ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութիւնը։ Այսպէս, դպրոցի առաջին հունձքը հրաժեշտ առաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վարժարանը կը համախմբէ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս փութացած ընտանիքներուն զաւակները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան կրթութիւն ստանալու՝ թէկուզ անպաշտօն դպրոցի մը մէջ։ Վերջին տարիներուն մեր համայնքի օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուին Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակներուն կրթական հարցերը։ Խորքին մէջ որեւէ հիմնական լուծում ապահովել կարելի չէ եղած, սակայն ընդհանրապէս կը գտնուին միջանկեալ լուծումներ եւ այս ամբողջին մէջ ստեղծուած «Հրանդ Տինք» վարժարանը կը լուծէ կարեւոր խնդիրներ։ Շրջանաւարտից առաջին հանդիսութիւնը եկաւ ապացուցանել, որ անոնց համար կատար-ւած զոհողութիւնները, ի գործ դրուած միջոցները կ՚արդարանան լիուլի։
Շաբաթ, առաւօտեան ժամերուն, բառին բուն իմաստով տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր դպրոցին մէջ, ուր շրջանաւարտից անդրանիկ հանդիսութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին Պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ միութեան կողմէ ներկայացուցիչներ, համայնքային մարմիններէ դէմքեր, ծնողներ եւ հիւրեր։
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագիրը, որու ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտները գործադրեցին շատ յաջող յայտագիր մը։ Երգերու, պարերու եւ արտասանութիւններու մթնոլորտին մէջ, տղաքը զգալի դարձուցին, թէ որքան խորաթափանց պատկերացուցած էին անցեալ ութ տարիներուն ընթացքին իրենց կրթութեան համար ի սպաս դրուած միջոցներուն արժէքը։ Շատ մարդկային շեշտով, մարսուած ձեւով ու բարձր արժանապատուութեամբ անոնք արտայայտեցին իրենց երախտիքը եւ տասն սաներէ բաղկացեալ ընթացաւարտներու խումբը այսպէսով կարծես, թէ վերածուեցաւ պատմական երեւոյթ մը խորհրդանշող փաղանգի մը։ Հանդիսատեսներն ալ իսկապէս ուրախ էին, որովհետեւ այս շրջանաւարտներուն կարեւոր մեծամասնութիւնը պիտի կարենայ իր ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ։
Շրջանաւարտից արարողութեան ընթացքին Հերիքնազ Աւագեանի առընթեր ելոյթներ ունեցան Ռաքել Տինք, դպրոցի աջակիցներէն Դալար Հորոզօղլու, Պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Մասնաւորապէս ուշագրաւ էր Ընդհանուր Փոխանորդին այն շեշտադրումը, թէ այս վարժարանը եւ այնտեղ ուսում ստացող տղաքը բացարձակապէս չեն կրնար անտարբերութեան ենթակայ համարուիլ, որովհետեւ թէկուզ քիչ մը դանդաղ, սակայն մեր համայնքը իր հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ այս աշակերտներուն զօրակցելու համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ միասնականութեան ոգիով փուլ առ փուլ կը գտնուին այդ լուծումները։ Նորին Սրբազնութիւնը մաղթեց, որ շրջանաւարտները իսկապէս շարունակեն իրենց ուսումը Հայաստանի մէջ։ Ան հայրական կատակով մը շրջանաւարտներուն ըսաւ, թէ ամէն տարի կանոնաւոր այցելութիւններ կու տայ Հայաստան եւ յետ այսու իրենց հասցէներուն միջոցով պիտի հետեւի անոնց։
Հանդէսի ընթացքին շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ, իսկ աւարտին անոնց ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը յաջողութեան մաղթանքներով շրջապատեցին ընթացաւարտները եւ սրտաբուխ մաղթանքներ յղեցին անոնց ապագայ նուաճումներուն համար։