ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Այս տարին յոբելենական է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը կառոյցներու համար:
Լրացան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 150 եւ Էջմիածնի Մայր Տաճարի թանգարանի 155-ամեակները: Մինչ այդ՝ «Էջմիածին» հանդէսն ալ այս տարի բոլորած է իր 80-ամեակը, ինչպէս նաեւ այս տարի գահակալութեան 25-ամեակն է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:
Սեպտեմբերի 28-ը պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ 2024 թուականի Միւռոնօրհնութեան օր, որ կատարուեցաւ Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնին: Իսկ 150 տարի առաջ, կրկին սեպտեմբերի 28-ին, կրկին Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնի օրը հայ իրականութեան մէջ մէկ այլ իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ. 1874 թուականի այդ օրը բացուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, որ Հայաստանի մինչեւ՝ այժմ գործող ամենահին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է եւ միակ աստուածաբանական համալսարանը: Ճեմարանը հիմնադրած է Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսը:
Որպէս ժամանակի միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ այն նշանակալի տեղ զբաղեցուցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ առաւելապէս՝ հայկական մշակութային, գիտական, մինչեւ իսկ քաղաքական պատմութեան մէջ: Հակառակ որ հոգեւոր ճեմարան հիմնադրելու հարցը Հայաստանի մէջ վաղուց հասունցած էր, այնուամենայնիւ, այդ կարեւոր գործը իրականութիւն դարձաւ միայն 19-րդ դարու վերջին:
Վեհափառ Հայրապետը ճեմարանի առաջին տեսուչ կը նշանակէ հռչակաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբայրը՝ նշանաւոր հայագէտ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս Այվազովսքին, սակայն մինչ ան Էջմիածին կը ժամանէր, տեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար կը նշանակուի Սուքիաս Վարդապետ Պարզեան:
Այս կրթական հիմնարկին մէջ դասաւանդած են ժամանակի լաւագոյն մանկավարժներն ու մասնագէտները. ինչպէս՝ Մանուկ Աբեղեան, Հրաչեայ Աճառեան, Լէօ, Ստեփան Լիսիցեան, Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Յակոբ Մանանդեան, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Կարապետ Ծայրագոյն Վարդապետ Տէր-Մկրտչեան, Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեան, Երուանդ Տէր-Մինասեան եւ գիտութեան, մշակոյթի այլ անուանիներ: Միաժամանակ ճեմարանը աւարտածներէն շատեր նշանաւոր դարձած են. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Նիկողայոս Ադոնց, Ակսել Բակունց եւ շատ ուրիշներ:
19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկզբի հայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային կեանքը անհնար է պատկերացնել առանց Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի գործունէութեան: Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հիմնադիրներուն մեծ մասը եղած է նոյն այս ճեմարանի շրջանաւարտ: Խորհրդային իշխանութեան ճնշումներու ներքոյ շուրջ երեսուն տարի գոցուած ճեմարանը 1945 թուականին կրկին բացած է իր դռները՝ Մայր Աթոռ եկած երիտասարդ ճեմարանականներու առջեւ, հայութեան հոգեւոր կեանքին հոգեւոր վերազարթօնք տալու տեսլիքով:
Թէեւ յստակ է, որ Գէորգեան ճեմարանի գլխաւոր նպատակը հոգեւոր սպասաւորներու պատրաստումն է, սակայն հոգեւոր այս կրթօճախը երբեք սոսկ կրօնական ուսումնական հաստատութիւն չէ եղած: Ճեմարանական կրթութեան սկզբունքներէն մէկը ազատ ընտրութեան հնարաւորութիւնն է. այն ուսանողները, որոնք չեն փափաքիր շարունակել իրենց կեանքը որպէս հոգեւոր սպասաւորներ, ճեմարանը աւարտելէ յետոյ կը զօրակոչուին բանակ եւ յետագային կրնան իրենց ուսումը շարունակել հայագիտութեան, պատմաբանութեան, բանասիրութեան, արուեստի, աստուածաբանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ՝ այդ ասպարէզներէն ներս իրականացնելով ճեմարանականին յարիր նուիրեալ ծառայութիւն:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի շրջանաւարտներէն է նաեւ ներկայիս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը, որու ջանքերու եւ հայրական խնամքի շնորհիւ ճեմարանական կրթութեան մակարդակը այնքան բարձրացուած է, որ 2002 թուականին Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ճանչցուած է որպէս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, իսկ 2005 թուականին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, նկատի առնելով ուսումնական ծրագրերու հարստացումն ու թարմացումը, ճեմարանին տուած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան արտօնագիր: Յաջորդ տարի՝ 2006 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանին շնորհած է պաքալորէայի, իսկ 2007 թուականին՝ մագիստրոսութեան պետական կրթական չափորոշիչներուն համապատասխան կրթութիւն իրականացնելու հաւատարմագրեր:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին առընթեր կը գործեն նաեւ Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը եւ Քահանայից պատրաստման լսարանը (այլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներուն համար):
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ կրթութիւնը անվճար է եւ գիշերօթիկ:
Ուսման տեւողութիւնը վեց տարի է: Հոս կը դասաւանդեն Հայաստանի՝ այս ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները: Բարձր մակարդակով կրթութիւն ապահովելու համար մասնագէտներ կը հրաւիրուին նաեւ արտասահմանէն:
Մշակուած նոր ծրագիրներն ու փոփոխուած կանոնադրութիւնը այսօր հնարաւորութիւն կու տան աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած ուսանողներուն՝ աստուածաբանական եւ հայագիտական կրթութիւն ստանալու Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ: Օտարախօս ուսանողներուն համար կը ստեղծուին յատուկ պայմաններ: Յիշեալ բարեփոխումներու շնորհիւ սաները հնարաւորութիւն ունին ուսումը շարունակել նաեւ արտասահմանեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ՝ շարունակելով տակաւին 20-րդ դարասկիզբին դրուած աւանդութիւնը: Յառաջադէմ ուսանողները Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ կը ղրկուին մասնագիտական առաւել խոր կրթութիւն ստանալու՝ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու մէջ:
ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադրման 150-ամեակի առիթով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է նոր արծաթեայ յուշադրամ:
Յուշադրամը հատուած է Լեհաստանի դրամահատարանին մէջ, 925 յարգի արծաթով: Անկէ թողարկուած է 500 հատ, 1000 դրամ խորհրդանշական անուանական արժէքով: Յուշադրամի դիմերեսին Ճեմարանի պատկերանիշն է, հատուած մը՝ ճեմարանի ուխտերգէն («Մեծ տեսիլքի մենք զաւակներ»), Սուրբ Հոգին խորհրդանշող աղաւնի եւ խաչքարի վարդեակ։ Դարձերեսին Ճեմարանի շէնքն է եւ Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի դիմապատկերը:
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ՝ 155 ՏԱՐԵԿԱՆ
Կրկին Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի ջանքերով ճեմարանի բացումէն հինգ տարի յետոյ՝ 1869 թուականին, կառուցուեցաւ Էջմիածնի Մայր Տաճարի թանգարանը: Զայն կառուցուած է Ռուսաստանի հայ համայնքի միջոցներով։
Մայր Տաճարի թանգարան-աւանդատունը կը գտնուի տաճարի հարաւ-արեւելեան մասը։ Շինութիւնը կ՚երկարի Մայր Տաճարի Աւագ խորանի ողջ լայնութեամբ՝ հարաւային եւ արեւելեան կողմերով։
Մինչ այս թանգարանի կառուցումը՝ աւանդական սրբազան մասունքները կը պահուէին բեմի ետին գտնուող Մայր Տաճարի սրահներուն եւ արեւելեան պահոցներուն մէջ եւ այդ դասաւորուածութիւնը կը դժուարացնէր այդ իրերու ցուցադրութիւնը։ Թանգարանի կառուցումը հնարաւորութիւն տուած է նմոյշներու ցուցադրութեան համար նոր պահարաններ աւելցնել, տեղեր յատկացնել աւելի մեծ իրերու համար։ Թանգարանին մէջ կան բազմաթիւ մասնատուփեր։ Ժամանակին արհեստաւոր վարպետները նշխարները պահելու համար յատուկ մասնատուփեր պատրաստելու աւանդոյթ ունեցած են։ Մասնատուփերը երբեմն գործածուած են եկեղեցւոյ մէջ երկար ժամանակ պահուած մասունքը ամփոփելու համար, սկիզբը պատրաստուած են, յետոյ որոշուած, թէ ի՛նչ մասունք պիտի պահուի հոն:
Այսօր թանգարանին մէջ պահուող սրբազան գանձերէն են՝
Սուրբ Գեղարդը (որով խոցած են Քրիստոսը եւ որ կը պահուի արծաթեայ մասնատուփի մէջ),
Նոյեան տապանի մասունքը, որ ամփոփուած է 1698 թուականին պատրաստուած մասնատուփին մէջ,
Խոտակերաց Սուրբ Նշան մասնաց պահարանը՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչափայտի մասունքներով (914-929),
Աշոտ Երկաթի մասնատուփով խաչը, որուն մէջ կը պահուի Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը (զայն գոյութիւն ունեցող թափօրի խաչերէն ամենահինն է),
Անիի Յովհաննէս-Սմբատ արքայի լեռնային բիւրեղէ պատրաստուած խաչը,
Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն աջերը,
Անդրէասի, Սուրբ Գէորգի մասունքները, Ստեփանոս Լեհացիի, Վարդգէս Սուրենեանցի կտաւները, արուեստի այլ արժէքաւոր նմոյշներ:
Ցուցադրուող նմոյշները կը պատմեն նաեւ հայոց սփիւռքի մասին, քանի որ ատոնցմէ շատեր կը ներկայացնեն այն տարածաշրջանները, ուրկէ բերուած են։ Մայր Աթոռին նմոյշներ ընծայուած են աշխարհի զանազան թեմերէ, հայկական համայնքներէ, ընտանիքներէ ու անհատներէ։
Ցուցասրահներէն զատ թանգարանի այցելուներուն առջեւ կը բացուի ինքնատիպ տեսարան մը, որ կը գտնուի Տաճարի Աւագ խորանին տակ:
1958 թուականին Աւագ խորանի վերանորոգման նպատակով կատարուած աշխատանքներուն զուգընթաց, հնագիտական պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած են 301-303 թուականներուն Գրիգոր Լուսաւորչի հիմնած խորանին մնացորդները։ Ճարտարապետ Ալեքսանդր Սահինեանի ղեկավարած պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուեցաւ նաեւ հեթանոսական շրջանի կրակարան, որուն վրայ կառուցուած էր խորանը։ Ատկէ զատ յայտնաբերուեցաւ եւս մէկ խորան՝ սիւնաձեւ հիմքով, բեմով եւ խորանի հիմնաքարով, որ կառուցուած էր հինգերորդ դարուն՝ Վահան Մամիկոնեանին կողմէ:
Այժմ թանգարանին մէջ կը պահուին սրբազան մասունքներ եւ կրօնական արուեստի ուրոյն նմոյշներ։
Թանգարան-աւանդատան ցուցանմոյշներէն են հայրապետական ու վարդապետական գաւազանները, Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսի շուրջառը, Կոմիտաս Վարդապետի խոյրը, Չինաստանի հայ համայնքի կողմէ ասեղնագործուած մետաքսեայ շուրջառը, զոր կը կրեն միմիայն նորընտիր կաթողիկոսները իրենց անդրանիկ հայրապետական Ս. Պատարագի ժամանակ:
Թանգարանի նշանաւոր ցուցանմոյշներէն է Սուրբ Միւռոնի արծաթեայ կաթսան, որուն մէջ կը պահուի Սրբալոյս Միւռոնը՝ խորհրդանիշը Հայ Եկեղեցւոյ միասնութեան:
Այս թանգարանէն զատ, Մայր Աթոռի մէջ մէկ այլ թանգարան հիմնած է Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոս, որ այսօր կը կոչուի կաթողիկոսի անունով՝ Խրիմեան թանգարան:
Հին վեհարանի հարաւ-արեւմտեան հատուածը գտնուող շէնքը Խրիմեան թանգարան-պատկերասրահն է, որ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի կողմէ կառուցուած է 1896-1897 թուականներուն:
Այս թանգարանը Մայր Աթոռի ամենամշակութային հանգրուաններէն մէկը կը նկատուէր եւ այսօր նոյնպէս կը պահպանէ այդ բարի աւանդոյթը: 19-րդ դարու վերջերուն, երբ հայ ժողովուրդը օրհասական դրութեան մէջ էր, բացուեցաւ այս թանգարանը եւ զանազան կողմերէ շատ մեծ արագութեամբ հաւաքուեցան բազմաթիւ արժէքաւոր ցուցանմոյշներ: Ատոնցմէ շատեր յետոյ տարուեցան Պատմութեան թանգարան:
Խրիմեանի կառուցած թանգարանի շէնքը խորհրդային տարիներուն բռնագրաւուեցաւ, սակայն 1957 թուականին դարձեալ վերադարձուեցաւ եկեղեցիին, բայց այս անգամ արդէն զայն օգտագործուեցաւ որպէս հանդերձարան ու պահեստարան:
Յետագային Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսի երազանքը, եւ շէնքը հիմնովին վերանորոգուեցաւ ամերիկաբնակ ամուսիններ Սարգիս եւ Հռութ Պետեւեաններու բարերարութեամբ, որմէ ետք ալ թանգարանը ստացաւ հիմնադիր հայրապետին անունը:
Մայր Աթոռին մէջ կը գործեն նաեւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը, «Ռուբեն Սեւակ» թանգարանը:
2008 թուականին Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէնի պարտականութիւնները ստանձնած է Տ. Ասողիկ Քահանայ Կարապետեան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բոլոր թանգարանները բաց են այցելուներու առջեւ, իսկ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծումին ներկայ հարիւրաւոր մարդիկ առիթը գործածեցին, այցելեցին թանգարաններ, որոնք յատուկ շուք ստացած են այս պատմական իրադարձութիւններու առթիւ:
Իսկ շուտով ընթերցողի սեղանին կը դրուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ եւ Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած եռալեզու պատկերագիրքեր՝ հետեւեալ խորագրերով.
«Սուրբ Էջմիածին. քրիստոնէական աշխարհի առաջին Տաճարը»՝ նուիրուած Մայր Տաճարի վերաօծման եւ «Միւռոնաբաշխ Սուրբ Էջմիածին»՝ նուիրուած Միւռոնօրհնութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան