ՀԱՑԹՈՒԽ ՆԱԶԻԿ ՊԵՏՈՒՆՑԸ
Սիւնիքի սահմանամերձ մարզի մէջ պատերազմը աւարտած է 1994 թուականին: Կը թուի, թէ այլեւս հեռաւոր անցեալ են կրակոցները, հրետակոծութիւնները, սահմանային կռիւներն ու ամէն օր սահմանէն եւ խաղաղ բնակավայրերէն հասնող մահուան լուրերը: Սակայն Սիւնիք տանող ճանապարհը այսօր այլ բան կը յուշէ: Արցախա-ատրպէյճանական շփման գծի երկայնքին Ապրիլ ամսուան ընթացքին սրուած եւ այսօր տակաւին թէժ վիճակի մէջ գտնուող իրավիճակը լարում յառաջացուցած է նաեւ Հայաստանի նախկին սահմանամերձ նկատուած այս մարզի՝ Սիւնիքի մէջ: Սահմանին մօտ գտնուող գիւղերու մէջ, ձորերու եւ լեռներու պաշտպանական դիրքերու քով զինուորական ստորաբաժանումներ կեցած են, զինուժ կուտակուած է մարզին մէջ՝ ապահովական նկատառումներով, ամէն վայրկեան պատրաստ զարգացումներու:
Սիւնիքի մարզի բնակիչները նոյնպէս անտրամադիր են: Անոնք կը վերյիշեն մինչ հրադադարը ապրուած ծանր տարիները, երբ մարզը ուղղակի թիրախ էր հակառակորդի համար: Գորիս տանող ճանապարհին տագնապ կայ՝ օդի մէջ կախուած, անորսալի զգացում մը... Բայց մարդիկ իրենց առօրեայ կեանքը կը շարունակեն, թէկուզ եւ՝ տագնապը սիրտերու մէջ, եւ Երեւանէն գացողէն լուրերու կը սպասեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս զարգացումներուն վերջը: Իսկ Երեւանէն գացողն ալ կ՚ուզէ իրենցմէ՝ սահմանին մօտ մարդոցմէ լսել յուսադրող, իրական լուր մը: Երկուստեք, ոչինչ գիտցած ըլլալով, խաղաղութիւն կը մաղթեն սահմանը հսկող զինուորներուն եւ բոլոր այն գիւղերուն եւ քաղաքներուն, որոնք վտանգուած են այս օրերուն:
Գորիսի շրջանի գրեթէ բոլոր գիւղերը արցախեան պատերազմի տարիներուն մեծապէս վնասներ կրած են: Մենք կը ճանապարհուինք այդ գիւղերէն մէկը՝ Վերիշէն, որ կը գտնուի Վարարակն գետի վերին հոսանքին կից եւ հիւսիսային շարունակութիւնն է Գորիս քաղաքի: Գիւղը 9-18-րդ դարերուն կը յիշատակուի Գորայք, Յերիշէն, Հին Գորիս անուանումներով: Վերիշէնը Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն մին է։ Գիւղի տարածքին եւ շրջակայքը կան ժայռափոր բնակարաններ, դամբարանադաշտեր, 16-17-րդ դարերուն թուագրուող գերեզմանոցներ, այլ գիւղատեղիներ, արձանագրուած ժայռաբեկոր մը՝ 1294 թուականին վերակառուցուած ջրանցքի մը մասին։ Վերիշէն գիւղի մէջ նաեւ կան եկեղեցիներ՝ Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Նորակնունք: Մանաւանդ նշանաւոր է 4-5-րդ դարերուն թուագրուող Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, որ Հայաստանի միանաւ յուշարձաններէն չափերով ամենէն խոշորն է: Ըստ դրան ճակատաքալ քարի արձանագրութեան, ան հիմնովին վերակառուցուած է 162 թուականին: Միւս եկեղեցին՝ 19-րդ դարուն թուագրուող Ս. Նորավանքը 1994 թուականին գանատահայերու հովանաւորութեամբ վերանորոգուած է եւ այժմ ալ կը գործէ: Կը մտնենք եկեղեցի, ուր մարդ չկայ, անձրեւոտ օր մըն է, եկեղեցի տանող ճանապարհն ալ ցեխոտ է, բայց այդ չէ պատճառը, որ Շաբաթ առտու պարապ է եկեղեցին: Պարզապէս գիւղացիները սովորութիւն չունին եկեղեցի այցելելու, եւ հիմնականը գիւղ այցելող հիւրերն են, որ կը մտնեն՝ աղօթք կ՚ընեն, կ՚առընչուին հնագոյն քարի խորհուրդին, մոմ կը վառեն... Հնաբոյր պատերէն մէկուն վրայ մոմ վառելով՝ դուրս կ՚ելլենք:
Մենք Վերիշէն եկած ենք այցելելու համար բարեկամի մը, զոր տարիներով չենք տեսած, եւ ահաւասիկ, գարնան օրերն ու զարթնող բնութիւնը առիթ է՝ այց մը կատարելու վաղեմի բարեկամին, որ գիւղի հնաբնակ ընտանիքներէն մէկուն անդամներէն է եւ չի լքեր գիւղը ոչ մէկ պարագայի:
Գիւղի նեղլիկ ու անբարեկարգ փողոցներով անցնելու ատեն յանկարծ կը նկատենք տունի մը քով մարդոց հոծ բազմութիւն: Մենք ալ, շեղելով մեր ճանապարհէն, հետաքրքրութեամբ կը մօտենանք այդ տունին եւ արդէն տան մուտքին, առանց հաւաքուածներուն հարցուփորձ ընելու, թէ ինչո՞ւ հաւաքուած են՝ ամէն ինչ պարզ կը դառնայ... Գիւղական լաւաշի անուշ ու զգլխիչ բոյրը արդէն կը յուշէ, որ տունէն ներս հաց կը թխուի, եւ հաւաքուածներն ալ գիւղական թոնրի՝ հողի մէջ փորուած վառարանի մէջ թխուած լաւաշ ու բոքոն գնելու համար հաւաքուած են: Կ՚ըսեն, որ ներսը՝ թոնրատունը գիւղի միակ պահպանուած թոնրատունն է, ուր կը թխուի շրջանի ամենէն համով լաւաշը: Երբ այցելուները լաւաշ գնելէ ետք կը հեռանան, մենք ալ կը մտնենք թոնրատուն: Հայկական աւանդական թոնրատուն է՝ կիսամութ, ծուխէն սեւցած պատերով, հնադարեան թոնիրով, որ այս ընտանիքը ժառանգած է իր մեծ մայրերէն եւ այդպէս ալ ձգած է, առանց քար մը փոխելու կամ աւելցնելու: Կը թուի, թէ քաղաքակրթութեան շունչը մուտք չէ գործած այս թոնրատունը՝ ամէն ինչ այնքան նախնական ու հին է: Սակայն մէկ վայրկեան ետք լաւաշի «տապալող» հոտը մոռցնել կու տայ քաղաքակրթութեան բոլոր նուաճումները եւ կը հասկնաս, որ երկու մեթրանոց այդ տարածքի մէջ է իրական ու անխառն աշխարհը՝ իր ծուխ ու հոտով, իր հնադարեան գոյներով ու իրերով, չապականուած, մաքուր ու ազնիւ:
Թոնրատան մեջտեղը դրուած է ընտանիքի՝ Պետունցներու նախապապերէն ժառանգուած փայտեայ տաշտը, որու մէջ կը հունցուի լաւաշի խմորը: Տաշտը պատրաստուած է մէկ կտոր փայտէ, առանց գամերու կամ այլ միացութիւններու: Տանտէրերը կ՚ըսեն, որ լաւ խմորի եւ լաւ հացի գաղտնիքը կը սկսի այդ տաշտէն, որ իր բնափայտի շնորհիւ չի ձգեր, որ խմորը այլեւայլ ներգործումներու ենթարկուի:
Ալիւրը հին, ձեռակերտ մաղով կը մաղուի տաշտի մէջ, այնուհետեւ ալիւրի մէջ կը դրուի թթխմորը, որ կը պատրաստուի վերջին անգամ թխուած հացի խմորէն: Սովորաբար նախորդ թխումէն մէկ գունդ կը պահեն՝ յաջորդ խմորին խառնելու համար: Թթխմոր, ցորենի ալիւր, աղ, գաղջ ջուր... Ոչ մէկ առանձնայատուկ գաղտնիք ունի հայկական լաւաշի բաղադրատոմսը, սակայն ան միշտ գաղտնիք կը մնայ օտարներու համար՝ իր հրաշալի համի, բոյրի, տեսքի եւ երկար պահպանման շնորհիւ՝ լաւաշը կարելի է թարմ վիճակէն ետք չորցնել, պահպանել մինչեւ մէկ տարի: Ճիշդ եղանակով պատրաստուած լաւաշը կը նկատուի աշխարհի ամենէն երկարակեաց հացը: Չոր լաւաշի վրայ ջուր կը սրսկեն, ան կրկին իր թարմ տեսքին կը վերադառնայ:
Փայտէ տաշտակի մէջ հունցուած խմորէն հացթուխի օգնականները գունդեր կը պատրաստեն՝ միանման ու կոկիկ, որոնք կը շարուին ձեռագործ խսիրի վրայ: Խսիրը կամ փսիաթը բուսական կարպետ է եւ նոյնպէս լաւաշի թխման արարողութեան մասերէն մին է, ամբողջ հացախթման ժամանակ անոր վրայ կը հանգչին գունդերը:
Պետունցներու տան մէջ պահպանուած են ալիւր մաղելու, խմոր հունցելու, գունդելու, գրտնակելու եւ թխելու բոլոր աւանդական ու հնագոյն ձեւերը, ինչ որ անպայման իր ազդեցութիւնը կը ձգէ լաւաշի համին ու որակին վրայ:
Խմորի պատրաստումը սովորաբար կը սկսի հաց թխելու նախորդ երեկոյեան: Տան տղամարդիկ նոյնպէս իրենց պարտականութիւնը ունին այս սուրբ գործին մէջ՝ անոնք փայտ ու ցախ կը բերեն, կը վառեն ու կը պատրաստեն թոնիրը: Այդպէս եղած է հինէն, այդպէս է նաեւ այսօր բոլոր այն վայրերու մէջ, ուր պահպանուած է թոնիրի մէջ լաւաշ թխելու աւանդական եղանակը: Պետունցները Վերիշէն գիւղին մէջ այդ աւանդոյթը պահպանած միակ ընտանիքն են. անոնց կանայք, ինչպէս մեզ կը յայտնեն կրակատան մէջ, աւանդաբար հացթուխներ եղած են...
Մենք խմոր հունցելու պահուն ներկայ չէինք, սակայն տեսանք հողագոյն խսիրի վրայ շարուած գունդերը, որոնց մասին գիտակ հացթուխները կ՚ըսեն, որ պէտք է մաքուր տեղ պահուի, եւս մէկ մաքուր խսիրով ծածկուի եւ ամբողջ հացաթխման ընթացքին գունդերուն պէտք չէ դպչիլ, որպէսզի, ինչպէս հացթուխը կ՚ըսէ՝ «հացը չնեղուի, չխռովի»:
Լաւաշի հետ կապուած այլ աւանդապատումներ եւս պատմեցին թոնրատան մէջ: Ան, որ հին ժամանակ իրենց նախամայրերը մարդու վրայ եղած չար աչքը խմորով վերացուցած են: Եթէ մարդու վրայ չար աչք կայ, ապա ան պէտք է այցելէր հացատուն մը, հացթուխը պէտք է կտոր մը խմոր պոկէր գունդէն, մօտեցնէր այդ մարդուն եւ նետէր թոնիրը: Եթէ խմորը ճաթէր, ապա չարութիւնը կ՚երթար, եթէ չճաթէր, ուրեմն աչքը զօրաւոր է, եւ զայն կրող մարդը պէտք է նորէն այցելէր հացթուխին:
Պետունցներու ընտանիքի մէջ նոյնպէս կը հաւատան աւանդապատումներուն, կապուած խմորի, կրակի եւ լաւաշին առընչուող այլ իրերու հետ: Պատահական չէ, որ հայկական երեւակայական շարժանկարի մը մէջ («Կախարդական լաւաշ»ը), հերոսը իր հետ օտար երկիր մեկնելու ատեն լաւաշ կը տանի եւ լաւաշով կը բուժէ կոյր մարդը, եւ ան կը վերագտնէ իր տեսողութիւնը:
Վերիշէն գիւղի հացթուխները մեզի կը յայտնեն, որ հին ժամանակ հայերը լաւաշի խմորով որոշած են ապագայ երախայի սեռը. յղի կինը խմորը նետած է թոնիրի մէջ եւ սպասած, թէ ի՛նչ տեսք կը ստանայ եւ ստացուած տեսքով որոշած են՝ աղջի՞կ, թէ տղայ պիտի ծնի:
Կան այլ աւանդապատումներ, որոնցմէ մին հայ զօրավարի գօտիի մէջ լաւաշ պահելու մասին է: Զօրավարը ամէն օր մէկ կտոր կերած եւ յաղթած է թշնամիին: Այսօր ալ, ժամանակակից հայկական հարսանիքի ժամանակ նորապսակ փեսայի ուսին լաւաշ կը դնեն՝ իբրեւ բերրիութեան, հացով լի ըլլալու նշան: Հայաստանի խորհրդանիշներէն մին՝ լաւաշը պաշտօնապէս ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: Լաւաշի մասին նաեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ գրուած են:
Հին Հայաստանի մէջ պաշտամունքի առարկայ եղած է նաեւ թոնիրը: Թոնիրը անուանած են Աստուծոյ տաճար կամ եկեղեցի, թոնիրով երդուած են կամ անիծած: Նորապսակները եկեղեցիի մէջ պսակադրուելէ յետոյ քանի մը անգամ կը դառնային թոնիրի շուրջ, իսկ ահա Վանի մէջ հարսանիքը կը կատարուէր թոնիրի շուրջ: Հին ժամանակ, երբ երկարատեւ ու անդադար անձրեւ կը տեղար, թոնիրի պռունկին դրուած խաչաձեւ երկար ձողը՝ խաչերկաթը, կը տանէին եւ կը նետէին դրան շեմի վրայ ու անձրեւը կը դադրէր:
Պետունցներու թոնիրը պատրաստուած է նոյնպէս աւանդական եղանակով: Ան կաւէ է, կրակը բորբոքելու նպատակով ներքեւի մասէն, թեքութեամբ դէպի գետնի մակերես սարքուած է կաւէ օդամուղը՝ թոնիրի ակը:
Մենք լաւաշ վայելելէ եւ լաւաշի մասին աւանդական պատմութիւնները լսելէ ետք արդէն կը պատրաստուէինք հրաժեշտ տալ Պետունցներուն, եթէ թոնրատան աշխատողներէն մէկը չըսէր, որ այդքան համով լաւաշ թխող երիտասարդ հացթուխը՝ Նազիկը, ընդամէնը երեսուն տարեկան է, գետնափոր թոնիրի մէջ լաւաշ թխող գիւղի հացթուխը, եւ որու համբաւը նաեւ այլ երկիրներ հասած է:
Հացթուխի հանդերձի մէջ մենք չնկատեցինք Նազիկի տարիքը, մանաւանդ, որ գլխուն նաեւ գլխարկ դրած էր, սակայն անոր ժպտուն աչքերը մատնեցին, որ երիտասարդ աղջիկ մըն է ան: Նազիկ Պետունց հաց թխել սկսած է տասնութ տարեկանին: Զարմանալի է, թէ ինչ բան դրդած է երիտասարդը, դպրոցը նոր աւարտած աղջնակը՝ նստիլ թոնիրի շուրջ եւ լաւաշ թխել: Նազիկը պատմեց, որ շատ փոքր եղած է, երբ իր մեծմայրն ու հօրաքոյրը նշանաւոր հացթուխներ եղած են, եւ ինք միշտ ընկերակցած է անոնց ու դիտած լաւաշ թխելու աշխատանքը, ինչ որ հմայած է երիտասարդուհին: Ան տասնութ տարեկանին արդէն տիրապետած է ծանր թափին, որ ծղօտէ ու խսիրէ պատրաստուած երկար ու հաւկթաձեւ յարմարանք է, որու վրայ կը քաշուի խմորը ու որու միջոցաւ ան կը փակցուի թոնիրի պատերուն: Այնուհետեւ սորված է նաեւ միւս գործողութիւնները: Դիւրին չէ աչք այրող կրակի եւ ծուխի շուրջ ժամեր շարունակ նստիլ, ծռիլ դէպի կրակէ վառարանը, խմորէ թերթերը փակցնել պատերուն եւ սպասել, մինչեւ թխուի եւ զգուշութեամբ հանել, առանց վնասելու լաւաշը: Ամբողջ տարիները նուիրելով հաց թխելու՝ Նազիկ չէ ամուսնացած, կ՚ըսէ, որ այս պահուն տակաւին իրեն համար առաջնայինը գործն է, լաւաշ պատրաստելը: Եղած են շատ փեսացուներ, նոյնիսկ՝ արտասահմանէն, սակայն Նազիկ Պետունց ընտրած է իր սիրելի աշխատանքը, տաք թոնիրի պռունկին հաց արարելու արուեստը:
Ըսաւ, որ վերջերս վերադարձած է Ռուսաստանի Սամարա քաղաքէն, ուր իր հօրեղբօր ընտանիքը կը բնակի: Ընտանիքը որոշած է ռուսական այդ քաղաքի մէջ հայկական աւանդական լաւաշ թխել, թոնիր պատրաստած են եւ Նազիկը հրաւիրած են՝ հացթուխներուն սորվեցնելու լաւաշի գաղտնիքները: Երկու ամիս աշխատած է, գործը կարգի դրած է, եւ հակառակ յորդորներուն՝ մնալ ու աւելի լաւ պայմաններու մէջ աշխատիլ, ան կրկին վերադարձած է հայրենի գիւղ, ուր ամէն առտու լաւաշի բոյրը կը տարածուի թոնրատունէն դուրս: Նազիկ նաեւ բոքոններ կը թխէ, սակայն կը նախընտրէ լաւաշը, որ աւելի շատ մարդոց բաժին կը հասնէ եւ կ՚ըսէ, որ մէկ պարկ ցորենի ալիւրէն եօթ հարիւրէ աւելի լաւաշ կը թխուի:
Նազիկ նաեւ կը յիշեցնէ, որ իբրեւ հացթուխ պարտաւոր է շատ կանուխ արթննալ, երեկոյեան վառուած թոնիրի մէջ կրակը առաւօտեան արդէն հանգչած կ՚ըլլայ եւ պէտք է հասցնել վառ պահել թոնիրը, որպէսզի չհանգի: Իր գործընկերները կ՚ըսէն. «Նազիկին այսպէս մէկ աչքով մի նայիք, ան ոչ միայն գիւղի միակ ու ամենէն լաւ հացթուխն է, այլ նաեւ՝ գիւղի գեղեցիկ աղջիկներու մէջ է, որ աշխոյժ կը մասնակցի երիտասարդական կեանքին, կը ճամբորդէ, կը վայելէ ընկերական կեանքը»:
Նազիկ կը ժպտայ եւ մեզի կրկին լաւաշ կը հիւրասիրէ. կարմրաթուշ լաւաշը շատ կը նմանի Նազիկի կարմիր այտերուն:
Հրաժեշտ կու տանք հացթուխին եւ անոր օգնականներուն՝ նորէն թոնրատուն վերադառնալու ակնկալիքով եւ կը մտորենք, որ մեր հայկական փառաբանուած լաւաշը, իրաւ, աշխարհի ամենէն համով հացն է: Շատ վայրերու մէջ, զանազան եղանակներով այսօր կը թխուի լաւաշ, բայց կաւէ թոնիրի մէջ, ցորենի ալիւրով, անտառի փայտի վրայ գիւղացի պարզ ու սրտաբաց կնոջ թխած լաւաշը ուղղակի անփոխարինելի է:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ