ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՅԻ ԱՐՁԱՆԸ ԹԻՒՐՔՄԵՆԻՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ տեղադրուեցաւ հայ բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի արձանը: Այն տեղադրուած է նորաբաց այգիի մը մէջ, որ կոչուած է թիւրքմէն հռչակաւոր բանաստեղծ, մտածող Մահթումկուլիի (Մահթումկուլի Ֆրակի) անունով:

Այս տարի կը լրանայ Մահթումկուլիի ծննդեան 300-ամեակը, իսկ Թիւրքմենիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ նախատեսուած են տօնակատարութիւններ: Մահթումկուլի, թիւրքմէն ըլլալով, գրած է համամարդկային նիւթերու մասին, եւ անոր քերթողական արուեստի սահմանները դուրս են թիւրքմէն երկիրներու սահմաններէն: Անոր անունը, իբրեւ միջնադարի մեծ մտածող եւ իմաստասէր, դրուած է միջնադարի ուրիշ նշանաւոր գործիչներու կողքին:

Աշխապատի մէջ Մահթումկուլիի 300-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած է յոբելենական խորհրդաժողով, որուն մասնակցած են աշխարհի զանազան պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գիտական եւ ստեղծագործական հանրոյթի ներկայացուցիչներ: Հայաստանէն Աշխապատի խորհրդաժողովին մասնակցած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեան: Այս վերջինը միաժամանակ ներկայ եղած է Մահթումկուլիի այգիին մէջ արձաններու բացման արարողութեան:

Մահթումկուլիի այգիին մէջ Մահթումկուլիի արձանի կողքին բացի Սայաթ Նովայի արձանէն, զետեղուած են նաեւ համաշխարհային այլ արուեստագէտներու՝ իտալացի բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիէրի, թուրք բանաստեղծ Եունուս Էմրէի, վրացի քաղաքական գործիչ եւ բանաստեղծ Շոթա Ռուսթավելիի, ֆրանսացի բանաստեղծ Օնորէ տը Պալզաքի, գերմանացի բանաստեղծ եւ մտածող Եոհան Ուոլֆկանկ վոն Կէօթէի, պարսիկ բանաստեղծ Հաֆեզ Շիրազեցիի, ռուս մեծ գրող, մտածող Փիոթր Տոսթոյեւսքիի եւ այլ նշանաւոր մտածողներու արձաններ։

Գիտական խորհրդաժողովի բաժիններէն մէկը՝ «Մահթումկուլի Ֆրակի եւ համաշխարհային մշակոյթ» թեմայով վարած է Ժաննա Անդրէասեան: Ան կարեւորած է թիւրքմէնական նոր գրականութեան հիմնադիր Մահթումկուլի Ֆրակիի գրական ժառանգութիւնը, ընդգծած է, որ որպէս մշակութային տեղեկատուութեան անփոխարինելի աղբիւր՝ գրականութիւնը կ՚ընդգրկէ զանազան հասարակութիւններու, աւանդոյթներու եւ արժէքներու համադրութիւնը: Ան նշած է, որ հայերը Մահթումկուլիի արժէքաւոր ստեղծագործութիւններուն ծանօթ են տակաւին 1950-ական թուականներէն, թարգմանած են անոր գործերը հայերէնի, որու շնորհիւ կարողացած ենք բազմաթիւ զուգահեռներ գծել նոյն շրջանի հայ գրականութեան ժառանգութեան հետ, մասնաւորապէս՝ Սայաթ Նովայի հարուստ եւ գեղեցիկ գործերուն հետ:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները նկատած են, որ գրականութիւնը ունակ է ազգային արժէքներ կերտելու, եւ պատահական չէ, որ այսօրուայ Թիւրքմենիստանի պետութիւնը արտայայտութիւնն է նաեւ Մահթումկուլիի դաւանած գաղափարներուն, թիւրքմէն ժողովուրդն ալ յաւերժ երախտապարտ կը զգայ անոր: Ըլլալով մեծ երազանքներու հետեւող ժողովուրդ մը, այսօր թիւրքմէնները ունին իրենց ուզած պետութիւնը, որու կերտումին մասնակցած են նաեւ այդ ժողովուրդի նշանաւոր գրողները, մտածողները, արուեստագէտները: Մահթումկուլիի «Թիւրքմենիստանին» բանաստեղծութեան ամեն տողը գոց գիտէ իւրաքանչիւր թիւրքմէն:

Գրողը ո՛չ միայն իր գրականութեամբ սիրուած եւ ընդունուած է, այլ նաեւ՝ այն լեզուով, որ գործածած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Ան ստեղծագործած է ժամանակի խօսակցական թիւրքմէներէնով եւ դարձած թիւրքմէնական գրական լեզուի հիմնադիրը: Ժողովուրդին հասու այդ լեզուն արագ տարածուած է, անոր գրածները երգեր դարձած են եւ աշուղները երգած են ատոնք:

Շուրջ երեք հարիւր տարիէ ի վեր՝ թիւրքմէնները սուրբ գիրքերու պէս կը կարդան իրենց մեծ գրողին գործերը, որոնք ուղղուած են ապագային եւ կը բաւարարեն ո՛չ միայն թիւրքմէն ժողովուրդի, այլեւ՝ ողջ մարդկութեան հոգեւոր կարիքները։ 

Բազում լեզուներով թարգմանուած են Մահթումկուլիի գրածները:

Երբ հայ թարգմանիչները կը թարգմանէին գրողի գործերը հայերէնի, զգացած են, որ դարերով ապրելով նոյն տարածաշրջանին մէջ, հայերուն ծանօթ են գրողի բանաստեղծութիւններուն մէջ գործածուած բազմաթիւ բառեր. ինչպէս՝ «սուփրա», «գեոզալ», «ռեհան», «իգիթ» եւ այլն:

Մինչ Աշխապատի մէջ Մահթումկուլիի 300-ամեակին նուիրուած այս միջոցառումը՝ Հայաստանի մէջ նոյնպէս նշուած է այդ յոբելեանը: Մահթումկուլիի 300-ամեակը Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ կազմակերպած է Հայաստանի մօտ Թիւրքմենիստանի դեսպանատունը: Բացուած է ցուցահանդէս, տեղի ունեցած է համերգ:

Հայ ժողովուրդին նոյնպէս միշտ հարազատ եղած է թիւրքմէն բանաստեղծի գրական ժառանգութիւնը, քանի որ գրողը գրած է համամարդկային նիւթերու մասին, այդ կարգին՝ մարդու ինքնութեան բացայայտման, որ շատ կարեւոր է ազգի մը ընդհանուր ճակատագրին մէջ: Մարդկային փորձառութիւնները, հարստութիւնը, բազմազանութիւնը Արեւելքի գրողներու գործերու մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէին, ահա թէ ինչու Արեւելքի ժողովուրդներուն նմանապէս հոգեհարազատ է նաեւ հայ բանաստեղծ Սայաթ Նովայի փիլիսոփայութիւնը:

Մահթումկուլիի ժամանակակից, նշանաւոր հայ գրող Սայաթ Նովան, որ կը ստեղծագործէր շարք մը լեզուներով, նոյնպէս մեծ յարգանք ու սէր վայելած է ո՛չ միայն իր հայրենիքի, այլեւ՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ:

Այդ ժամանակաշրջանի բանաստեղծները իրենց բանաստեղծութիւններուն մէջ նաեւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին իրենց կեանքի մասին:

Մահթումկուլիի կեանքի մասին տեղեկութիւնները խիստ սուղ են։ Միակ աղբիւրը ժողովրդական աւանդութիւններն են ու իր իսկ բանաստեղծութիւնները:

Ան ծնած է Իրանի մէջ միջնադարին պետութիւն եղած Սեֆէեան Պարսկաստան՝ Արեւելքի մեծ բանաստեղծ-մտածող Տովլաթմամէտ Ազատիի ընտանիքին մէջ: Բանաստեղծի մանկութիւնը անցած է լեռնային Կերքէզ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Թիւրքմենիստան։

Տովլաթմամէտ Ազատին ունէր հարուստ գրադարան, ուր, բանաստեղծական նշանաւոր հատորներէ զատ, կային նաեւ անցեալի մեծ գիտնականներու երկերը՝ փիլիսոփայութեան, բժշկութեան, աստղագիտութեան եւ այլ գիտութիւններու վերաբերեալ: Ուստի, տղան գրագիտութիւնը կը սորվի իր հօր մօտ, որ անոր սէր կը ներարկէ դէպի գիրքը, գիտութիւնը: Պարապմունքներէն ազատ ժամերուն Մահթումկուլին իր հասակակիցներու հետ միասին կ՚արածեցնէր հօտը։

Տակաւին վաղ մանկութեան տարիներուն ան կը սկսի յօրինել երգեր՝ նմանակելով հօրը եւ անցեալի այն բանաստեղծներուն, որոնց ստեղծագործութիւնները իրեն համար կը կարդար հայրը: Կրթութիւնը ան կ՚աւարտէ Խիւայ՝ Շիրկազիի մէտրէսիի մէջ:

Նիւթական անկախութեան համար բանաստեղծը սորված է նաեւ արծաթագործութիւն: Թաղուած է Իրան՝ իր հօր կողքին:

Այսօր Թիւրքմենստանի մէջ իր անունով կը կոչուին մշակութային կեդրոններ, այդ կարգին՝ Թիւրքմենիստանի պետական համալսարանը:

ՎԱՐԴԱՏՕՆԸ՝ 110 ՏԱՐԵԿԱՆ

Սայաթ Նովայի արձանի տեղադրումը՝ միջինասիական երկրին մէջ, համընկաւ Սայաթ Նովային ձօնուած Վարդատօնին, որու 110-ամեակը լրացաւ այս տարի: Վարդատօնը ամէն տարի մայիսի վերջին կիրակի օրը կը նշուի Թիֆլիզ եւ ամբողջութեամբ կը նուիրուի աշուղական երգի առաջնորդ Սայաթ Նովային:

Զայն առաջին անգամ Թիֆլիզի մէջ տօնած են 1914 թուականին՝ հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի, գեղանկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ վրացի բանաստեղծ, գրականագէտ Իոսեպ Իրիշաշվիլիի նախաձեռնութեամբ։ Այդ օրերուն անոնք Թիֆլիզի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի կը հրաւիրեն կովկասցի 40 աշուղներ ու գուսաններ՝ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն կատարելու համար: Գուսանական երգի վարպետները, մօտենալով Սայաթ Նովայի շիրմին, ծնկաչոք կը յարգեն յիշատակը, վարդեր կը դնեն գերեզմանին շուրջ, իսկ Յովհաննէս Թումանեանի նախաձեռնութեամբ նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի նախագիծով կը պատրաստուի շիրմաքար ու մայիսեան վերջին կիրակին այդ ժամանակուընէ ի վեր կը հռչակուի որպէս Վարդատօն՝ նուիրուած Սայաթ Նովային:

Առաջին տարիէն իսկ Վարդատօնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ինչպէս Վրաստանի մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:

Այս տարի, 110-րդ անգամ ըլլալով, տօնի մասնակիցները վարդեր դրին Սայաթ Նովայի շիրմին, լսեցին անոր ստեղծագործութիւնները։ Եկեղեցւոյ մէջ այդ օրը աւանդաբար կը մատուցուի նաեւ Ս. Պատարագ: Սկսած 2005 թուականէն՝ «Սայաթ Նովա» մշակութային կեդրոնը Վարդատօնը կը նշէ նաեւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ դրուած աշուղի յուշարձանի մօտ ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին կը յիշուի Սայաթ Նովան՝ իր ապրած կեանքով, մեր եւ համաշխարհային մշակոյթի մէջ բերած անոր նպաստով: Արարողութիւնը կ՚աւարտուի աշուղական երգի վաստակաւոր խումբի եւ գեղարուեստական խումբերու համերգային ծրագրով։

Սայաթ Նովայի իսկական անունը Յարութիւն Սայադեան է: Սայաթ Նովա անունի քանի մը վարկած կայ, որոնցմէ ընդունուած է, պարսկերէնէ թարգմանաբար «երգի որսորդ» նշանակութիւնը:

Մեծ աշուղի կեանքը աւելի քան 150 տարի եղած է գրականագէտներու, լեզուաբաններու, պատմաբաններու եւ փիլիսոփաներու բանավէճերու առարկան։ Անոր կեանքի բազմաթիւ կարեւոր հանգամանքներ եւ մանրամասնութիւններ մինչեւ օրս ալ ամբողջութեամբ չեն ուսումնասիրուած։ Անոր մասին տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւրներէն մէկը իր գրած ստեղծագործութիւններն են:

Մասնագէտներ կը նկատեն, որ ամենայն հաւանականութեամբ Սայաթ Նովայի նախնիները Թիֆլիզ գացած են Կիլիկեան Հայաստանէն։ Իր ընտանիքը Թիֆլիզի քաղաքային արհեստաւորներու ընտանիք էր։ Անոր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած են Թիֆլիզի մէջ։ Սորված է գրել, կարդալ հայերէն, վրացերէն, գիտցած է նաեւ արաբերէն այբուբենը։ 12 տարեկանին զայն տուած են արհեստի, սորված է ջուլհակութիւն եւ կարճ ժամանակի մէջ այնքան հմտացած է, որ կտաւը շինելու եւ գործելու նոր հաստոց պատրաստած է:

Երգն ու երաժշտութիւնը զինք հմայած են դեռ մանուկ հասակէն։ Մինչեւ երեսուն տարեկան՝ Սայաթ Նովա կատարելագործուած է աշուղական արուեստին մէջ, սորված է եղանակներ եւ պարզ ու խառն չափեր, յօրինած է խաղեր՝ յարմարցնելով յատուկ մեղեդիներ եւ զանոնք կատարած է ժողովրդական հաւաքոյթներու ժամանակ։

Հաւանաբար, երկար տարիներ շրջած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եղած է Պարսկաստան, Հնդկաստան եւ Օսմանեան կայսրութեանը ենթակայ երկիրներ: Ուխտի գացած է հայ աշուղներու հովանաւոր Մշոյ Սուրբ Կարապետի վանքը՝ Տարօն, մինչեւ որ համընդհանուր ճանաչում ձեռք բերած եւ մկրտուած է Սայաթ Նովա:

1759 թուականի կէսերուն աւարտուած է Սայաթ Նովայի՝ իբրեւ բանաստեղծի ու երգահան-երաժիշտի կեանքը։

1759 թուականին Հերակլ Բ.-ի հարկադրանքով ան քահանայ ձեռնադրուած է Տէր Ստեփանոս անունով եւ շատ չանցած ղրկուած է Կասպից ծովու հարաւային ափին գտնուող Էնզելի նաւահանգիստը։ Հոս «ապաշխարած» եւ արտագրած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը։ Ստոյգ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ վերադարձած է հայրենիք։

1766 թուականին ապրած է Զաքաթալայէն Շամախի տանող առեւտրական ճանապարհի վրայ ինկած Կախի փոքրիկ աւանին մէջ, ուր արտագրած է մէկ ուրիշ ձեռագիր՝ Աստուածաշունչի հատուածներէ բաղկացած ժողովածոյ մը։

1768 թուականին մահացած է իր կինը՝ Մարմարը, ձգելով չորս անչափահաս զաւակ։ Յաջորդ տարուընէ Սայաթ Նովա՝ Տէր Ստեփանոս, փոխադրուած է վանք, ծառայած է Թիֆլիզի մէջ հաստատուած Հաղբատի միաբանութեան առաջնորդարանի մէջ, իսկ 1778 թուականին, երբ վերաշինուած է Հաղբատի վանքը, կարգուած է Սուրբ Նշան վանքի լուսարար։ Յետագային միաբանութեան հետ նորէն վերադարձած է Թիֆլիզ։

1795 թուականի սեպտեմբերին, Աղա Մահմէտ Խան Ղաջարի արշաւանքի օրերուն, զոհուած է եւ թաղուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակը։ Աւանդոյթի համաձայն, ստեղծագործական առաջին քայլերը ան սկսած է թրքերէնով, յետոյ աստիճանաբար անցած է հայերէնի ու վրացերէնի։

Սայաթ Նովայէն մեզի հասած է աւելի քան 230 խաղ, որոնք բաժնուած են քանի մը տետրակներու, մէկ մասը՝ իր սեփական ձեռքով գրուած եւ իր զաւակին՝ Օհանին կազմած ու արտագրած խաղերն են, միւս բաժինը կազմուած է զանազան ժողովածոներէ կամ մնացած է ժողովուրդին յիշողութեան մէջ եւ այդպէս աստիճանաբար գրի առնուած ու հրատարակուած են։

Սայաթ Նովան կոչումով աշուղ է, ժողովրդական երգիչ. իր խաղերուն մէջ ան ստանձնած է հնազանդ սիրահարի դերը եւ յանուն նուիրական ու անապակ սիրոյ՝ պատրաստ է տանիլ ամէն զրկանք։

Հայ եւ վրաց աշուղական բանաստեղծութեան մէջ մեծ յեղաշրջում կը վերագրուի Սայաթ Նովային, մասնաւորապէս՝ լեզուի առումով: Սայաթ Նովայով, ըստ էութեան, հայ եւ վրաց իրականութեան մէջ կը սկսի մայրենի լեզուով խաղը։ Սայաթ Նովան նաեւ առաջինն է, որ յօրինած ու երգած է վրացական խաղեր՝ օգտագործելով պարսկական բանաստեղծութեան ձեւերը. այս նորարարութեան համար հրաւիրուած է պալատ եւ կարգուած՝ Կախեթի վրաց թագաւոր Հերակլ Բ.-ի սազանդար։ Շուրջ տասը տարի բանաստեղծը շփուած է պալատական միջավայրի հետ՝ յաճախակի Թիֆլիզէն անցնելով Թելաւ։ Ան երգած, ուրախացուցած է մարդոց, փառաբանած արդարութիւնն ու ազնուութիւնը, դատապարտած կեղծիքն ու քծնանքը, ստորութիւնն ու նենգութիւնը, հասարակական ու բարոյական արատները՝ մշտապէս բարձր պահելով իր արժանապատուութիւնը։ Բայց Սայաթ Նովայի կեանքը խաղաղ չէ անցած. դաւեր նիւթուած են անոր դէմ, հեռացնել տուած պալատէն։

Այսօր ալ սայաթնովայագիտութիւնը նոր փաստեր եւ իրողութիւններ կը յայտնաբերէ մեծ աշուղի կեանքէն եւ ժամանակի քննութիւնը անցած անոր երգերը նոր երանգներ ու հնչողութիւն կը ստանան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024