ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ (ԽՆԴԻՐՆԵՐ, ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)

20 փետրուար 2016-ին, համացանցի վրայ հրապարակած մեր մէկ գրութեան մէջ՝ «Ձուլուած հայեր» խորագիրը կրող, հետեւեալ հատուածը արձանագրած ենք. «Այսօր ամբողջ սփիւռքը լուրջ խնդիրի դիմաց կանգնած է. հայապահպանութիւն: Սակայն, լուրջ անտարբերութիւն մը կը տիրէ, որ տարուէ տարի զգալիօրէն կ՚աճի: Յանցաւորներ ու մեղաւորներ փնտռել չէ նպատակս երբեք, այլ՝ խօսիլ է ճշմարտութեան մը մասին, որ իւրաքանչիւր ճշմարիտ հայու համար լուրջ մտահոգութիւն է: Ինքնախաբէութիւնն ու կեղծ պահուածքները այս պարագային ոչինչով կ՚օգնեն մեզի: Մերժել ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը եւ փորձել այնպէս ներկայացնել որ աշխատանք կը տարուի այդ խնդիրին դիմակայելու համար՝ պարզապէս մանկամտութիւն է: Մեզի համար անհրաժեշտ է առողջ եւ իրապաշտ մօտեցում՝ կարենալ ճիշդ կերպով դիմակայել այս խնդիրին, որ լրջօրէն կը սպառնայ սփիւռքի գոյութեան»:

Այսօր, երբ ութ տարիներ անցած են մեր այդ գրութենէն, ցաւով սփիւռքի կողքին կ՚աւելցնենք նաեւ Հայաստանը, որովհետեւ այսօր Հայաստանի մէջ ալ հայապահպանութիւնը աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն դարձած է, արդէն իսկ օտարացած միջավայրին մէջ: Օտարացած կ՚ըսեմ, քանի որ եթէ ուշադրութեամբ քննենք Հայաստանի կեանքը իր բոլոր առումներով, ապա այնտեղ պիտի նկատենք ռուսական ոգի եւ շունչ, բառապաշարէն սկսեալ, մինչեւ մտածելակերպ, մինչեւ գրականութիւն ու արուեստ:

Գնահատականներ չեմ ուզեր տալ հայապահպանութեան առնչուած տարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ: Սակայն, կ՚ուզեմ հարցադրում մը կատարել. այսքան տարի է հայապահպանութեան մասին կը բարձրաձայնուի, ճառեր կը խօսուին այդ մասին, տարբեր կազմակերպութիւններ զանազան ծրագիրներ կ՚իրականացնեն. շա՜տ բարի: Ի՞նչ է այս բոլորին արդիւնքը սակայն, ինչո՞ւ որեւէ մէկ տեղ արդիւնք չ՚երեւիր եւ հայապահպանութեան խնդիրը օր օրի կը խորանայ ու կը դժուարանայ. պատասխանը, որովհետեւ գործնական եւ ազդեցիկ միջամտութիւններ չկան: Վկան՝ կատարուած ապարդիւն եւ անպտուղ աշխատանքները:

Հայապահպանութեան գլխաւոր յենարանները չորսն են. ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի եւ հրատարակչատուն (գիրք, մամուլ): Ներկայիս, գաղտնիք չէ, որ այս չորս յենարանները ապառողջ վիճակի մէջ կը գտնուին: Առաջին երեքին դէմ չորրորդին միջոցով հսկայ արշաւանք կը կատարուի, քանդելու, կազմալուծելու, հիւանդացնելու ուղղութեամբ:

Այսօրուան հայ ընտանիքները դադրած են հայերէն խօսելէ, հայերէն մտածելէ, հայաբար երազելէ, եւ ձեւով մը վերածուած են աշխարհաքաղաքացի ընտանիքներու, ուր ամէն ազգի մարդ եւ ամէն տեսակի մշակոյթ կրնայ ներս մտնել եւ իր ուզած ձեւով վարուիլ: Այսօրուան ծնողները իրենց զաւակներուն չե՛ն պարտադրեր, աւիելի ճիշդ չեն սիրցներ հայերէն սորվիլը, ընդհակառակը, կը քաջալերեն, որպէսզի անոնք օտար լեզուներ սորվին: Տակաւին, ծնողներուն համար առաջնահերթութիւն չէ հայկական դպրոցը՝ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով, իսկ եկեղեցի երթալը զատիկէ զատիկ, կամ խորհուրդէ խորհուրդ (մկտրութիւն, պսակ կամ թաղում): Գիրք ու թերթ կարդալու մասին չեմ խօսիր…

Դպրոցներու մասին խօսիլ, կը նշանակէ արիւնոտ վէրքի մը մասին խօսիլ, որ դժբախտաբար բուժում չի՛ ստանար, ո՛չ ալ պէտք եղած աշխատանքը եւ ջանքը կը տարուի, բուժելու համար վէրքը: Մեր ուսուցիչները կը մեղադրենք, բայց կը մոռնանք, որ ուսուցիչները չե՛ն մեղաւորը այս վիճակին, այլ բոլոր անոնք որոնց ձեռքերուն մէջ է դպրոցներու կառավարումը՝ պետութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւն թէ հաստատութիւն: Երկրորդական, երրորդական բաներու վրայ մե՜ծ ուշադրութիւն կը դարձնենք, բայց ուսուցիչները կ՚անտեսենք: Անոնցմէ մեծ արդիւնք կը պահանջենք, սակայն դիմացը պէտք եղած ջրտուքը չենք կատարեր: Արդարեւ, ինչպէ՞ս բերք սպասել ծառէ մը, երբ զայն չենք ջրած ու լաւագոյնս խնամած: Ուսուցիչները չմեղադրենք, այլ՝ մեր մատները դնենք բուն խնդիրներուն վրայ եւ դպրոցի կառավարումը վստահինք ատակ մարդոց, ո՛չ թէ ԽԾԲ (խնամի-ծանօթ-բարեկամի) հոգեբանութեամբ մարդիկ նշանակենք, այլապէս ապարդիւն է որեւէ մէկ արդիւնք ընկալելը դպրոցէն:

Եկեղեցին իր կարելին կ՚ընէ, որպէսզի սատար հանդիսանայ հայապահպանութեան նուիրական գործին: Այդպէս եղած է տարիներէ ի վեր, այդպէս է այսօր եւս: Սակայն, վերջին տարիներուն, շնորհիւ ներկայ իշխանութիւններու հակահայ եւ ապերասան քաղաքականութեան, ամէն տեսակի արգելք եւ խոչընդոտ կը դրուի եկեղեցւոյ դիմաց, կատարելու իր նուիրական առաքելութիւնը՝ նպաստել հայապահպանութեան գործին:

Ինչ կը վերաբերի մեր մամուլին… Կը կարծեմ աւելորդ է խօսիլը, որովհետեւ մենք շատոնց է որ չէզոք մամուլ չունինք, այլ ունինք այս կամ այն կուսակցութեան, իշխանութեան, հարուստին ծառայող թերթեր ու պարբերականներ, որոնք հեռու են իր առաքելութիւնը կատարելու գործէն, այլ՝ կը կատարեն իրենց հրամայուածները միայն, եւ ո՛չ աւելին:

Ինչ կը վերաբերի գիրքերուն, սփիւռքի մէջ տակաւին գէշ աղէկ լաւ գիրքեր կը տպուին, ինչ բանը Հայաստանի համար չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ ներկայիս Հայաստանի մէջ տպագրուող գիրքերու ճնշող մեծամասնութիւնը թարգմանութիւններ են, այն ալ աջէն ձախէն կատարուած թարգմանութիւններ, որոնց մէջ ո՛չ իմաստ, ո՛չ գեղարուեստական ճաշակ, ո՛չ քաղցրութիւն, մէկ խօսքով ոչինչ կայ, որովհետեւ այդ գիրքերը տպագրելու նպատակը ո՛չ թէ նպաստելն է բարձրորակ բան ներկայացնել ընթերցողին, այլ՝ դրամ, շա՜տ դրամ աշխատիլ… իսկ ուր շա՜տ դրամ աշխատելու մոլուցքը կայ, ապա այդտեղ որակ եւ դրական բան փնտռելը անիմաստ է: Այս բոլորին լոյսին տակ խօսիլ հայապահպանութեան մասին, ծիծաղելի կը թուի…:

Մինչեւ չբուժենք, այլ խօսքով չսպիացնենք բոլոր այն վէրքերը, որոնք հարուածած են ու կը շարունակեն հարուածել այսօրուան մեր ընտանիքին, դպրոցին, եկեղեցւոյ ու տպագրութեան, կարելի չէ ակնկալել, որ կը կարենանք հայապահպանութիւն իրականացնել, որովհետեւ հայապահպանութիւնը քարոզ ու խօսք ըլլալէ առաջ ու վեր՝ աշխատա՛նք է, յամառ ու նուիրուած աշխատանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Յ.Գ. Ընթերցողը թերեւս հարցնէ, թէ ինչո՞ւ մեր յօդուածին մէջ մշակոյթի մասին չանդրադարձանք: Պատասխանը պարզ է. մշակոյթը ապրեցնող, ծաղկեցնողն ու պահողը մեր յօդուածին մէջ յիշատակուած չորս յենարաններն են, որոնց կեանք տուող զարկերակը մեր ոսկեղնիկ լեզուն է: Եթէ այս չորս յենարանները ճիշդ կերպով չգործեն, մշակոյթի մասին խօսիլը անտրամաբանական կը դառնայ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2024