ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ (1926-1983)
«Թող պարզ խրճիթ մը ըլլայ, բայց հողին վրայ հայրենի՝ Երազիս տունն ապահով,
Ուրկէ ամէն իրիկուն, ինչպէս պալատ մ՚արքենի Մտնեմ հպարտ անվրդով»
Վահրամ Մավեան, բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ, «օրագրող, պատմուածագիր, վկայագրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր» («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 15): Հայ ժողովուրդի արժանաւորագոյն զաւակներէն մէկը:
Ծնած է 27 յունիս 1926-ին, Երուսաղէմի մէջ: Զաւակն է Յակոբ Քահանայ Մավեանի (1884-1941), որ ծնունդով զէյթունցի եղած է եւ 1922-ին տարագրութեան ճամբաները հասցուցած են զինք Երուսաղէմ, ուր հաստատուած է: Վահրամի ծնելէն մի քանի ամիս-ներ ետք անոր ծնողները կ՚անցնին Հայֆա, ուր կը մնան եօթ տարի ու դարձեալ կը վերադառնան Երուսաղէմ:
1934-ին Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն ներս ստացած է նախակրթարանի ուսումը: 1940-1944 տարիներուն երկրորդական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի «Պիշըփ Կոպաթ» անգլիական քոլէճէն ներս:
1948-ին Երուսաղէմէն անցած է Կիպրոս, ուր դասաւանդած է Նիկոսիոյ Մելիքեան ազգային վարժարանէն ներս, 1948-1950 տարիներուն: Այս մասին ինք կը գրէ. «1948 ապրիլին, անգլիացնիներու Պաղեստինէն քաշուելու նախօրեակին, «քանի մը շաբթուան համար» անցած եմ Կիպրոս, բայց յաջորդող դէպքերու բերումով մնացած այնտեղ եւ յաջորդ երկու տարիներուն ուսուցչութիւն ըրած Մելիքեան ազգային վարժարանին մէջ» («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 737):
1950-ին հրաւիրուած է Կիպրոսի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին տակ գործող Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս դասաւանդելու՝ հայերէն եւ երկրաչափութիւն: Մելգոնեանի մէջ դասաւանդած է ութ տարիներ՝ 1950-1958:
Թոքախտէ բռնուելով, 1954-ին ստիպուած է Լիբանան անցնիլ, ուր Ազունիէի ազգային դարմանատունին մէջ՝ դարմանումի համար անցուցած է մէկ տարի եւ դարձեալ վերադարձած է Կիպրոս:
1958-ին, բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Կիպրոսէն անցած է Պելֆասթ՝ Հիւսիսային Իրլանտա, ուր «Քուինզ» համալսարանէն ներս հետեւած է անգլիական գրականութեան, փիլիսփայութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերու եռամեայ դասընթացքներուն: Համալսարանը աւարտած է 1961-ին եւ վերադարձած Կիպրոս, ուր դարձեալ մինչեւ 1963-ը դասաւանդած է Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս:
1976-ին, Փարիզի մէջ ամուսնացած է լիբանանահայ Իվոն Գասարճեանի հետ, որ ճարտարագէտ Յովհաննէս Գասարճեանի աղջիկը եղած է: «1977 յունուար թուակիր նամակի մը մէջ հետեւեալը կը գրէ այս մասին.
Սերովբէ Սրբազանին առջեւ գլուխս դրի Մաշտոցին տակ եւ վերջ տուի պէքեարութեանս: Ոչ ոք ներկայ եղաւ Ս. Պսակի խորհուրդին (Մ.Վ.Մ. էջ 97)» («Ամբողջական երկեր»,Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 12):
1962-էն սկսեալ կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է Անդրանիկ Ծառուկեանի հրտարակած «Նայիրի» շաբաթաթերթին:
1963-ին Մավեան նշանակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի պաշտօնատար, որով Կիպրոսէն անցած է Լիզպոն ու հաստատուած է այնտեղ, մինչեւ իր մահը: Կիւլպէնկեանի իր պաշտօնավարութեան տարիներուն մասին իր գրչակից եղբայրներէն ու բարեկամներէն՝ Գրիգոր Շահինեանը, այսպէս կը գրէ. «Բծախնդիր ու լուրջ մօտեցումով կը կատարէ իր պարտականութիւնը եւ յատուկ փայլ մը կու տայ իր պաշտօնին: Հերթական այցելութիւններով կը ծանօթանայ Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Իրանի, Թուրքիոյ հայկական հաստատութիւններուն ու կը տեղեկագրէ անոնց մասին՝ անձնական վկայութեամբ արժեւորելով իր փոխանցած առարկայական տեղեկութիւնները:
Շատեր խօսած են Մավեանի այս գործունէութեան մասին՝ վեր առնելով իր բծախնդիր հոգատարութիւնը եւ մարդկային մօտեցումը, բայց հաւանօրէն ամենէն բնորոշ վկայութիւնը Շաքէ Մաթոսեանինն է, խիտ բայց համապարփակ։
Ամէն թղթածրարի, ամէն մէկ թիւի ետին կը փնտռէր մարդը, անհատականութիւնը եւ անոր նպաստելու լաւագոյն ձեւը: Հայկականութեան մէջ մտած էր, ինչպէս մարդ կրօնին մէջ կը մտնէ: Կոչում մը՝ զոհաբերութեան մէջ» (Մ.Վ.Մ. էջ 90). («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 11-12):
Որպէս Կիւլպէնկեանի պաշտօնատար, ան բազմաթիւ ուսանողներու օգտակար եղած է, անոնց կրթաթոշակներ հայթայթելով: Այսօր, տակաւին կան այդ կրթաթոշակներէն օգտուող անձեր, որոնք մեծ յարգանքով ու սիրով կը յիշեն Մավեանին:
Մահացած է 11 յունուար 1983-ին: Մարմինը փոխադրուած է Պէյրութ: 16 յունուարին Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որմէ ետք Մավեանի մարմինը ամփոփուած է Պուրճ Համմուտի գերեզմանատ մէջ, «մօր կողքին, այն հողին մէջ, որ իր կողմէ գնուած «առաջին կալուած»ը կը կոչէր Անկապ Օրագիրին մէջ, եւ որ իր միակ կալուածը մնաց» («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 13):
Հեղինակ է մի քանի գիրքերու: Իր արխիւը որ շա՜տ հարուստ է՝ մանաւանդ նամականիով, դժբախտաբար այսօր անխնամ ու անմշակ կերպով կը պահուի Հայաստանի թանգարաններէն մէկէն ներս: Թանգարանի պաշտօնեաները, նուազագոյն գիտակցութիւնն իսկ չունին Մավեանի ո՜վ ըլլալուն մասին: Իսկ վերջերս, երբ գաղափար յառաջացած էր այդ արխիւը լոյս աշխարհ բերելուն, պաշտօնեաները առիթէն օգտուելով եւ մտածելով թէ կարելի է «դրամ աշխատիլ», այդ արխիւը պատճէնահանելու համար աստղային թիւեր «կրակած» էին…:
Մավեանի ցարդ հրատարակուած գիրքերն են.
- «Յամեցող վերադարձ» (Քերթուածներ), Երուսաղէմ, 1956, 94 էջ:
- «Հայու բեկորներ», Երուսաղէմ, 1965, Երեւան, 1967, 244 էջ: Այս գիրքը 2014-ին Երեւանի մէջ դարձեալ տպուած է:
- «Անկապ օրագիր», Երուսաղէմ, 1968, 248 էջ:
- «Ամէն տեղ հայ կայ», Երուսաղէմ, 1977, 360 էջ:
- «Մխացող հոգիներ», Երեւան, 1977:
- «Ամբողջական երկեր», ա. հրատարակութիւն, 1993, Լիբանան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն եւ բ. հրատարակութիւն, 1996, Ս. Էջմիածին, 760 էջ:
- «Հայկական Պաղեստինը»: Այս աշխատանքը ինքնակենսագրական վէպ մըն է, որ կիսատ մնացած է:
Իր իսկ վկայութեամբ աշխատակցած է մէկ շարք պարբերականներու: Այսպէս.
Հայ երիտասարդաց միութեան «ՀԵՄ Եռամսեայ» հանդէս, Երուսաղէմ: «Սիոն» ամսագիր, Երուսաղէմ: «Նոր գիր» եռամսեայ, Նիւ Եորք: «Պայքար» եռամսեայ, Պոսթոն: «Անի» ամսագիր, Պէյրութ: «Նայիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ: «Միջնաբերդ» տարեգիրք, Պէյրութ: «Շիրակ» ամսագիր, Պէյրութ: «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ: «Անդաստան» տարեգիրք, Փարիզ: «Ամսօրեակ», Փարիզ: «Յաջառ» օրաթերթ, Փարիզ: «Արեգակ» ամսաթերթ, Լոնտոն: «Ռաֆֆի» տարեգիրք, Թեհրան: «Նոր էջ» պարբերագիրք, Թեհրան: «Հայրենիքի ձայն», Երեւան: «Գարուն» ամսագիր, Երեւան («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 738-739):
Այս ցանկէն դուրս մնացած են՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, Լիբանան: «Հայաստանի կոչնակ», Պոսթոն: «Զուարթնոց», Փարիզ:
***
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեծ համակրանք ունեցած է Վահրամ Մավեանի հանդէպ: Անթիլիաս եղած ատեն՝ որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, հրատարակել տուած է Մավեանի ամբողջական երկերը, իսկ աւելի ուշ, որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, նոյն հատորը Ս. Էջմիածինի մէջ հրատակել տուած է: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Գրիգոր Շահինեանը: Գարեգին Վեհափառ իր յառաջաբանը այսպէս կը սկսի.
* Երբ հոգեմտաւոր սեւեռումով հայեացքս կը տարածեմ ու կը խորացնեմ այս համապարփակ հատորով ապրող անձին սա գրաւոր թողօնին ամբողջութեանը մէջ, եւ անոր բաղկացութեան այլազան էջերը վերստին կը կարդամ, կը շփոթիմ գրելու փորձիս մէջ. անձի՞ն մասին գրեմ թէ՝ գրածին…: Ասկէ առաջ գրած եմ գրագէտներու կամ առհասարակ գիրով արտայայտուած դէմքերու մասին. հիմա ալ կը գրեմ, եւ թերեւս տակաւին ապագային ալ շարունակեմ գրել: Զգացած եմ, ու կը զգամ, որ տարբեր բան է գրել դէմքերու մասին, որոնք պատմութեան խորքէն կու գան եւ որոնց հետ «ծանօթութիւնը» գիրքերէն կը սնուցուի, եւ՝ տարբեր բան՝ գրել դէմքերու մասին, որոնք անձնական յուշերուդ մէջ կը մնան կենդանի, նոյնիսկ, եւ մանաւանդ, երբ մահուան մագնիսէն բռնուեր ու տարուեր է անոնց տեսանելի եւ շօշափելի գոյակերպը:
Վահրամ Մավեան այս վերջին դասի դէմքերէն է, որուն գրականութեան մասին գրել փորձելու, աւելի ճիշդ վկայելու, պահուն կարծես անբացատրելի ուժ մը կը բռնէ գրիչս: Բայց անմիջապէս կ՚անդրադառնամ որ այդ ուժը այնքան ալ անբացատրելի չէ. ի՛նքն է, իր դեռ կարծես շնչող ներկայութիւնը, որ կ՚ընդվզի զինք պատմութեան անցընելու որեւէ փորձի դէմ, մանաւանդ երբ այդ փորձը կ՚ըլլայ իր բարեկամներէն մէկուն կողմէ:
Վարանումս կը փարատի սակայն, իրմո՛վ, մանաւանդ այս իրողութեամբը, որ ինք ու իր գիրը մէ՛կ են, ինք իր գի՛րն իսկ է եւ իր գիրը իր անձին հետ այնպէս է ընդելուզուած, որ իրարմէ տարանջատումը կը դառնայ արուեստական ճիգ:
Վահրամի գրականութեան ամենէն յատկանշական կողմերէն մէկն է այս, մանաւանդ անոնց համար որոնք զինք ճանչցած են, այս բառին գրաբարեան իմաստովը, այսինքն՝ հաղորդութիւն ունեցած են իր անձին հոգեկան խառնուածքին հետ: Իր ապրած օրերը եւ գիրին մէջ ապրեցուցած պահերը այնքան հարազատ են իրարու: Մէկ խօսքով՝ ան գրականութիւնը կ՚ապրէ՛ր եւ կեանքը կը գրաւորէր, եթէ ներուի ինծի այս տարազումը: Իր կեանքը գիրով ու գիրքով էր լեցուն եւ բաբախուն. եւ իր գրական արտադրութիւնը՝ կեանքով տրոփուն: Իր գրական արուեստով տիպարի վերածուած դէմքերը իր կեանքին եւ խօսակցութեան մէջ այնպիսի ներկայութիւններ էին որ իր խօսքին մէջ կ՚ապրէին գիրին անցնելէ առաջ:
Վահրամի գրականութեան, մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ, մարդկայնութիւնը, անսեթեւեթ պարզութիւնը, հոգեկան բիւրեղութիւնն ու ազնուութիւնը տիրական տեղ մը ունին: Սէրը մտերմական է ու ազնուական՝ միանգամայն: Հայրենիքը հեռու է զգացական պատկերացումներէ ու գեղազարդեալ զգեստաւորումներէ, որոնց մէջ յաճախ իրական ապրումին պարզութիւնը զոհ կ՚երթայ հռետորութեան եւ ճապաղ հայրենասիրութեան («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 5-6):
Նոյն հատորին մէջ, Գրիգոր Շահինեան «Մարդ մը եւ իր վաստակը» խորագիրը կրող գրութիւնը այսպէս կը սկսի.
* Վահրամ Մավեանի ստեղծագործութիւնը սերտօրէն կապուած է իր անձին: Այն աստիճան, որ կարելի է մտածել, թէ գրականութիւնը արտայայտութիւններէն մէկն է պարզապէս իր անհատականութեան: Իր կենդանութեան շատ զօրաւոր էր այս տպաւորութիւնը. Մավեան իր ժամանակակիցներէն ոմանց կը ներկայանար իբրեւ էսթէթ մը, որուն հոգեկան ստորոգելիներէն մէկը կը թուէր գրականութիւնը, կոչուած գեղեցիկի ապրումով ճոխացնելու իր կեանքը, որ հարուստ էր արդէն մարդկային յարաբերութիւններով, ինչպէս ճամբորդութիւններու վայելքով («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 9):
Իր ունեցած մարդկային եւ հայկական արժանիքներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր իր կերպարին մասին, Շահինեան կը գրէ.
* Աշակերտները եւ ծանօթները կը գնահատէին մարդկային եւ հայկական իր արժանիքները: Գործերը նոյնպէս կը վկայեն այս արժանիքներուն մասին:
Կեանքէն ու գործէն մեզի ծանօթ մարդը հպարտ է ու սրտցաւ միաժամանակ, վերապահ բայց անսակարկօրէն նուիրուիլ գիտցող, լուրջ բայց նաեւ սրամիտ ու հեգնող: Եւ կենսասէր ու մշակութասէր:
Ան սրտցաւ հայրենասէր է նաեւ, հպարտ՝ Հայաստանի ու հայութեան արժանիքներով, սիրով ու գուրգուրանքով զեղուն մայրենի լեզուին հանդէպ, բայց ափսոսանքով լեցուն ի տես հայութեան ցրւումին:
Ի՞նչ էր սակայն խորունկ իր իսկութիւնը:
Արտաքնապէս արժանաւոր կեցուածքի տէր մարդն էր ան, անգլիացի ճէնթլմէնի մը պէս խորհրդապահ եւ ֆրանսացի ազնուականի մը պէս կենցաղագէտ: Ոմանք զինք «գոռոզ եւ մեծամիտ» ալ կը կարծէին, ինչպէս դիտել կու տայ իր մտերիմներէն մէկը, բայց այս տպաւորութիւնը իր վերապահ կեցուածքէն կը բխէր հաւանօրէն:
Տակաւին շէնշող մասնակիցն էր ան ընկերային ու ընկերական հաւաքոյթներու, երգով, ճառով, արտասանութեամբ անոնց փայլը աւելցնողը: Անգինէ Քէշիշեան կը պատմէ թէ Սայեաթ Նովայի երգերու ամբողջ ձայներիզ մը պատրաստած էր եւ Արա Գալայճեան կը վկայէ, թէ «հաճոյք կ՚առնէր ինք իր ձայնը լսելով եւ ուշադրութեամբ իրեն հետեւող լուռ ունկնդիրները դիտելով», մինչ Վահագն Դաւթեան «շէնշող զուարթախոհութեան» մը մասին կը խօսի:
Բայց ընկերային այս դիմակին ետին տխուր ու մինակ մարդ մը կար: Դաւթեան «ներհուն տխրութիւն» կը գտնէ իր մէջ, Վարդգէս Համազասպեան «ներսից մշտապէս այրուող» մէկը կը նկատէ զինք, մինչ Անդրանիկ Ծառուկեան կը խօսի իրմէ ներս գտնուող «կղպուած տեղ»ի մը մասին, որուն «բանալին ոչ ոք ունեցաւ»:
Այսքան ծանօթներու կողմէ հաստատուած իրողութիւն մը առարկայական ճշմարտութեան մը բնոյթը կը ստանայ ի վերջոյ: Բայց Մավեան ինք ալ կը հաստատէ զայն մտերիմ նամակներու մէջ:
Կենաքս թաւալեցաւ առանձին, անհրապոյր, անիմաստ (Մ.Վ.Մ. էջ 97):
Մեր կեանքէն, օրերէն, զանազան շրջաններու ներս մտնողներ՝ շատ-շատ կարճ ժամանակ մը միայն պիտի կարենան լեցնել զայն, վերջը՝ մենք մեզի հետ ենք նորէն, մինակ (Մ.Վ.Մ. էջ 74). («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 13-14):
Խօսելով անոր գրողի յատկանիշներու մասին, Շահինեան կը գրէ.
* Վահրամ Մավեանի վաստակը տեւաբար կը տարուբերի լայն իմաստով գրականութեան եւ նեղ իմաստով գրականութեան միջեւ: Փոխադարձ ներթափանցում մը կայ երկուքին միջեւ, ո՛չ միայն մէկ գրութենէն միւսը, այլ եւ միեւնոյն գրութեան մէկ մասէն միւսը: Կը բաւէ որ պատմողը առաջինի տեղ երրորդ դէմք գործածէ, որպէսզի անձնական վկայութիւնը պատմուածքի տպաւորութիւն գործէ կամ ներկայացուած դէմքը կերպարի վերածուի, որպէսզի գործնական նպատակներով գրուած գրութիւնը գեղարուեստական նկարագիր ստանայ:
Ինչ ալ գրէ, ամէն պարագայի տակ, ինչ նպատակով ալ գրէ՝ Վահրամ Մավեան կը ցուցաբերէ արհեստավարժ գրողի յատկանիշներ, որոնք արուեստագէտի արժանիքներ են յաճախ:
Իր բոլոր երկերը տպուելու հեռանկարով իրագործուած են եւ որոշ հասարակութեան մը ուղղուած: Նոյնիսկ Անկապ Օրագիրը, որ տրամաբանօրէն ինքնիրեն համար գրուած պէտք է ըլլար, ազդուած է տպուելու հեռանկարէն եւ համապատասխան ձեւակերպում ստացած:
Տպուելու հեռանկարը մղած է հեղինակը փափկանկատ խորհրդապահութեան: Ան յիշատակուած դէմքերուն անունները փոխարինած է ուրիշներով ու պատմուած դէպքերը ենթարկած որոշ ձեւափոխումի: Ճիշդ է, այս ծպտումները թափանցիկ են յաճախ, բայց իրենց գոյութեա՛մբն իսկ կը ստեղծեն վիճակ մը, մթնոլորտ մը, որ աւելի գեղարուեստական այլափոխումին կը պատկանին, քան իրական ճշմարտութեան:
Տպուելու հեռանկարը մտցուցած է նաեւ բացատրութիւններ, տրամաբանական ագուցումներ, կառուցումի ճիգ մը, որոնց պէտք պիտի չունենար միայն ինքնիրեն համար գրող անձ մը: Նման մէկը, օրինակ, դէմքի մը կամ դէպքի մը պիտի անդրադառնար լակոնական ոճով ու Ճոնի մը կամ Վարդգէսի մը մասին խօսած ժամանակ պիտի չբացատրէր անոր ո՛վ ըլլալը կամ անոր մասին ուրիշ ո՛ր հատուածին մէջ գրած ըլլալը («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 20-21):
Մավեանի մասին իր գրութիւնը Շահինեան այսպէս կ՚աւարտէ.
* Վահրամ Մավեան մասնակիցն ու վկան է Սփիւռքի մէջ ծնած առաջին սերունդի կեանքին, իւրայատուկ մէկ անդամն է նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան երկրորդ սերունդին: Առաջինը տարագիրի կարօտը երգած էր եւ գաղթի ստեղծած ողբերգութիւնը ապրած, երկրորդը սփիւռքային իրականութիւնը կը պատկերէ եւ անկէ ծնած հոգեբանութիւնը: Մավեան այս ճիգին է որ կը մասնակցի, բայց ուրոյն իր ակօսը կը բանայ գրականութեան դաշտին մէջ՝ իր ընտրած նիւթով ու զայն տալու ձեւով: Պատրաստ կը գտնէ նիւթը, բայց ի՛րը կը դարձնէ զայն, վաւերագրութիւն կ՚ընէ, բայց գեղարուեստական մօտեցում կը դրսեւորէ միաժամանակ:
Ու կը մնայ գեղապաշտ մարդը, որ նա՛եւ գրականութեամբ կը հարստացնէ իր կեանքը եւ գրիչի մշակը, որ իր վաստակով կը ճոխացնէ Տիրոջ Այգին («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 28):
***
Այստեղ մէկ երկու վկայութիւններ կը ներկայացնենք Մավեանի մասին եւ կ՚աւարտենք Լիլի Գօչի՝ Մավեանի եւ իր տիկնոջ Պոլիս տուած այցելութեան ընթացքին Գօչի ունեցած տպաւորութիւններով: Յաջորդ շաբթուան մեր սիւնակով, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Վահրամ Մավեանի գրիչին արգասիքէն հատուածներ, որպէսզի ընթերցողները առիթ ունենան ծանօթնալու Մավեանի գրիչին:
* «Բագին»ի 1983 ապրիլի թիւին մէջ Մավեանի մասին հետեւեալը կը կարդանք.
- Ազնիւ ու մեղմաբարոյ անձ մըն էր Վահրամ Մավեան եւ բնաւորութեան այդ մղումին մէջ նայեցաւ աշխարհին ու մարդոց։ Իր անձնական կեանքին թէ հանրային հետաքրքրութեանց ծիրէն ներս պատահած բոլոր շարժումներն ու վերիվայրումները դիմաւորեց խառնուածքային այդ նոյն թելադրանքով, հեզութեամբ ու համբերատարութեամբ, աղաղակելու փոխարէն՝ մրմնջելով, խոժոռելու փոխարէն՝ ժպտելով շարունակ. իր մէջ՝ ոչինչ, որ ըլլար անդնդային, ոչինչ՝ վարերէն ու վերերէն, ոչ մէկ տարր՝ կորստաբեր արկածախնդրութիւններու ոլորտներէն, ու իր գրականութիւնը՝ ի պատկերի իւրում, բանաստեղծութիւնը՝ անձնական ապրումներէն քաղուած մեղեդիներ, արձակը՝ տեսածին, լսածին արձանագրութիւնը, դրական տարրերով միայն շատացող, բարութեամբ օծուն։
Վահրամ Մավեանի արձակ էջերը կեանքէն եկած արժանիքը ունին, բայց դժուար է անոնց մէջ հաստատել այն միւս կեանքը, որ կը կոչուի հեղինակային նպաստ, ա՛յն՝ որ կ՚աւելնայ կեանքին վրայ եւ նոր որակով մը կը շնչաւորէ տեսանելիին պատկերը եւ անտեսանելիին յոյզը։ Ան ժամանակ չունեցաւ այս մասին մտածելու, բաւարարուեցաւ նիւթերուն տեսանելի հրապոյրներով, առանց խորանալու անոնց ալքերուն, առանց բիւրեղացնելու անոնց շարժիչ լծակները։ Բայց, այո՛, բայց...
Որքան ալ խիստ ըլլան գրական մեր չափանիշները, զուտ գրականութեան կարօտը տանջէ մեր հոգին, մերժենք իրականութեան արձանագրութիւնը շփոթել ստեղծումին հետ, մեր կացութիւնը անձնաւորող տիպարներ փնտռենք մատուցուած էջերուն մէջ, կու գայ պահ մը, որ անխուսափելի զիջումներ կ՚ընենք ժամանակին, շահուածին դիմաց կը մոռնանք խստապահանջ ամէն չափանիշ։ Ըստ այդ հրամայականին, մեր հարցերով, տագնապներով, կարօտներով, մտատանջութիւններով, անկումներով ու խոյանքներով բազմութիւնները կարենալ շահագրգռելու փաստը որա՛կ է ինքնին, ու Վահրամ Մավեան նուաճեց այդ արժանիքը, կարդացուելո՛ւ արժանիքը (էջ 18)։
* «ԱՊՐՈՒԱԾ ՕՐՈՒԱՆ ՄԸ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ», Լիլի Գօչ, ԺԱՄԱՆԱԿ, երկուշաբթի, 1 մայիս 1978, էջ 1
- Բարեկամական այնպիսի կապեր, ապրուած այնպիսի անգին պահեր կան, ուր մտածումը չի յաջողիր անոր դաւաճանել երբեք, ո՛չ հեռաւորութեան դրած սահմանագծով եւ ո՛չ ալ տարիներու բերած հոլովոյթով:
Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական բաժնի վարիչներէն՝ Պրն. Վահրամ Մավեան եկաւ հաստատել այս պարագան իր Իսթանպուլ տուած այցելութիւններուն ընթացքին, երբ անոր մէջ նշմարեցինք դիւրահաղորդ մարդը, վեհոգի գործիչը ու սրտակից բարեկամը իր բոլոր ազնիւ կողմերով:
Մեր ողբ. եղբօր՝ Մարտիրոս Գօչի յուղարկաւորութեան օրը, Պալըքլըի գերեզմանատան թախծոտ մթնոլորտին մէջ «Ժամանակ»ի ներհուն աշխատակից Արայ Ակինեան, որու կորուստը միշտ կը սգանք, սրտովին զիս ներկայացուցած էր Պրն. Մավեանի, որու ազնուական սիլուէթը միացած իր անհատականութեան ընտիր ձիրքերուն, ինչպէս իբր գրչի մարդ իր ցուցաբերած արժէքով, նաեւ իբր ազգային գործիչ օտար հորիզոնի մը ներքեւ իր վայելած դիրքով, համբաւով, վերջապէս իր անձովը արժանաւորապէս ի յայտ բերած պատուաբեր հանգամանքով յիշողութեանս մէջ մնացած էր միշտ թարմ ու անվթար:
Եւ հիմա, երեք տարիներ յետոյ, բախտը գեղեցիկ պատեհութիւնը ընծայեց ինձ այս անգամ մեր ազնիւ բարեկամներուն՝ Տէր եւ Տիկին Թագւոր Գամէրի հրաւէրով սեղանակից ըլլալ Տէր եւ Տիկին Մավեաններու, Վոսփորի գեղածիծաղ ափերուն վրայ, ապրիլեան արեւոտ միջօրէի մը, երբ գարնան հրապոյրը իր թովիչ կախարդանքը դրած էր անոր լազուարթ երկնքին ու հեզիկ ջուրերու մակերեսին:
Ահա մեր ինքնաշարժը կը սուրար կապոյտ-կանաչ տէքօռի մը մէջէն կանգ առնելու համար «Ֆաչիօ» շքեղ ճաշարանին առջեւ, ուր կը հիւրընկալուէինք Տէր եւ Տիկին Թագւոր Գամէրէ ու Մավեան նոր ամուսնացեալ ամոլէն:
Արդարեւ, բարեկամներու մեծ հաճոյք պատճառեց Պրն. Մավեանի հայուհիի մը հետ կնքած ամուսնութիւնը, երբ ան վերջապէս որոշեր էր ունենալ իր ընտանեկան յարկը, իր երջանիկ բոյնը, որու ջերմութիւնը պիտի գար նոր խանդ ու աւիւն տալ իր անհատական կեանքին, նաեւ ստանձնած դժուարին գործին այս անգամ երկուքով փարելու հաճելի մտասեւեռումովը անոր փշոտ վերելքին:
Ինչքան լաւ խորհրդական մը պիտի ըլլար անոյշ, թխագեղ Տիկին Իվօն իր սիրելի ամուսնոյն, վասնզի իսկապէս առինքնող հմայք մը ունէր իր անձը երբ կը խօսակցէինք այլազան նիւթերու շուրջ, ըլլային անոնք գեղարուեստ, երաժշտութիւն կամ այլ բարեսիրական ձեռնարկներ:
Ու պէտք էր տեսնել թէ համակրելին Տիկին Նատիա Գամէր, իր գաղափարային փոխանակութիւններուն առընթեր, ո՜րպիսի գուրգուրանքով կը պատուէր մեզ, զբաղելով ճաշացուցակի ամենադոյզն մանրամասնութիւններով իբր ճշմարիտ տան տիրուհի, որ գիտէ մեծարել իր հիւրերը կաթոգինս ու բացառիկ սրտակցութեամբ:
Ճաշի ընթացքին Պրն. Մավեան տեղեկութիւններ քաղեց «Ժամանակ»ի հրատարակութեան առօրեայ աշխատանքներուն շուրջ, նաեւ վերահասու դարձաւ յառաջիկայ հոկտեմբերին թերթիս 70-ամեակի առթիւ տեղի ունենալիք յոբելենական հանդիսութեանց: Հարցումներ ուղղեց խմբագրական կազմին, աշխատակիցներու առնչութեամբ եւ ուզեց գիտնալ, թէ ո՞վ էր ապագայ յաջորդը «Ժամանակ»ի, երբ արդար հպարտութեամբ յայտնեցինք թէ մեր հարազատը այժմու արտօնապետ Սարգիս Գօչութեանն էր, որ պիտի վարէր իրեն վստահուած աւանդը յետագային:
Պրն. Մավեան հետաքրքրուեցաւ նաեւ «Արշաւ»ով, որու մօտալուտ վերերեւումին լուրը գոհունակութիւն առթեց իրեն:
Այսպէս անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ ճաշը ի դիմաց Վոսփորի գեղեցիկ բնանկարին, մինչ Պրն. Թագւոր Գամէր իր տիկնոջ նման բծախնդրօրէն կը կատարէր հիւրամեծար տանտիրոջ դերը, հակառակ հաստատութեան բազմաթիւ սպասարկողներուն, մերթ ընդ մերթ դրուագներ պատմելով մեր համայնքային կեանքէն ու համեմելով զանոնք սրամիտ կատակներով: Արայ Գօչ եւս իր բնատուր ընկերակցութեամբ կը վերակենդանացնէր յուշեր, հրամցնելով պատառիկներ անմոռանալի անցեալէն, գրչեղբայրներէ, կեանքէն առ յաւէտ հրաժեշտ առած բարեկամներէ, երբ Պրն. Մավեան, որ ակներեւ էր թէ զգայուն սիրտ մը կը կրէր, ըսաւ տխրութեամբ.
-«Ինձ համար իրական վիշտ մը կ՚ըլլայ, երբ իւրաքանչիւր քաղաք տուած այցելութեանս ընթացքին կը տեղեկանամ ցաւագին մահը մէկ բարեկամիս: Ինչքա՜ն դառն է երբ մի առ մի կը խուսափին անոնք մեր ներկայութենէն եւ ահա անմխիթար կը մնանք իրենց ետեւ…
Այսպէս չեղա՞ւ միթէ Մարտիրոս Գօչի եւ Արայ Ակինեանի մահուամբ, որոնք անկեղծօրէն կը սիրէի իբրեւ ճշմարիտ բարեկամներ…»:
Գեղածիծաղն Վոսփորի ջուրերը մանիշակագոյն երանգներ կը ստանային տակաւ, մինչ քիչ վերջ արեւին բորբ սկաւառակը պիտի երթար անհետիլ բլուրներու ետին, երբ մենք ակամայ հրաժեշտ առինք այս այնքան հաճելի ու բարեկամական մթնոլորտէն մեր շնորհակալիքը յայտնելով Տէր եւ Տիկին Թագւոր Գամէրի, իրենց այնքան ջերմիկ հիւրամեծարութեան համար:
Վաղը արդէն իսկ մեր քաղաքէն մեկնած պիտի ըլլան Իվօն-Վահրամ Մավեան համակրելի ամոլը, իրենց ետեւ թողելով ապրուած անմոռանալի օրուան մը թանկագին յիշատակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ