ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՐԳԵ՞ԼՔ
Գրեթէ բոլորս կը ճանչնանք յոռետես մէկը։ Ան միշտ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ սխալ ըլլալ եւ եթէ նոր գաղափար մը առաջարկէք, ան ձեզ կը յայտնէ հաւանական սարսափելի վիճակներու մասին։ Անոնք հազուադէպօրէն նոր գաղափարներ կ՚ունենան, բայց հաստատ գիտեն, որ ձեր առաջարկները ընդունելի չեն երբեք։ Ինչո՞ւ մարդիկ այսպէս կը վարուին։ Լաւատեսութիւնը չի՞ կրնար աւելի լաւ ըլլալ բոլորի համար։ Արդեօք իրենց բացասական կեցուածքը կրնա՞յ խոչընդոտել ձեր ստեղծագործականութիւնը։
Արդեօք տրամաբանակա՞ն է, եթէ ըսենք, որ բոլորը բարոյալքելու անոնց միտումը իրականութեան մէջ գոյատեւման հմտութիւն է, ինչ որ հնարաւորութիւն ընձեռեց մարդկութեան զարգացման։
«Outsmarting Your Instincts»ի հեղինակը Էտըմ Հանսեն կը պնդէ, որ մեր ծիները կը պատկանին վերապրածներուն եւ անոնք կեանքի մէջ յաճախ ռիսքերու չեն դիմեր եւ ապրած են իրենց պատմութիւնը պատմելու համար։ «Մենք ժառանգորդներն ենք անոնց, որոնք լաւ խուսափած են ռիսքէն», կ՚ըսէ Հանսեն։ Բացասականութեան այս ընտրութիւնը թէեւ տրամաբանական չէ, սակայն զգուշութեան միտում մըն է, որու մասին կը վկայեն «չափազանց հետաքրքրասիրութիւնը լաւ չէ», «ամենակարճ ճանապարհը գիտցածդ է»ի նման ժողովրդական արտայայտութիւնները։
Լաւ ուսումնասիրուած երեւոյթ մըն է բացասականութիւնը, որ իր ազդեցութիւնը ունի մեր կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներու վրայ: Թէեւ մենք չենք գիտակցիր, սակայն մեր առօրեային ազդող գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ կարելի է հանդիպիլ անոր։ Ըստ Հանսենի, չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ իւրաքանչիւրս մեր երեւակայածէն աւելի դէմ ենք ռիսքի դիմելու։ Ի հարկէ, բոլորս մշտապէս յոռետես չենք, այնպէս որ, կարելի է յաղթահարել բացասականութեան հակումը։
Կիրառական բանապաշտութեան կեդրոնի հիմնադիրներէն Ճուլիա Կալէֆ կը յայտնէ, թէ պէտք չէ ընդունինք որեւէ հարցի նկատմամբ մեր ուղեղի առաջին արձագանգը։ «Ձեր ուղեղը ծոյլ է։ Սա մի նկատէք անձնական, իմ ուղեղն ալ ծոյլ է: Բոլորի ուղեղը ծոյլ է։ Սա է մարդու ուղեղի կառուցուածքը», կ՚ըսէ ան։
Հանսեն իրադարձութիւններու մեր բացասական արձագանգները կը նկարագրէ՝ որպէս «գիտակից ծուլութիւն»: Շատ աւելի դիւրին է ըսել, որ բան մը սխալ է՝ քան մտածել, թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Աւելի օգտակար դիտարկում մը ընելը կը պահանջէ մտաւոր ջանք։
Էտըմ Հանսենի կարծիքով՝ լուծումը նոր սովորութիւններու վրայ աշխատիլն է։ Մեր բնազդը անմիջապէս կը փորձէ գտնել նոր գաղափարի մը սխալը, սակայն պէտք է փորձել գտնել այն, ինչ որ ձեզ դիւր կու գայ գաղափարի մէջ: Անշուշտ, հին սովորութիւնները դժուարութեամբ կը վերանան, բայց սա կարելի է: Հանսեն կ՚ըսէ.
«Իւրաքանչիւր գաղափար իրականութեան մէջ այլ գաղափարներու համադրումն է: Սա կը ներառէ այդ գաղափարի բոլոր կողմերը, անոր բոլոր փոքր մասերը: Այսպէս, նոյնիսկ եթէ այդ գաղափարը ամբողջովին սարսափելի ըլլայ, դեռ կարելի է անկէ ստանալ լաւ արդիւնք մը։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ի՞նչ օգուտ կարելի է քաղել անկէ։ Եւ քանի որ դուք անմիջապէս չէք մերժեր այդ մէկը, ինչպիսի՞ ներուժ կ՚ակնկալէք անկէ: Երբ կը սկսիս գաղափարները դիտարկել՝ որպէս շարժիչ ուժ, մեծ բաներ կը սկսին տեղի ունենալ:
«Որեւէ գաղափար կրնայ ունենալ բազմապատկման ուժ։ Ես պարզապէս հակուած եմ այս միտման, որպէսզի օգնէ ինծի՝ աւելի լաւ գաղափարներ ունենալու հարցով: Երբ սա ընէք, ձեր միտքը շատ աւելի լաւ ու արդիւնաւէտօրէն կը զբաղի իրական կեանքի խնդիրներով»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024