ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ
Հեղինակաւոր հրատարակութիւններ ու հաղորդումներ ամիսներէ ի վեր Տիգրան Համասեանի մասին կը գրէին ու կը խօսէին՝ հանրութիւնը նախապատրաստելով երէկի համերգին, որ կայացաւ Այա Իրինիի տաճարին մէջ։
«Լոյս ի լուսոյ» նախագիծը համերգաշար մըն է. Համասեան ու Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը, Յարութիւն Թոփիկեանի խմբավարութեամբ, կը շրջին տարբեր երկիրներ, տարբեր եկեղեցիներու մէջ հնչեցնելով հայոց շարակնոցէն ընտիր նմոյշներ։
Դէպի Պոլիս իրենց ճանապարհորդութեան անոնք սկսած էին Անիէն ու Կարսէն, անցնելով Վանի Աղթամարէն, Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոսէն ու Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածնէն։ Հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեակը նշանաւորելու իւրայատուկ ձեւ մըն է այս երաժշտական ուխտագնացութիւնը, որ տարբեր համ մը կը հրամցնէ ունկնդիրներուն։ Աւանդականի ու արդիականի ձուլում, եկեղեցականի ու ժողովրդականի միացում, հնոճի ու նորոճի ագուցում իրարու։ Արուեստի սկզբնաւորում մը ամենանախնական ձեւերուն մէջ, զոր պիտի կարենար թերեւս միայն Տիգրան Համասեանի նման արուեստագէտ մը գլուխ հանել։ Այո, Թոփիկեանի երգչախումբը իր կատարելութեան գագաթնակէտին էր, ինչպէս միշտ նաեւ երէկ իրիկուն, սակայն Համասեան կրցած էր իր կնիքը դնել նաեւ անոր վրայ, համերգաշարը վերածելով իր արուեստի յաղթարշաւին։
Երաժշտական յեղումի անօրինակ փորձարկում մը, երբ միջնադարեան «Սիրտ իմ սասանի» տաղը կամ, օրինակ, Հայրապետական մաղթերգը հիմք կը դառնան բանալու յանկարծաբանութեանց լայն դարպաս մը, ուրկէ Համասեան կը մտնէ ազատ համարձակ, բարձրանալու համար կատարները նախապէս իրմով նուաճուած կատարներու։ Հոն արդէն ան կը սուզի երաժշտական խորունկ ովկիանը՝ կոմիտասի մը նման որսալու համար շարականի ձուկը։ Ունկնդիրը այդտեղ յանկարծ կը տեսնէ արեւելեան ու արեւմտեան կոչուածներուն, հին ու նոր ըսուածներուն անհեթեթութիւնը, քանի որ այնքան միաձոյլ է ամէն ինչ, ժամանակէն անդին, մի եւ նոյն, խառնակ, սակայն ոչ տարտղնած։
Կարեւոր էր վայրը նաեւ։ Այա Իրինի՛ն, Պոլի՛սը, ուր ան եկած էր պատմական Հայաստանի օդը հազիւ շնչած։ Իր հետ չէինք նախորդ համերգներուն հետ համեմատելու համար այս մէկը, սակայն պատմական Բիւզանդիոնի միջնաբերդը Վանն ու Անին, Անտիոքն ու Տիգրանակերտը կը ճանչնայ վաղուց, ու շարականով նետուած այս կամուրջը իւրօրինակ պատգամ մըն է, որուն գաղտնիքներն եւս Համասեան մեզի փոխանցել ջանաց հաւանաբար երէկ իրիկուն։
Տաճարը բերնէ բերան լեցուցած ունկնդիրները, հեթանոս արարողութեան մը մասնակից հասարակութեան մը նման վերացած ու մագնիսացած էր։ Համերգէն, լաւ է ըսել «արարողութենէն» ետք յոտնկայս ծափերուն տարափը սրտանց շնորհակալութեան մը եւ գնահատանքի մը թարգմանն էր։
Համասեան այս իրիկուն պիտի նուագէ նաեւ «Ճեմալ Ռեշիթ Ռէյ»ին մէջ, ներկայացնելով իր վերջին ալպոմը, Mockroot-ը։ Այս մէկն ալ տարբեր վայելք մը պիտի ըլլայ անկասկած երէկի համերգէն ետք։ Մեզի կը մնայ միայն վայլել եւ վերանալ իրմով։
Ս. Տ.