«ՔՆԱՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ»

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նը լոյս ըն­ծա­յած է «Քնար Ա­րե­ւա­գա­լի» գիր­քը, որ կը բո­վան­դա­կէ ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի ան­տիպ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ «Ար­մաշ» մա­տե­նա­շա­րէն որ­պէս 11-րդ հա­տոր լոյս տե­սաւ ար­մա­շա­կան հայ­րե­րէն ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի՝ մե­ծա­նուն Տրա­պի­զոն­ցիի «Քնար Ա­րե­ւա­գա­լի» խո­րագ­րեալ ան­տիպ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն։

Ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատ­րիարք իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քած է ձե­ռա­գիր փոք­րիկ տետ­րա­կի մը մէջ, որ մաս կը կազ­մէր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ հա­ւա­քա­ծո­յին։ Տետ­րա­կի բնա­գի­րը կը բաղ­կա­նայ 12x19.3 սմ., չա­փե­րով, դեղ­նո­րակ թուղ­թով, 83+1 է­ջե­րէ, գրուած՝ մանր, շատ կա­նո­նա­ւոր ու ըն­թեռ­նե­լի ձե­ռա­գ­րով։ Այ­սօր ա­հա այդ տետ­րակն է, որ հրա­տա­րա­կե­լով կը յանձ­նը-ւած է ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան։

Սրբա­զան Հե­ղի­նա­կը սոյն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը գրի կ­՚առ­նէ 28 Յու­նիս 1918-2 Հոկ­տեմ­բեր 1924 թուականներուն, Տրա­պի­զո­նի, Դա­մաս­կո­սի, Ե­րու­սա­ղէ­մի, Ե­րե­ւա­նի, Ա­լեք­սանդ­րէ­թի, Մի­ջերկ­րա­կա­նի վրայ նա­ւու, Լա­ւո­դի­կէի (Լա­թա­քիա), Սու­րիոյ Տրի­պո­լի­սի մէջ։

Սոյն հա­տո­րը կը բաղ­կա­նայ 200 է­ջե­րէ եւ կ­՚ընդգր­կէ բա­ցի տետ­րա­կի բնա­գրէն, Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նի գրի ա­ռած նա­խա­բա­նը, Շնորհք Պատ­րիար­քի եւ հան­գու­ցեալ բա­նա­սէր Յա­կոբ Ճ. Սի­րու­նիի հե­ղի­նա­կի ու ա­նոր գրչի վաս­տա­կին մա­սին գրու­թիւն­նե­րը, Սրբա­զան հե­ղի­նա­կին Տրա­պի­զո­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան օ­րե­րուն աշ­խա­տան­քի պա­հուն նկա­րուած ան­տիպ նկա­րը, կեն­սագ­րու­թիւ­նը, իր ձե­ռա­գ­րէն նմոյշ­ներ, տետ­րա­կին մաս չկազ­մող ե­րեք եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ բնագ­րի մէջ առ­կայ նուազ ծա­նօթ կամ ան­ծա­նօթ բա­ռե­րու ըն­դար­ձակ ցանկ մը եւայլն։ Սոյն «բա­ռա­րան»ը բազ­մա­թիւ բա­ռա­րան­նե­րէ քա­ղե­լով պատ­րաս­տուած է Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի եւ Մա­րիա Շահ­պազ-Տիգ­րա­նեա­նի կող­մէ։

Հա­տո­րը լոյս տեսած է խմբագ­րու­թեամբ՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նի, իսկ շքեղ կող­քը պատ­րաս­տուած է Ա­րիս Քա­րա­ֆի­լի կող­մէ։

Սոյն հա­տո­րը լոյս տե­սած է Ս. Խաչ Դպրե­վան­քի սա­նե­րէն եւ նոյն վար­ժա­րա­նի այժ­մու հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Վա­րու­ժան Պուլ­կա­նի մե­կե­նա­սու­թեամբ, ի յի­շա­տակ իր հօ­րեղ­բօր՝ Խո­րէն Պուլ­կա­նի։

Փա­փա­քող­ներ կրնան հա­տո­րէն ու­նե­նալ դի­մե­լով Պատ­րիար­քա­րան, աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րուն։ 

 

 

 

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015