եւ «Հատտը Շերիֆի» 1839 եւ 1856 թուականներուն յայտարարած բարենորոգումներու ծրագրով: «Իբրեւ թէ ազատ դարու մէջ կ՚ապրինք, կրօն, եկեղեցին ազատ է, իրաւանց բռնութիւն չկայ, բայց հայերուն զոհ դեռ պէտք է շարունակուի», կը գրէր Խրիմեանը Երուսաղէմի պատրիարքին` խորհուրդ տալով գործել մեծ զգուշութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ, Սուրբ Յարութեան եւ Սուրբ Ծննդեան տաճարները հայոց իրաւասութենէն դուրս չձգելու, Բ. Դռան եւ «անողոքելի ոսոխաց» վրէժխնդրութենէն զերծ պահելու համար: Ան լաւ գիտէր, որ Ազգային ժողովն ու վարչութիւնը իրական եւ իրաւական ուժեր չեն, որոնց վրայ յենլով հնարաւոր ըլլար լուծել ազգային խնդիրները…
Ան համոզուած էր, որ այդ մարտը շահելու համար անհրաժեշտ է խոհեմութիւն եւ դիւանագիտութիւն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Այսքանով չ՚աւարտիր Պոլսոյ պատրիարք Խրիմեանին կապը Երուսաղէմի պատրիարքին հետ: 1873 թուականի յուլիսի 14-ին Խրիմեանը նամակ կ՚ուղղէ Եսայի Պատրիարքին, որուն մէջ շօշափուած հարցերը կը վերաբերին ո՛չ թէ կրօնական խնդիրներու, այլ՝ տնտեսական: Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը արքունի ճարտարապետէն նուէր ստացած էր ագարակ մը, որ կ՚արժէր 30-40 հազար լիրա: Սակայն վանքի միաբանութիւնը աչքաթող ըրած էր ագարակին մշակութիւնը, եւ ատկէ կը ստացուէին չնչին եկամուտներ: Խրիմեան նոյնիսկ հեռուէն քաջատեղեակ էր Երուսաղէմի պատրիարքութեան տնտեսական կարիքներուն եւ իր խորհուրդներով ուղի կը նշէր՝ գործերը կարգաւորելու համար: Ան կը զգուշացնէր, որ ուխտաւորներուն նուիրատուութիւնները հետզհետէ կը պակսին, հետեւաբար անհրաժեշտ է ունեցածը պահպանել եւ մշակել այնպէս մը, որ ատոնցմէ ստացուող եկամուտները հետզհետէ աւելնան եւ վանքը տնտեսապէս բարգաւաճի:
Խրիմեան կը մատնանշէ, որ մայրաքաղաքին մօտ գտնուող հողային կալուածները աւելի մեծ արժէք ունին բաղդատմամբ միւսներուն, որովհետեւ նաւահանգիստ ունին եւ լաւ ճանապարհներ, ատոնց բերքը դիւրին է սպառողին հասցնելը: Երուսաղէմի վերոյիշեալ հողային կալուածը այդպիսի ագարակ է, սակայն այն մեծ բերք չի տար, քանի որ անոր մշակումը կը կատարուի նախնադարեան եղանակով՝ «Նոյ նահապետին արօր եւ խոփով»: Խրիմեանը կ՚առաջարկէ երկրագործութեան զարգացման հետեւեալ ուղին. «Ինչպէս ամէն լոյս Եւրոպայէն կ՚ընդունինք, պէտք է մշակութեան արուեստին գաղափարն եւս անկէ փոխ առնենք եւ այս է միակ միջոցը, այսինքն՝ պէտք է փութաք, աճապարէք երկու հատ հասակաւոր աշակերտներ ղրկել Գերմանիա. մէկը յատկապէս երկրագործութեան արուեստ սորվելու համար, միւսը՝ մանկավարժութեան. մէկը՝ հացի առատութեան, միւսը՝ մտաց բարգաւաճման: Այս երկուքը Երուսաղէմի համար հոգի եւ մարմին տալու համար պէտք են»:
Նախապէս զգալով Երուսաղէմի պատրիարքի առարկութիւնները՝ այդ առաջարկութիւնները իրականացնելու նիւթական դժուարութիւններուն մասին, Խրիմեանը մանրամասն հաշիւ կը կազմէ, թէ հինգ տարուան ընթացքին երկու ուսանող Գերմանիոյ մէջ ուսանելու համար ինչքա՛ն ծախս կը պահանջուի եւ կը համեմատէ տուած օգուտին հետ: Ազգի լուսաւորութեան եւ երկրագործութեան զարգացման համար ան կ՚առաջարկէ դիմել նոյնիսկ արտակարգ միջոցներու՝ վաճառել Սրբոց Յակոբեանց տաճարի ոսկին ու արծաթը եւ ձեռնարկել այդ գործի կատարումը: Խրիմեան կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի պատրիարքին, որ իր նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութիւնը ծրագրած է Հայաստանի ամէն մէկ գաւառէն մէկ ընդունակ աշակերտ ուղարկել Գերմանիա՝ մանկավարժութիւն եւ երկրագործութիւն ուսանելու: «Հայոց ազգի ներկան ու ապագան բարւոքելու համար ամենէն օգտակար եւ զօրաւոր միջոցն է այս», կը փաստէ Պոլսոյ պատրիարքը՝ ընդգծելով այն մեծ դերը, որ կարող է կատարել ազգի համար լուսաւորութեան եւ երկրագործութեան բարձր մակարդակը: 1873 թուականին Խրիմեան կը հրաժարի Պոլսոյ պատրիարքի պաշտօնէն, սակայն չի խզեր իր յարաբերութիւնները Երուսաղէմի վանքի միաբաններուն հետ:
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆՏՐՈՒԵԼԷ ՅԵՏՈՅ
Խրիմեանին մեծ չափով կը մտահոգէր Երուսաղէմի վանքի մշակութային հարստութիւնը հայ հասարակութեան մատչելի դարձնելու գաղափարը: 1866-էն մինչեւ 1877 թուականներ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ունէր իր պաշտօնական ամսագիրը՝ «Սիոն» հանդէսը: Հայոց Հայրապետը ջանքեր կը գործադրէր դադարեալ «Սիոն»ը վերստին հրատարակելու համար: Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի՝ Խրիմեանի արխիւին մէջ կը պահպանուին քանի մը նամակներ, գրուած անմիջապէս Հայոց Հայրապետի ձեռքով՝ ուղղուած Երուսաղէմի միաբանութեան զանազան անդամներու: 1899 թուականի մարտի 9-ի թուակիր նամակը ուղղուած է Գէորգ Եպիսկոպոս Երէցեանին, որ մինչ այդ եղած էր Էջմիածնի մէջ, պատուէր ստացած Հայրապետէն, որ Երուսաղէմ հասնելուն պէս ձեռնամուխ ըլլայ «Սիոն»ի վերահրատարակութեան գործին: Սակայն անցած էր բաւական ժամանակ, եւ ամսագիրը չէր հրատարակուեր: Խրիմեան վերստին անհանգիստ կ՚ընէ եպիսկոպոսը՝ իր խնդիրք-պահանջով…
Սակայն կաթողիկոսի յոյսերը չարդարացան: Երուսաղէմի պատրիարք Յարութիւն Վեհապետեանը, պատճառաբանելով նիւթական սուղ պայմանները, գործնական քայլեր չէր ձեռնարկեր ամսագրի վերահրատարակութեան համար: Այս անգամ Խրիմեան կը խոստանայ մէկ անգամէն վճարել 100 բաժանորդագին, իսկ առաջին համարի լոյս ընծայելէն յետոյ՝ կրկնապատկել գումարը: Ան գիտէր, որ Աւետեաց երկիրը եւ Սրբոց Յակոբեանց վանքի հարուստ մատենադարանը «Սիոն»ին կարող են մատակարարել բազմաթիւ գեղեցիկ յօդուածներ, զորս կը հետաքրքրեն ընթերցողները:
Որոշ ժամանակ անց (այս նամակը ամսաթիւ չունի) կաթողիկոսը դարձեալ կը գրէ Գէորգ Եպիսկոպոսին, բայց, ինչպէս կ՚երեւի բովանդակութենէն, ան Երէցեան Սրբազանը չէ: Այս նամակը եւս կը շօշափէ «Սիոն»ի հրատարակութեան խնդիրները: Շատ վշտանալով, որ դադրած է հրատարակուիլ նաեւ Արմաշի վանքին մէջ լոյս տեսնող «Յոյս» կրօնաբարոյական եւ իմաստասիրական ամսագիրը, կաթողիկոսը կը նկատէ, որ մամուլի աշխարհիկ օրկանները, յատկապէս Արշակ Չօպանեանի՝ Փարիզի մէջ հրատարակուող «Անահիտ» ամսագիրը յարձակումներ սկսած են հայ եկեղեցականութեան դէմ, եւ անոնց կը պատասխանէ միայն Մխիթարեան միաբանութեան պաշտօնական օրկան «Բազմավէպ»ը: Խրիմեան կը կարծէ, քանի որ «Անահիտ»ի յարձակումները ուղղուած են Պոլսոյ այդ ժամանակի պատրիարք Մ. Օրմանեանին դէմ, այսինքն՝ արեւմտահայ հոգեւորականի դէմ, պատասխանողները եւ պաշտպանողները եւս պէտք է ըլլան արեւմտահայերը: Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Սիմէոն Երեմեանը անպատասխան չի ձգեր «Անահիտ»ի յարձակումները, սակայն եթէ պատասխանը հնչէր Երուսաղէմէն կամ Արմաշէն, աւելի ճիշդ կ՚ընկալուէր զայն: Այս անգամ եւս Հայոց Հայրապետը դրամական օգնութիւն կը խոստանայ Երուսաղէմին, ապա կը յայտնէ, որ պատկառելի գումար մը, իբրեւ գրաւ, պահած է իր մօտ, ամսագիրը լոյս ընծայելէն յետոյ անմիջապէս կը ղրկէ զայն: Խրիմեան կը վշտանայ, որովհետեւ «Երուսաղէմ դիւրութիւն ունի, քանի որ իր ձեռքի տակ հարուստ տպարան մը կայ: Ձեռնհաս գրողները եւս պակաս չեն միաբանութեան դասէն»:
Երրորդ անգամ Խրիմեան կը դիմէ Երուսաղէմի միաբանութեան այլ անդամի՝ Մամբրէ Եպիսկոպոսին: Այս նամակը հակառակ որ կը վերաբերի նոյն խնդրին, սակայն ոճը բոլորովին կը տարբերի միւս երկուքէն: Ասիկա կարծես տրամաթիք փոքրիկ պատկեր մը ըլլար, որուն բեմադրիչը Հայոց Հայրապետն է, իսկ գործող անձինք՝ Երուսաղէմի միաբանութեան ակնառու անդամները, անոնց շարքին նաեւ՝ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանը: Նամակին մէջ արտայայտուած է նաեւ ալեզարդ Հայրապետի գրական անուրանալի ձիրքն ու նուրբ հիւմորը: Նամակին մէջ Վեհափառը կը հրահանգէ Մամբրէ Սրբազանին՝ իր խօսքին բնաբան դնել. «Վասն «Սիոնի» ոչ լռեցից եւ վասն Երուսաղէմի ոչ ներեցից: Այնուհետեւ դուն շարէ, փաստաբանէ վասն «Սիոնի» կրկնակի հրատարակութեան: Եթէ մեռեալ եւ թաղեալ «Սիոն» հրաման տար, որ զվէմն ի բաց առնուն, դու այն ժամ գոչեա բարձրաբարբառ. «Արի՛, եկ արտաքս, ով Սիոն, հերիք եղեւ քեզ ննջել ի տապանիդ անխօս, անբարբառ»:
Խրիմեանի «բեմագրութեան» մէջ այս խօսքերուն զայրացած պատասխան կու տայ Յարութիւն Պատրիարքը, թէ ինչպէս կը համարձակի Երուսաղէմի նախկին աքսորականը, որուն ինք փակած էր Մակարի խուցին մէջ, զիրեն առաջարկութիւն ընել հրամանի ոճով: Կարգով խօսք կը վերցնեն միաբանութեան անդամներ Սահակ եւ Ներսէս եպիսկոպոսները, Անդրէաս Վարդապետը: Վերջինս կը խնդրէ պատրիարքէն անպայման սկսիլ «Սիոն»ի վերահրատարակութեան, որ միաբանութեան «պարապ-սարապ» անդամները գրելով զբաղին, ոչ թէ մտածեն ուտելու եւ թալանելու մասին: Ըստ «բեմագրութեան», այդ ժամանակ Մամբրէ Եպիսկոպոս պէտք է հանէր Վեհափառի ղրկած 500 ռուբլին` յանձնէր պատրիարքին, որ վերջինս ստանար «Սիոն»ի վերահրատարակութեան իրաւունքը եւ գործը պէտք է ունենար յաջող վախճան: Սակայն Խրիմեան նամակը կը վերջացնէ յուսախաբութեամբ, կարծես նաեւ սպառնալիքով. «Վա՜յ, Հայրիկի բախտին, որ թափեց աչքի լոյս եւ գրեց այս նամակ իւր անչափ զբաղանաց մէջ. եթէ տակաւին չյաջողուի բան եւ դուն գիտես, զքեզ եւ երեքին բարեկամներդ պատասխանատու կը ճանչնամ»:
Տեղին էր անոր կանխազգացումը. «Սիոն»ը չվերահրատարակուեցաւ: Անոր երկրորդ շրջանի հրատարակութիւնը իրականացաւ Հայրիկի մահէն բաւական ուշ՝ 1927 թուականին՝ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի օրօք, խմբագրապետութեամբ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի:
Վերը թուարկած փաստերը կ՚ապացուցեն հայկական Երուսաղէմին հետ Ամենայն Հայոց Հայրիկի ունեցած սերտ կապերուն մասին եւ կարծես կը յուշեն մեր նուիրապետութիւններու հոգեւոր ղեկավարներուն՝ օրինակ վերցնել Հայոց Հայրիկէն:
2006 թիւ, Երեւան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024