ԼԵՌՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՄԵՂՐ ԵՒ ԱՆՏԱՌԻ ՀԱՏԱՊՏՈՒՂ

Ան­ցեալ շա­բաթ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ Բերդ քա­ղա­քին մէջ մաս­նա­կից ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի ա­ւան­դա­կան փա­ռա­տօ­նե­րէն մէ­կուն՝ Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նին:

Ա­մէն տա­րի՝ մեղ­րա­քա­մի այս շրջա­նին, որ Օ­գոս­տո­սին սո­վո­րա­բար կ՚ա­ւար­տի, եւ կ՚ամ­բա­րուի մեղ­րը, Բերդ քա­ղա­քին մէջ կը մեկ­նար­կէ այս ինք­նա­տիպ փա­ռա­տօ­նը, ո­րու ժա­մա­նակ կը փա­ռա­բա­նուի հայ­կա­կան ա­նա­րատ մեղ­րը եւ հա­յոց ան­տառ­նե­րու հա­տապ­տու­ղը:

Այս փա­ռա­տօ­նը չորս տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նի, բայց ար­դէն ճանչ­ցուած դար­ձած է հա­յաս­տա­նաբ­նակ­նե­րուն եւ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն քով, ին­չի ա­պա­ցոյցն այդ օ­րը Բերդ ու­ղե­ւո­րուուղ զբօ­սաշր­ջիկ­ներն են:

Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նը ըն­դու­նուած է ա­նուա­նել Հա­յաս­տա­նի տասնեակ փա­ռա­տօ­նե­րու մէջ ա­մե­նէն «քաղց­րը». այս­տեղ է, որ մաս­նա­կից­ներն ու հի­ւրե­րը կրնան ան­վերջ համ­տե­սել բնու­թեան այդ քաղցր ու անկրկ­նե­լի բա­րի­քը: Փա­ռա­տօ­նի ժա­մա­նակ մաս­նա­կից­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին մեղ­րի մա­սին ի­րենց հար­ցում­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ ուղ­ղել մե­ղուա­պահ­նե­րուն եւ մե­ղուա­բոյծ­նե­րուն:

Այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը իւ­րա­յա­տուկ էր, քա­նի որ հա­մըն­կնե­ցաւ Աս­տուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին, եւ փա­ռա­տօ­նին սկսե­լէն ա­ռաջ Տա­ւու­շի Թե­մի նո­րան­շա­նակ ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Ե­պիս­կո­պոս Գալս­տա­նեան Բեր­դի տա­րա­ծքաշր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ա­րամ Քա­հա­նայ Միր­զո­յեա­նի հետ Բեր­դի Սո­րա­նի կո­չուող այ­գիին մէջ խա­ղո­ղօրհ­նէք կա­տա­րեց. օրհ­նուած խա­ղո­ղը բաժ­նուե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րուն:

Չորս տա­րի ա­ռաջ, նա­խա­ձեռ­նե­լով այս փա­ռա­տօ­նին՝ «Տա­ւու­շի հո­գե­ւոր վե­րածնուն­դ» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Հայկ Չո­պա­նեան նպա­տակ ու­նէր ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րել Հա­յաս­տա­նի այս հե­ռա­ւոր շրջա­նին վրայ: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Հայկ Չո­պա­նեան ը­սաւ, որ մա­սամբ յա­ջո­ղած է իր նպա­տա­կին մէջ, սա­կայն քա­նի որ փա­ռա­տօ­նը ա­մե­նա­մեայ է, տա­րուէ տա­րի ա­ւե­լի շատ մաս­նակ­ցու­թիւն կ՚ակնկա­լուի, եւ փա­ռա­տօ­նը կը հարս­տա­նայ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով:

Փա­ռա­տօ­նի պա­տուոյ հիւ­րե­րէն էր Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղա­քէն հա­յազ­գի ձեռ­նար­կա­տէր, խո­հա­րար, Լիո­նի L'Alexandrin ճա­շա­րա­նի հիմ­նա­դիր եւ սե­փա­կա­նա­տէր Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան: Ան վեր­ջին տա­րին կարճ այ­ցե­րով կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րը, ուր կի­նե­րուն եւ փոքր ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րուն կը սո­րվեց­նէ՝ ինչ­պէ՛ս ի­րենց ու­տե­լի­քը, գիւ­ղա­կան մթեր­քը եւ ար­տադ­րան­քը հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի պա­հանջ­նե­րուն եւ զա­նոնք դիւ­րու­թեամբ հա­նել վա­ճառ­քի: Ինք, իբ­րեւ ու­տե­լի­քի մար­զին մէջ կա­յա­ցած ձեռ­նար­կա­տէր, յա­ջո­ղու­թեան հա­սած է ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին՝ ժա­մա­նա­կի ըն­թա­ցիքն կու­տա­կե­լով փորձ, գի­տե­լիք­ներ, եւ ա­հա­ւա­սիկ ո­րո­շած է այդ հմտու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցել իր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան մաս­նա­ւո­րա­պէս հիւ­թե­րու, տաք եւ պաղ ըմ­պե­լի­նե­րու, ա­նուշ­նե­րու, պա­հա­ծո­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խոր­հուրդ­ներ կու տայ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն: Մեր տուեալ­նե­րով, ար­դէն ա­նոր խոր­հուրդ­նե­րով եւ թեք­նի­կով պատ­րաս­տուած Լո­ռիի Ախ­թա­լա­յի շրջա­նի հիւ­թե­րը Ֆրան­սա ար­տա­հա­նե­լու ծրա­գիր կազ­մուած է: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան ը­սաւ, որ հայ­կա­կան պտու­ղը, բան­ջա­րե­ղէ­նը անկրկ­նե­լի են, բայց ա­նոն­ցով պատ­րաս­տուած պա­հա­ծո­նե­րուն մէջ կը պակ­սին հա­մեր, ո­րոնք կրնան հե­տաքրք­րել նաեւ օ­տար­նե­րը եւ ինք այդ հա­մե­րը ներդ­նե­լու ծրագ­րեր մշա­կած է գիւ­ղա­ցի­նե­րուն հա­մար:

Բեր­դի Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նին ֆրան­սա­հայ նշա­նա­ւոր խո­հա­րա­րը ներ­կա­նե­րուն առ­ջեւ հո­նէ, ազ­նուա­մո­րիէ, մո­շէ, դեղ­ձէ պատ­րաս­տեց ա­մա­ռնա­յին պաղ թէյ մը, ո­րու մէջ շա­քա­րի փո­խա­րէն մեղր ա­ւել­ցուց: Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան ը­սաւ, որ այս ըմ­պե­լի­քը նոյն հա­մով աշ­խար­հի ոչ մէկ երկ­րի մէջ հնա­րա­ւոր է ստա­նալ, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի հա­տապ­տուղ­նե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ան­տա­ռա­յին համ մը ու­նին:

Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան նաեւ ը­սաւ, որ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ գիւ­ղա­ցի­նե­րու հետ շա­րու­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ եւ ինք, 30 Օ­գոս­տո­սին Լիոն մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, օգ­նած է նաեւ 12 Սեպ­տեմ­բե­րին Օ­ձու­նի մէջ կա­յա­նա­լիք «Օ­ձու­նի գան­ձե­րը» խո­րագ­րով փա­ռա­տօ­նի ու­տես­տա­յին մա­սի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, որ­պէս­զի ան նոյն­պէս գրա­ւիչ ըլ­լայ մա­նա­ւանդ օ­տար մաս­նա­կից­նե­րու հա­մար: Այդ փա­ռա­տօ­նին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ ֆրան­սա­հայ խո­հա­րա­րի բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րով պատ­րաս­տուած հիւ­թեր եւ պա­հա­ծո­ներ:

Մինչ այդ՝ Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան վար­պե­տու­թեան մէկ այլ դա­սըն­թացք ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ ը­րաւ՝ ԼՕՖԹ ա­կում­բին մէջ:

Նա­խորդ տա­րի­նե­րու բո­լոր փա­ռա­տօ­նե­րուն մաս­նակ­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին դես­պան Ճոն Հե­ֆերն:

Տա­ւու­շի մար­զի Արծ­ուա­բերդ հա­մայն­քի բնա­կիչ, ե­րե­սուն­հինգ տա­րուան մե­ղուա­բոյծ Վո­լո­տիա Գրի­գո­րեան կ՚ը­սէ, որ Ճոն Հե­ֆերն միշտ իր­մէ ա­ռատ մեղր գնած է: Դես­պա­նը, փա­ռա­տօ­նի ա­ռա­ջին տա­րին, փոր­ձե­լով Վո­լո­տիա Գրի­գո­րեա­նի պատ­րաս­տած մեղ­րը, յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն նոյն­պէս մաս­նակ­ցած եւ շտա­պած է ա­մե­նէն մեծ քա­նա­կու­թիւ­նը գնել Վո­լո­տիա Գրի­գո­րեա­նէն: Որ­պէս փոր­ձա­ռու մե­ղուա­բոյծ, Վո­լո­տիա Գրի­գո­րեան խոր­հուրդ տուաւ գոց գոյ­նի մեղր գնել տա­րի­քով մե­ծա­հա­սակ­նե­րուն հա­մար, իսկ ե­րա­խա­նե­րուն տալ բաց գոյ­նի մեղր: Ան այդ մէ­կը բա­ցատ­րեց մեղ­րի խտու­թեամբ եւ բա­ղադ­րու­թեամբ. գոց գոյն մեղ­րը ա­ւե­լի խիտ եւ քաղցր է, օժտուած է ա­ւե­լի մեծ ու­ժա­կա­նու­թեամբ: Մեղուա­բոյ­ծը նաեւ ը­սաւ, որ այս տա­րի մեղ­րը ա­ռատ չէ, բնու­թիւ­նը բա­րեն­պաստ չէ գտնուած մե­ղուա­պահ­նե­րուն հա­մար, բայց ա­մէն պա­րա­գա­յի, վա­ճա­ռե­լու եւ ըն­տա­նե­կան պա­շար միշտ ալ կայ: Մե­ղուա­բոյ­ծը շատ ու­րախ է նման փա­ռա­տօ­նի գո­յու­թեամբ: Փա­ռա­տօ­նի ժա­մա­նակ է, որ ան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի ա­ւե­լի շատ մար­դու ներ­կա­յաց­նել իր եւ մե­ղու­նե­րու յա­մառ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ վաս­տկած գան­ձը: «Օ­րա­կան մէկ դգալ մեղ­րը կը պա­հէ շատ մը հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ», բժիշկ­նե­րու պէս բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն խոր­հուրդ կու տան փա­ռա­տօ­նին ներ­կայ մե­ղուա­բոյծ­նե­րը:

Նշենք, որ հայ­կա­կան մեղ­րը, տա­կա­ւին հին ժա­մա­նակ­նե­րէն, ոս­կիի գին ու­նե­ցած է: Նոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը փաս­տած են, որ մեր նախ­նի­նե­րը լրջօ­րէն զբա­ղած են մեղու­պա­հու­թեամբ, նոյ­նիսկ հնա­գոյն պե­ղա­ծո­նե­րու մէջ փե­թակ­ներ եւ մե­ղուա­գոր­ծա­կան ի­րեր գտնուած են: Հա­յաս­տա­նը, որ Մե­տաք­սի ճամ­բուն վրայ կը գտնուի, մեղ­րով յայտ­նի ե­ղած է, եւ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը բա­զում ապ­րանք­ներ փո­խա­նա­կած են մեղ­րի հետ: Նոյ­նիսկ զէն­քի հետ հին ա­տեն մեղր փո­խա­նա­կած են, այն­քան ար­ժէ­քա­ւոր ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի մեղ­րը:

Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նը նպա­տա­կադ­րած է նաեւ վե­րա­կանգ­նե­լու մեղ­րա­յին Հա­յաս­տա­նի եր­բեմ­նի համ­բա­ւը: Փա­ռա­տօ­նը ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ նա­խե­ւա­ռաջ տե­ղաբ­նակ­նե­րուն, ո­րոնք այդ օ­րը հա­մախմ­բուե­լու ա­ռիթ կ՚ու­նե­նան, ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լան հա­մեր­գա­յին ծրագ­րի, նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին տես­նե­լու, թէ ի՛նչ ար­տադ­րանք­ներ կան ի­րենց շրջա­նին մէջ: Մեղ­րէ եւ հա­տապ­տուղ­նե­րէ զատ այդ օ­րը կը վա­ճա­ռուին նաեւ ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ, մա­նուկ­նե­րու ձեռ­քի գոր­ծեր, ու­տե­լիք:

Այս փա­ռա­տօ­նի մեղ­րի բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տուն Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նուած «Սահ­մա­ն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն է, ո­րու նա­խա­գահ Ճորճ Տա­պա­կեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին ման­րա­մաս­ներ փո­խան­ցեց, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­ջակ­ցած է գիւ­ղա­ցի­նե­րուն՝ ի­րենց ար­տադ­րան­քը ա­ւե­լի յա­ռա­ջըն­թաց ու ժա­մա­նա­կա­կից դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: «Սահ­մա­ն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նուած է սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու մէջ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի գիւ­ղա­ցի­նե­րը, վտան­գի պա­րա­գա­յին, չլքեն ի­րենց հո­ղե­րը: Գու­մար­նե­րը ձեռք կը բերուին հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ, հիմ­նա­կա­նին Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան հա­մայք­նե­րէն:

Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը բա­կա­յին ջեր­մոց­ներ տրա­մադ­րած է մա­նա­ւանդ ա­մե­նէն սահ­մա­նա­մերձ եւ վտան­գա­ւոր նկա­տուող Բեր­քա­բեր գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք բան­ջա­րե­ղէն ա­ճեց­նեն, քա­նի որ ա­կա­նա­պա­տուած հո­ղե­րու եւ կրա­կոց­նե­րու պատ­ճա­ռով գիւ­ղա­ցի­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նին ամ­բող­ջու­թեամբ գոր­ծա­ծել ի­րենց միւս հո­ղե­րը: Ինչ­պէս տե­ղե­կա­ցուց Ճորճ Տա­պա­կեան, նաեւ փե­թակ­ներ տրա­մադ­րած են գիւ­ղա­ցի­նե­րուն, մէկ տա­րուան դա­սըն­թացք­ներ ի­րակ­նա­ցու­ցած են մե­ղուա­պահ­նե­րուն հետ, թէ ինչ­պէ՛ս ճիշդ խնա­մել մե­ղու­նե­րը, բու­ժել, մե­ղուա­քա­մը ճիշդ կա­տա­րել ե­ւայլն:

Իսկ ա­մե­նէն կա­րե­ւորն է, որ մե­ղուա­պա­հու­թիւ­նը այս շրջա­նին մէջ կը նկա­տուի հե­ռան­կա­րա­յին ճիւղ մը եւ շատ մար­դիկ ի­րենց ու­ժե­րը կը կեդ­րո­նաց­նեն այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը, որ շրջա­նը Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն ա­նա­րատ ու մա­քուր բնա­կան շրջան­նե­րէն մէկն է, եւ երկ­րորդ, քա­նի որ գիւ­ղա­ցի­նե­րը ար­դէն չեն կրնար զբա­ղիլ ի­րենց պա­պե­նա­կան գոր­ծով՝ ա­նաս­նա­պա­հու­թեամբ, քա­նի որ ա­նա­սուն­նե­րը չեն կրնար ա­րա­ծել հե­ռու դաշ­տե­րուն մէջ՝ ա­կա­նա­պա­տուած ըլ­լա­լու եւ կրա­կա­հեր­թե­րու պատ­ճա­ռաւ, եւ պատ­րաս­տա­կամ են այլ աշ­խա­տանք մը կա­տա­րե­լու, ին­չ որ կրնայ ըլ­լալ մե­ղուա­պա­հու­թիւ­նը: Մե­ղուի պա­րա­գա­յին այդ խնդի­րը չկայ: Թան­կար­ժէք նեկ­տա­րը հա­ւա­քե­լու հա­մար մե­ղուն կրնայ հա­րիւ­րա­ւոր քի­լօ­մեթ­րեր թռչիլ, նոյ­նիսկ սահ­մանն ալ անց­նիլ եւ ետ գալ: Ան սահ­ման չի ճանչ­նար եւ այդ ա­ռու­մով մե­ղուա­պա­հու­թիւ­նը այս պա­հուն շրջա­նին մէջ ա­մե­նէն ի­րա­տե­սա­կան գործն է: Ինչ­պէս մե­զի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ Հայկ Չո­պա­նեան, զար­գաց­ման պա­րա­գա­յին, թե­րեւս Բեր­դի ապ­րան­քա­նիշն ալ մեղ­րը դառ­նայ:

Սահ­մա­նա­մերձ այս՝ Տա­ւու­շի գիւ­ղա­ցիի կող­քին կե­ցած է նաեւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը՝ «Կա­նաչ Ա­րա­հե­տ» ըն­կե­րու­թիւ­նը: Ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Նու­նէ Սո­ղո­մո­նեան ը­սաւ, որ երբ ա­ռա­ջին տա­րին ի­րենց ըն­կե­րու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած է Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու փա­ռա­տօ­նին, տե­սած են, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ փա­ռա­տօ­նը նաեւ հա­տապ­տուղ­նե­րու է, բայց հա­տապ­տուղ գրե­թէ չէ ներ­կա­յա­ցուած: Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նած եւ Նոր­վե­կիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջո­ցաւ ազ­նուա­մո­րիի այ­գի­ներ տնկած է սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րուն մէջ, իբ­րեւ ա­ջակ­ցու­թիւն գիւ­ղա­ցի­նե­րուն:

Փա­ռա­տօ­նին գիւ­ղա­ցի­նե­րը բե­րած էին ինչ­պէս ի­րենց տնա­մերձ այ­գի­նե­րու մէջ ա­ճե­ցուած հա­տապ­տուղ­նե­րը, այն­պէս ալ՝ հե­ռա­ւոր սա­րե­րու եւ ան­տառ­նե­րու մէջ, վայ­րի եւ ա­զատ պայ­ման­նե­րու տակ բուս­ած հա­տապ­տուղ­ներ: Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հայ կի­նե­րուն գի­տե­լիք­ներ տուած է ժա­մա­նա­կա­կից ո­ճով ծրա­րա­ւո­րե­լու, հա­տապ­տուղ­նե­րէ հիւթ, չիր, շա­րոց, ա­նուշ պատ­րաս­տե­լու եւ վա­ճա­ռե­լու ձե­ւերն ու մի­ջոց­նե­րը:

Սահ­մա­նա­մերձ այս շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը թէ՛ մեղ­րը եւ թէ հա­տապ­տուղ­նե­րը կը ստա­նան, կը հա­ւա­քեն եւ կ­­՚ամ­բա­րեն սահ­մա­նա­յին մշտա­կան լա­րուա­ծու­թեան ներ­քոյ: Տա­ւու­շի գիւ­ղե­րը՝ Չի­նա­րի, Այ­գե­պար, Բեր­քա­բեր ե­ւայլն, յա­ճախ կ՚են­թար­կուին ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րու, բայց մար­դիկ, ինչ­պէս նշե­ցին մեր զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին, քսան տա­րիէ ա­ւե­լի վար­ժուած են այդ վի­ճա­կին եւ մտա­դիր չեն լքել ի­րենց գիւ­ղե­րը: Հո­ղը լքե­լը դա­ւա­ճա­նու­թիւն է, կ­­՚ը­սէին գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­ներ: Ա­նոնք ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րու տէ­րե­րը կը նկա­տեն ի­րենք զի­րենք եւ ա­մե­նօ­րեայ պայ­քար կը տա­նին՝ հողն ու գիւ­ղե­րը պա­հե­լու նպա­տա­կով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015