Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԱՄ ՏԻԳՐԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Յայտնի հայ երաժիշտ Արամ Տիգրան իր անունը կրող արուեստի փառատօնով մը չորրորդ անգամ պիտի ոգեկոչուի Տիարպաքըրի մէջ։
Ինչպէս յայտնի է, Արամ Տիգրանի ընտանիքը 1915-ին Տիարպաքըրէն բռնի տեղահանուած էր Սուրիոյ Քամըշլի բնակավայրը։ Հայերէն, քրդերէն, արաբերէն, ասորերէն եւ յունարէն երգերով յայտնի Արամ Տիգրանի անունով մկրտուած է այժմ Տիարպաքըրի քաղաքապետութեան ներքեւ գործող երաժշտանոցը։ Թատերական եւ շարժանկարի ցուցադրութիւններ ալ տեղի պիտի ունենան համերգներու առընթեր. փառատօնի պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ երաժիշտ Միքայէլ Ասլան։ Այս շրջագծով Ուրբաթ իրիկուն համերգ մըն ալ պիտի սարքուի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015