ՅԱՐՄԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Իրավիճակներու յարմարուելու համատեսքին մէջ ուրախութեան արցունքներու, յետթրաւմայի ճնշումի խանգարման եւ ցուրտ միջավայրէն տաք միջավայրի անցնելու ժամանակ մսելու պատճառները շատ նման են: Թէ ինչպէ՞ս։
Մարդիկ որեւէ միջավայրի յարմարուելու ուժեղ հակում ունին: Այնքան որ, որոշ պարագաներու մէջ մենք ճնշումին կ՚արձագանգենք ո՛չ թէ ճնշումի պայմաններուն տակ, այլ աւելի վերջ, երբ այդ պայմանները կ՚անհետանան՝ քանի որ այդ յարմարուիլը աւարտած է:
Մտածեցէք մսելու այն տարօրինակ զգացողութեան մասին, որ կը յառաջանայ, երբ առաջին անգամ ցուրտ միջավայրէն տաք տեղ կը մտնէք: Դուրսը ձիւն կը տեղայ։ Եղանակը սառեցուցիչ է... Անմիջապէս կը մտնէք սրճարան մը, ուր ճիշդ կեդրոնը տեղադրուած է վառարան մը։ Բնականաբար, դուք կը մօտեցաք վառարանին, բայց յետո՞յ։ Դուրսը այսքան չէիք դողար: Դուք կ՚անդրադառնաք, որ «սառած» էք ցուրտէն, քանի որ ձեր մարմինը ճնշումի մէջ էր։ Այնուհետեւ, երբ ձեր մարմինը ընդհարեցաւ ճնշումի, ան աշխուժացուց իր յարմարումի համակարգը եւ յարմարեցաւ ցուրտ եղանակին: Այս յարմարողականութիւնը կ՚աւարտի, երբ մտնէք որեւէ տաք միջավայր: Երբ յարմարումը աւարտի, ձեր մարմինը նոր կը «հասկնայ», որ դուրսը չափազանց ցուրտ է։
Նման իրավիճակներու շուրջ կարելի է բազում օրինեկներ տալ։ Երեւակայեցէ՛ք։ Դուք կը գտնուիք պատերազմի/հակամարտութեան միջավայրի մը մէջ։ Փամփուշտները կը թռչին ձեր գլխու վրայով, ռումբերը համարեա կը խլացնեն ձեր ականջները, ձեր ընկերները կը մահանան եւ այլն։ Պատերազմը աւարտին կը հասնի եւ կը վերադառնաք քաղաքացիական կեանք։ Որոշ ժամանակ անց կը սկսին անքուն գիշերներ, կը սկսիք ամէն ինչէն կասկածիլ ու վախնալ։ Դուք կը դիմէք հոգեբոյժի եւ ձեր մօտ կ՚ախտորոշուի յետթրաւմաթիք ճնշումի համախտանիշ կամ յետթրաւմայի ճնշումի խանգարում։ Դուք նման իրավիճակ չէիք ունենար, երբ այդ բուռն ճնշումային իրավիճակի մէջ էիք։ Սա մեր վերոնշեալ օրինակին հետ նոյն իրավիճակն է, քանի որ ձեր մարմինը յարմարուած է ուժեղ ճնշման հետ: Երբ կը վերադառնաք պատերազմէն, այս յարմարումը կ՚աւարտի, բայց դուք չէք կրնար մոռնալ անոր «մնացորդները», որովհետեւ անոնց ազդեցութիւնը ձեր մարմնի/հոգեբանութեան վրայէն դեռ չէ մաքրուած:
Խորհեցէք մօր մը մասին, որ չի կրնար հասնիլ իր դստեր, որ երեք օրուան ճամբարի գացած է։ Այդ մօր աղջկան հեռաձայնը անհասանելի է, ոչ ոք գիտէ, թէ ո՞ւր է ան: Ի վերջոյ ոստիկանութեան կը դիմէ։ Ան չափազանց կը մտահոգուի, բայց կը փորձէ կառավարել ինքնզինք։ Երեք օր անց դուստրը կը թակէ դուռը։ Ան կը գրկէ իր դուստրը եւ կը սկսի լալ։ Երջանկութեա՞ն արցունքներ։ Այդ մօր մարմինը յարմարած է բուռն անհանգստութեան/մտագոհութեան: Երբ անոր աղջկան ճակատագրի անորոշութեան հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը վերացաւ, յարմարումը աւարտեցաւ ու այդ մայրը այլեւս չի կրնար կառավարել իր զգացումները։
Վերոյիշեալներու նման բազմաթիւ օրինակներ կան, բայց անոնց բոլորն ալ կը ցուցաբերեն նման իրավիճակ մը։ Որքան վատ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք, որքան ալ ակամայ յարմարուինք իրավիճակներուն եւ երբ այդ պայմանները վերանան, յարմարուելու ջանքը աւարտի, մենք մեզ չենք կրնար կառավարել նախկինին նման։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024