ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ՝ ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, ի թիւս հայ գրողներու բազմաթիւ նամակներու, կը պահուին նաեւ Արշակ Չօպանեանի նամակները, որոնց մէկ մասը ան գրած է ուրիշներու, իսկ մէկ մասն ալ ստացած է նշանաւոր մարդոցմէ: Այդ նամակներու մէջ են նաեւ Մարտիրոս Սարեանի նամակները, որոնք հայ մեծ նկարիչը Երեւանէն կամ այլ տեղերէ գրած է հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանին: Մարտիրոս Սարեան Փարիզ գտնուելու ժամանակ (1926-1928) մօտ յարաբերութիւն ունեցած է Չօպանեանին հետ: Նկարիչը նաեւ այդ ժամանակ նկարած է Արշակ Չօպանեանը: Բայց, ինչպէս յայտնի է՝ Մարտիրոս Սարեանի փարիզեան շրջանի 37 նկար Փարիզէն տունդարձի ճանապարհին 1924 թուականին այրուած են Իսթանպուլի նաւահանգիստը՝ «Ֆրիժի» նաւին վրայ ծագած հրդեհի ժամանակ: Ատոնց մէջ էր նաեւ Արշակ Չօպանեանի դիմանկարը: Սակայն Սարեանի փարիզեան նկարներու գերակշռող մասը լուսանկարուած են Փարիզի մէջ, Սարեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումէն առաջ, եւ գոնէ լուսանկարներու շնորհիւ այդ նկարները յայտնի են հանրութեան: Սարեանի եւ Չօպանեանի նամակագրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Փարիզէն ղրկուած նկարներուն, որոնց այրուիլը Սարեանը ուշ գիտցած է: Այս նամակագրութիւնը հետաքրքրական է թէ՛ իբրեւ երկու մեծերու միջեւ զրոյց, թէ՛ ժամանակի անցուդարձը նկարագրող վաւերագրութիւն: Մարտիրոս Սարեան նամակներու մէջ երբեմն երբեմն գործածած է արեւմտահայերէն բառապաշար՝ որով ջանալով մտերմիկ շունչ տալ զրոյցին մարդու մը հետ, որ արեւմտահայերէն կը խօսի: Սարեանի նամակները՝ Արշակ Չօպանեանին, արեւմտահայերէնի վերածելով (չնչին յապաւումներով) կը ծանօթացնենք։

*

1924 թ., 10.07, Վենետիկ

Շատ յարգելի պ. Չօպանեան,

Շատ շնորհակալ եմ Ձեր տուած տեղեկութիւններու համար՝ Տէր-Մարուքեանի, Քիւրքճեանի գործերուն մասին: Ուրեմն Խաչատուր Աբովեանի արձանի հարցը պէտք է աւարտած նկատել: Քիւրքճեանի պատկերներու վերաբերեալ ես գրեցի Պերլին՝ Փիրումեանին, թէեւ պատասխան չեմ ստացած։ Այս օրերուն Երեւանի նկարիչներէն ստացայ նամակ մը, որուն մէջ անոնք կը գրեն, թէ կը սպասեն Փարիզէն նկարչական պիտոյքներու:

Դուք առաջին նամակին մէջ յայտնած էք, որ համաձայն իմ, Թամանեանի եւ Ախիկեանի դիմում-նամակին՝ սկսած էք հանգանակութիւն ընել այդ նպատակին համար։ Շատ լաւ կ՚ըլլար, եթէ շուտով հաւաքուած գումարով գնէիք ներկեր, վրձիններ եւ այլն եւ ուղարկէիք Երեւան, Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէի միջոցով։ Փարիզի ներկայացուցիչն է Կարիքեանը կամ Պերլինի ներկայացուցիչէն կարելի է իմանալ ինչ ձեւով ղրկել…

Ես այստեղ մտադրութիւն ունիմ մնալ մինչեւ այս ամսուն քսանը, յետոյ պիտի մեկնիմ Ֆլորանս եւ Հռոմ, այնտեղէն ալ՝ անմիջապէս Մոսկուա եւ Երեւան։

Շատ կը ցաւիմ, որ չյաջողեցայ գալ Փարիզ եւ տեսնուիլ Ձեզի հետ ու անձամբ պատմել, թէ ինչ եռուն շինարար գործ կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ այս օրերուն մասնակցիլը այդ շինարար կեանքին մեծ երջանկութիւն է։

Ընդունեցէք խորին յարգանքներս, Ձերդ՝ Մ. Սարեան: Նկարչական պիտոյքները ղրկեցէք Երեւան այս հասցէով՝ Երեւան, Լուսժողկոմատ, նկարչական դպրոց:

Ծանօթութիւն.- Խօսելով Խաչատուր Աբովեանի արձանի մասին, Մարտիրոս Սարեանը նկատի ունի այն, որ անուանի քանդակագործ Անդրէաս Տէր-Մարուքեան ժողովուրդի հանգանակած գումարներով Փարիզի մէջ քանդակած էր Խաչատուր Աբովեանի արձանը, որ այժմ դրուած է անոր տուն-թանգարանին առջեւ:

***

1926 թ., սեպտեմբեր 24, Փարիզ

Շատ սիրելի պ. Չօպանեան,

Այսօր ստացայ Մոսկուայէն նամակ, որով կը յայտնեն, թէ Նիւ Եորքէն նկարները շուտով պիտի ղրկեն Մոսկուա։

Շատ կը խնդրեմ Ձեզի, եթէ դժուարութիւն չպատճառէ, իմ վեց նկարներէն երեքը ուղարկեցէք այստեղ փոստով՝ հանելով պատուանդանի վրայէն։

Ես ռուսերէն կը գրեմ, թէ որ նկարները պէտք է տան Ձեզի եւ որոնք պէտք է ղրկուին Մոսկուա, այնտեղի ռուս ներկայացուցչին:

Նկարները ղրկել Բաշալեանի անունով եւ անոր հասցէով։ Նորէն Ձեզի կը ցանկամ բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն։

Խորին յարգանքներով՝ Մարտիրոս Սարեան

Յ.Գ.- Եթէ հնար ըլլայ՝ մէկ հատ պատկերահանդէսի պատկերագիրք ալ ուղարկեցէք ինձ։

***

1927 թ., 12.05, Փարիզ

Շատ սիրելի պ. Չօպանեան,

Քանի մը օր առաջ հանդիպեցայ Յ. Փուշմանին եւ անկէ գիտցայ, որ Դուք տակաւին շուտով մտադիր չէք Փարիզ վերադառնալու, դարձած էք իսկական ամերիկացի։

Փուշմանի ըսածով՝ Դուք Ամերիկայի մէջ աւելի երիտասարդացած էք ու Ձեր եռանդը կրկնապատկուած է։

Շատ ուրախ եմ, որ լաւ կը զգաք Դուք Ձեզ այդտեղ։

Ես կ՚ուզեմ դեռ մնալ Փարիզ, մինչեւ եկող գարունը։ Հարկաւոր է աւելի փարիզցի դառնալ, ինչ որ անհրաժեշտ կը գտնեմ նկարչի մը համար, քանի որ տեսնելու եւ սորվելու բան շատ կայ հոս: Կամաց-կամաց կ՚աշխատիմ, երբեմն բաւարար կ՚ըլլամ, շատ բաւարար, երբեմն տրամադրութիւնս կ՚իյնայ, բայց ընդհանուր առմամբ տրամադրութիւնս ռազմական է, քանի որ առողջութիւնս ալ առաջուայ վրայ լաւ է:

Երեք շաբաթէն գուցէ հոս մասնակցիմ խումբ մը ռուս նկարիչներու հետ քանի մը նկարներով:

«Անին» կ՚ուզէ պատկերահանդէս կազմակերպել աշնանը։

Այս օրերս Երեւանէն մեր կերպարուեստագէտներու ընկերակցութենէն նամակ ստացայ, որուն մէջ ինծի կը յայտնեն իրենց գործունէութեան մասին եւ ապագայ ընելիքներուն մասին։ Ատոնցմէ գլխաւորներն են՝ սեփական շէնք ունենալը եւ տարեկան մէկ տարեգիրք հրատարակելը՝ նուիրուած հայ արուեստի լուսաբանութեան հարցերուն:

Ի հարկէ, մեր հայ մտաւորականները միշտ գաղափարապաշտ եղած են, այդ մէկը իր լաւ եւ վատ կողմերը ունի, ինչպէս Դուք գիտէք։

Հիմա այդ երկու միտքերը իրականացնելու համար, ի հարկէ, միջոցներ չունին:

Իմ կարծիքով՝ շէնքին հարցը պէտք է մէկ կողմ ձգել, բայց հրատարակչութեան գործը գուցէ յաջողի, քանի, որ ընկերութիւնը փոքրիկ գումար մը ունի, ի հարկէ ոչ բաւարար, եթէ ատոր աւելացուի եօթը հարիւր, կամ հազար տոլար, այդ գործը կարելի է ապահովուած նկատել, քանի որ մենք այդ տեսակ գործերու համար սորված ենք ձրի աշխատիլ:

Այս բոլորը Ձեզ գրելուս նպատակը հետեւեալն է. գուցէ ի միջի այլոց այդտեղ լաւ մարդ մը գտնէք, որուն համար բաւականութիւն պատճառէ այդպէս փոքրիկ գումար մը տալ հայ արուեստի, կերպարուեստի ուսումնասիրութեան նուիրուած գործին, որ մեր մէջ տակաւին գոյութիւն չէ ունեցած: Այդ գործը կը կազմակերպուի մայր երկրին մէջ, ուր հող կայ եւ մէկ հրատարակութիւնը կ՚ապահովէ միւս տարիները։

Այս բոլորը, ինչ որ կը գրեմ Ձեզի, ոչ մէկ բանի կը պարտաւորեցնէ։ Եթէ

հնար ըլլայ, բան մը ըրէք։ Հայաստանի կերպարուեստագէտներու (նկարիչներու) ընկերութիւնը շատ-շատ շնորհակալ կ՚ըլլայ Ձեզի։

Ընդունեցէք յարգանքներս ու բարեւներս,

Ձերդ՝ Մ. Սարեան

***

1927 թ., 30.11, Փարիզ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Երէկ «Անի» ընկերութեան ժողովը կար։ Խաչատրեանը ինձմէ խնդրեց, որ Ձեզի ուղարկեմ «Journal de Debat»ը, ուր գրուած է յօդուած՝ «Անի»ի նկարահանդէսի մասին:

Այդ յօդուածը, Ձեզմէ խնդրեմ, ինծի վերադարձնէք օգտուելէն յետոյ: Ի միջի այլոց, եթէ ուզէք կարելի է օգտուիլ եւս ռուս թերթերու մէջ յօդուածներէ, որոնք զատ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն հայերուս համար, իբրեւ կարծիք ժողովուրդի մը, որուն հետ կապուած է մեր ներկայ գոյութիւնը, գուցէ եւ՝ ապագայ յառաջդիմութիւնը։ Երկու թերթերու հատուածները թարգմանուած կան Շիշմանեանին քով: Անոր հասցէն պատկերագիրքին մէջ կայ:

Առիթէն օգտուելով՝ կ՚ուզեմ Ձեզի յայտնել իմ առանձին շնորհակալութիւնս՝ Ձեր դասախօսութեան համար, որ թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ որակի տեսակէտէ սքանչելի էր։

Ձեր հրաշալի հայերէնը եւ հնչուն ձայնը աւելի նպաստեցին մեծ գրող

Ե. Օտեանի արժէքները դրսեւորելու։ Այդ վերին աստիճանի պարզ եւ գեղեցիկ դասախօսութիւնը երկար ժամանակ կը մնայ իմ յիշողութեանս մէջ։

Կարելի է միայն ցաւ յայտնել, որ Ձեր ցանած սերմերը հայրենի հողին վրայ չեն եւ այլասերումի ճանապարհով ընթացող գաղութներուն մէջ միայն անհատներ գուցէ պահեն իրենց սիրտին մէջ կենդանի շողերը Ձեր խօսքերուն:

Այսօր Արարատի ստորոտին հայ ժողովուրդը մերկ ժայռերու հետ կռուելով, արիւն, քրտինք թափելով նոր կեանք կը ստեղծէ, այնտեղ է հողը Ձեր ցանած սերմերուն համար։ Երբեք այդ մէկը չմոռնաք եւ օր առաջ երթալու էք այնտեղ՝ հիանալու եւ հիասթափուելու, բայց կենդանացած վերադառնալու այստեղ եւ Ձեր ոսկի խօսքերը եւ հնչուն ձայնը գուցէ քիչ մը կարողանան շարժել այստեղի քար սիրտերը:

Խորին յարգանքներով եւ բարեւներով՝

Ձերդ Մ. Սարեան

***

1927 թ., 7.12, Փարիզ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Չէք գրեր։ Մի՞թէ դեռ չէք լաւացած, այս գրութիւնս ստանալուն պէս, եթէ ժամանակ ունիք եւ լաւ էք, նշանակեցէք ինքներդ ժամանակ եւ եկէք ինձ մօտ, սկսինք նկարել։

Ձեր հրաւէրը՝ դերասան Ադամեանի դասախօսութեան առթիւ, ստացայ միւս օրը եւ ատոր համար չկարողացայ գալ։

Ես այստեղ պայմանաւորուեցայ ցուցասրահի մը հետ: Իմ նկարահանդէսս պիտի կայանայ փետրուար ամսու 4-18, 1928 թ.։

Այնպէս որ իմ այստեղ մնալս երեք ամսուայ հարց է։

Յարգանքներով՝ Ձերդ Մ. Սարեան

***

1927 թ., 30.12, Փարիզ

Շատ սիրելի պ. Չօպանեան,

Թոյլ տուէք ձեզի քանի մը տեղեկութիւններ տալ, որոնք մեծ չափով կը համապատասխանեն իրականին եւ կը թեթեւցնեն գրելու այն երկտողը, որ սիրալիրաբար Դուք յանձն առիք։

Ես ծնած եմ Ռուսաստանի հարաւը, Նոր Նախիջեւան։ Հայրիկիս հողագործ ըլլալուն պատճառով իմ մանկութիւնս անցուցած եմ բնութեան մէջ, ագարակը, շրջապատուած հայ գիւղերով, որոնք տակաւին պահած էին արեւելեան մթնոլորտը։ Իմ մանկական կեանքը, որ անցուցած եմ հայ եւ ուքրանական գիւղերու մէջ, բնութեան մէջ, մեծ չափով ազդած են իմ ապագայ աշխատանքներուս վրայ: 1900 թուականներէն սկսած երկար տարիներ եղած եմ Կովկաս, Անդրկովկաս, մասնաւորապէս Հայաստան։ Ճանապարհորդած եմ Տաճկաստան, Եգիպտոս, Պարսկաստան, մօտէն ուսումնասիրելու եւ ծանօթանալու թէ՛ արեւելեան կեանքին եւ թէ՛ բնութեան։

Նկարչական եւ ընդհանուր կրթութիւնս ստացած եմ Մոսկուա, ուր սկսած եմ առաջին անգամ մասնակցիլ նկարահանդէսներու, սկսած 1902 թուականէն։ 1905-1906 թուականներէն սկսած իմ աշխատանքներս կը սկսին գրաւել մեծ ուշադրութիւն գեղարուեստական շրջաններու մէջ եւ Մոսկուայի հասարակութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը սկսի հետեւիլ իմ գործերուս՝ յայտնելով թեր եւ դէմ կարծիքներ, իյնալով ծայրայեղութեան մէջ։

1910 թուականին, առաջին անգամ, իմ նկարներուս առջեւ բացուեցան Մոսկուայի յայտնի Թրեթյակովեան պատկերասրահին դռները, ինչ որ հետեւանքն էր այն մեծ յաջողութեան իմ նկարներուս բոլոր ճանապարհորդութենէն յետոյ, ցուցադրուած առաջնակարգ նկարահանդէսներու մէջ թէ՛ Մոսկուա, թէ՛ Փեթերսպուրկ:

Բազմաթիւ գնահատականներ գրուած են ռուս լաւագոյն քննադատներու կողմէ: Եւ ես ինքզինքս ճանչցուցած եմ իբրեւ ինքնուրոյն արեւելքցի կամ արեւելեան նկարիչ:

Ռուսաստանի յեղափոխական շրջանին, 1921 թուականին տեղափոխուելով Խորհրդային Հայաստան՝ Երեւան, կը շարունակեմ արուեստս եւ միեւնոյն ժամանակ կը մասնակցիմ նոր մայրաքաղաքի մշակութային հիմնարկութիւններու կազմակերպման, շարունակ պահպանելով մշտական կապ Մոսկուայի գեղարուեստական կեանքին հետ։

Աչքի առջեւ ունենալով իմ 25-ամեայ գործունէութիւնս թէ՛ արուեստի եւ թէ՛ հասարակական գործունէութեան ասպարէզներու մէջ՝ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚որոշէ ինծի տալ «Ժողովրդական նկարիչի» տիտղոսը եւ հնարաւորութիւն կու տայ մէկ տարի անցընել Ֆրանսա, Փարիզ, մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական մեծ արուեստին եւ միեւնոյն ժամանակ կազմակերպելու հոս իմ գործերուս նկարահանդէսը։

Մնամ խորին յարգանքներով եւ շնորհակալութիւններով՝ Ձեզ սիրող Մարտիրոս Սարեան

Յ.Գ.- Երեքշաբթի առաւօտ ութուկէսին կ՚ըլլամ Ձեր մօտ։

***

1928, 24.03

Մ. Սարեան, Երեւան, Ռուբէնի 55

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Երկու շաբաթէ ի վեր Երեւան եմ, ընտանիքս առողջ գտայ, երեխաներս՝ մեծցած։

Քաղաքը մեծ չափով փոխուած է, կարգ մը գեղեցիկ ոճով տուներ շինուած են, բայց եւ այնպէս, բնակարանային ճգնաժամը շատ մեծ է։

Հայաստանի մէջ մասնաւորապէս, ինչպէս եւ ամբողջ Անդրկովկասի մէջ, այս տարի չտեսնուած եւ չլսուած ձմեռ է, սարերու եւ ձորերու մէջ աներեւակայելի քանակութեամբ ձիւն եկած է, այնպէս որ հեղեղումներու վտանգ կայ, եթէ այդ ձիւնը առաջ սկսի հալիլ։ Գարնանացանքերը շատ կ՚ուշանան եւ կերի պակասութեան պատճառով եղջիւրաւոր անասունները կը սկսին կոտորուիլ։

Կառավարութեան կողմէ բոլոր միջոցներու կը ձեռնարկուին, ինչպէս, օրինակ, անասուններուն կեր մատակարարելն ու հեղեղներուն առաջքը առնելը։

Փարիզէն ղրկուած նկարներս տակաւին չեմ ստացած, բայց տեղեկութիւններ կան, որ արդէն հասած են Պաթում:

Երեւանի մէջ մտադրութիւն կայ մայիսի մէկին նկարահանդէս բանալ: Մոսկուայէն հրաւէր ունէի մասնակցելու մեծ նկարահանդէսի մը, բայց նկարներս չստանալու պատճառով հրաժարած եմ:

Կը սպասեմ գարնան, որպէսզի սկսիմ նկարել Երեւանի ծաղկազարդ գարունը:

Ի միջի այլոց Ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ. Հայաստանի Կարմիր խաչի գլխաւոր վարչութիւնը կը դիմէ վիզայի վերաբերեալ բժիշկ Ներսէս Յակոբեանի, իր կնոջ՝ Եւգինէի եւ երկու տարեկան երեխայի համար: Բժիշկը կը գործուղղուի Փարիզ՝ երկու տարիով ուսանելու համար։ Իմ կողմէ յատկապէս կը խնդրէի Ձեզի, որ Դուք ամէն կերպ աջակցէիք վերոյիշեալ անձնաւորութիւններու՝ վիզա ձեռք բերելու գործին, քանի որ երիտասարդ բժիշկը կու գայ արտասահման՝ կատարելագործուելու համար։

Ձեր յօդուածները իմ նկարահանդէսին մասին չունիմ, շատ կը ցանկայի, եթէ դժուար չէ՝ ուղարկեցէք ինծի։ Կը սպասեմ Ձեր նամակին: Ընդունեցէք սիրալիր բարեւներս,

Ձերդ՝ Մ. Սարեան

***

Երեւան, 25.08-1928թ.

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Շատ շնորհակալ եմ Ձեր սիրալիր նամակին, առանձնապէս շնորհակալ եմ Ձեզի, որ Դուք չէք մոռնար զիս:

Երէկ այցելած էի Հանրային գրադարան՝ գիտնալու Ձեր ո՛ր գիրքերէն եւ ի՛նչ քանակութեամբ կան գրադարանին մէջ։ Խոստացան քանի մը օրէն ամենաճշգրիտ տեղեկութիւնը տալ։

Երբ որ ստանամ այդ տեղեկութիւնը՝ անմիջապէս Ձեզի կը յայտնեմ փակ կամ բաց նամակով եւ Դուք տեղեակ կ՚ըլլաք Ձեր գիրքերու մասին։

Արդեօք Ձեր նամակին հետ Դուք ղրկա՞ծ էիք «Ապագայ»ի մէջ տպագրուած իմ մասին յօդուածներս, թէ՞ ոչ։

Ես տակաւին սուր կերպով չեմ զգացած իմ նկարներուս կորուստը, ինծի կը թուի, թէ անոնք ճանապարհին են եւ օր մը կը ստանամ երեւի:

Աւելի զգալի է այն հանգամանքը, որ նկարչական պիտոյքները պակաս են եւ կը սպասենք Փարիզէն։

…Ընդունեցէք իմ անկեղծ սիրոյ հետ եւ իմ անկեղծ բարեւներս:

Ձերդ՝ Մ. Սարեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024