ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Փիլիսոփայութիւնը կը կողմնորոշէ մարդու աշխարհայեացքը եւ իւրաքանչիւր տնտեսական ու ընկերային համակարգ հիմնուած է անոր վրայ։ Փիլիսոփայութիւնը մարդկային գաղափարներու արտադրանքներէն մին է։ Փիլիսոփայութիւնը կը զարգանայ իմաստութեամբ։ Արդարեւ, իմաստասիրութիւնն ու կրթութիւնը պէտք է փոխկապակցուած ըլլան, քանի որ իմաստուն միտքը կը թրծուի կրթութեամբ, որուն սահմանումը կը տարբերի ո՛ր փիլիսոփայութեան վրայ հիմնուած ըլլալուն համեմատ։ Փիլիսոփայութեան եւ կրթութեան հասարակաց կէտն է մարդը։ Փիլիսոփայական շարժումները մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենան կրթութեան, որուն համակարգ մը ստեղծելու ժամանակ փիլիսոփայութիւնը կ՚օգտագործուի՝ նպատակները որոշելու համար։
Մարդը միշտ կրթութեան կարիքը զգացած է։ Հետեւաբար, կրթութեան զանազան ձեւեր յառաջացած են ժամանակի պայմաններուն համապատասխան։ Այնքան որ, կրթութեան այդ ձեւերը նպատակ ունէին անհատը դաստիարակել երբեմն որպէս քաղաքացի՝ կախեալ իշխանութենէ եւ երբեմն՝ որպէս ազատ մարդ, որ դէմ է իշխանութեան։ Կրթական մոտելները ուսումնասիրելով կարելի է յստակ տեսնել այդ փոփոխականութիւնը։
Մարդը արտադրող է: Այնուամենայնիւ, որպէսզի այս արտադրողական ուժը յաջող արդիւնք տայ, պէտք է մշակուի եւ ձեւաւորուի կրթութեան միջոցաւ։ Կրթութիւնը նախ կը յայտնաբերէ մարդու ստեղծագործական ընդունակութիւնները, այնուհետեւ կը նպաստէ անոնց զարգացման։ Ահաւասիկ, սա մարդոց եւ անասուններու միջեւ ամենակարեւոր տարբերութիւնն է։ Անասունները ի ծնէ կ՚ունենան այդ ունակութիւնները օգտագործելու հնարաւորութիւնները, մինչդեռ մարդկային կարողութիւնները շնորհուած են որպէս հնարաւորութիւն։ Մարդիկ կրթութեան կարիքն ունին այդ ունակութիւնները յայտնաբերելու եւ զարգացնելու համար։ Կրթութեան շնորհիւ մարդիկ կը կարողանան օգտագործել իրենց բնական կարողութիւնները եւ կրթութիւն ստանալով կը դառնան ազատ էակներ, քանի որ կրնան ազատօրէն օգտագործել իրենց ունակութիւնները։
Թէեւ այս մասին գոյութիւն ունին այլազան մեկնաբանութիւններ, սակայն պարզ իրողութիւն է, թէ կրթութիւնը կը հետապնդէ երկու նպատակ. առաջինը՝ ձեւաւորել տուեալ հասարակութեան ընկերամշակութային կառուցուածքը, իսկ երկրորդը՝ այս մշակոյթը փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Կրթութիւնը լաւագոյն միջոցն է բարոյական եւ թեքնիք արժէքներու յաջորդ սերունդներու փոխանցման գործին մէջ գիտելիքներն ու հմտութիւնները զարգացնելու։ Հետեւաբար կրթութիւնը կարելի է դիտարկել՝ որպէս կրթական փաստերու, երեւոյթներու մշակութային յարաբերութիւններու եւ սկզբունքներու կիրառման մեթոտներու ուսումնասիրում։
Պետութիւն մը, ի հարկէ, կրնայ եւ պէտք է քննադատուի իր կառոյցներու կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտման համար։ Սակայն անընդհատ եւ անխաթար պէտք է ապահովէ բարոյական կրթութիւնը, մարդու իրաւունքներու ուսուցումը։ Հասարակութիւններու անդամներու ամենամեծ ակնկալիքը սորվիլն է։ Գիտակից քաղաքացին ընդունակ է բարին զանազանել չարէն։ Դաստիարակուած քաղաքացին ոչ մէկուն բեռը կ՚ըլլայ։ Ան կը դիտարկէ, կը հետազօտէ, լաւը կը պահանջէ։ Դաստիարակուիլը, որ կը սկսի ընտանիքէն ներս եւ դպրոցով կը դառնայ համակարգուած, առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ փիլիսոփայութեամբ։ Այն հիմնականին մէջ նորը սորվելու եւ անոր մասին մտածելու եռանդն է։ Պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ թաքնուած է իրադարձութիւններու եւ ներկայացուած փաստերու ետին։ Փիլիսոփայութիւնը ողջմտութեամբ, տրամաբանականօրէն եւ որոնումներու մէջ ապրիլն է, այլ ոչ թէ միայն ասէկօսէներու կամ լսումներու վրայ յոյս դնելը։
Փիլիսոփայութիւնը այն ապրելակերպն է, որ մեզի հետ կը մնայ ցմահ եւ կրնայ օրինակ հանդիսանալ այժմու կրթութեան համակարգերուն համար։ Գիտելիքի նախապատճառը փնտռող սոյն գիտութիւնը կը նպաստէ, որպէսզի գործենք մեր սեփական միտքով, ոչ թէ մեր ուրիշներէ լսածներով։
Կրթութեան համակարգին մէջ կը բացակայի բարոյական ուսուցումը։ Կ՚ըսուի, թէ պէտք է հասցնենք ստեղծագործ մարդիկ, սակայն ոչինչ կ՚ընենք մարդոց բարոյական հմտութիւնները բարելաւելու համար։ Բարոյական կրթութիւնը ճանապարհ մըն է, որ պէտք է անցնիլ։ Հիմնական կրթութիւնը պէտք չէ առաջնահերթօրէն կեդրոնանայ մասնագիտական ուսուցման վրայ։ Ոչ միայն համալսարանական, այլեւ մասնագիտական կրթութիւնը պէտք է ջամբուի «մարդասիրական կրթութենէ» յետոյ։
Այսօր ես անհրաժեշտ կը համարեմ ինչպէս կրթութեան համակարգին, այնպէս ալ ուսուցիչներու վերապատրաստման գործընթացին մէջ էական փոփոխութիւններ։ Երեխաները պէտք է սորվին մտածել դատելով եւ գիտելիքի հիման վրայ, որպէսզի ըլլան ինքնաբաւ։ Առաջին հերթին երեխաները պէտք է սորվին մերժել ատելութիւնը, սպանութիւնը, խտրականութիւնը… Անոնց պէտք է սորվեցնել հանդուրժողականութիւնը, համբերութիւնը, յարգանքը եւ ամենակարեւորը՝ սէրը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ