ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԲԵՐԷ՛ ԲԱՐԻՆ

Տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք՝ քաղցր ու դառն յու­շե­րու հետ­քե­րով: Խան­դա­ղա­տան­քով ու տագ­նապ­նե­րով ծան­րա­բեռնուած օ­րե­րը հեւ ի հեւ սա­հած, սլա­ցած են մեր կեան­քէն: Հե­ռա­ցող տա­րին ա՛լ գաղտ­նիք մը չու­նի մե­զի հա­մար, իսկ նոր տա­րին, ա­նակն­կալ­նե­րով լիա­ռատ, ծա­ծուկ յու­զում­նե­րով ու անս­պա­սե­լի ա­րարք­նե­րով բե­ղուն՝ կը ծա­ւա­լի մեր առ­ջեւ:

Կը դի­մա­ւո­րենք այս նո­րա­ծին հսկան՝ բա­րե­փո­խուած ա­պա­գայ օ­րե­րու հե­ռանկա­րով, բուռն ցան­կու­թիւն­նե­րով ու ա­մէն տա­րի կրկնուող բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րու կա­ղա­պա­րեալ բա­նա­ձե­ւու­մով:

Նոր տա­րին մե­զի պի­տի ըն­կե­րա­նայ չորս ե­ղա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին՝ կա­խար­դա­կան բնան­կար­ներ հրամց­նե­լով: Այս ան­ծա­նօթ ու անս­տոյգ ծա­ւա­լու­մին նկատ­մամբ մե՛րթ ու­րախ մե՛րթ տխուր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, հա­մա­հունչ ա­ռօ­րեա­յի մը խու­ճա­պը պի­տի դի­մագ­րա­ւենք՝ ըստ մեր զգաց­մանց ազ­նուու­թեան ու բնա­ծին ի­մաս­տու­թեան:

Ի՜նչ զար­տու­ղի ու ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի դէպ­քեր ու հան­դի­պում­ներ պի­տի վա­յե­լենք ներ­կան ան­ցեա­լի վե­րա­ծող այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, չենք գի­տեր:

Պահ մը թե­ւա­ծենք ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հի մը նրբանցք­նե­րէն ներս, ան­զուսպ զգա­ցում­նե­րու հե­ղա­ռատ հմայ­քին ու ճախ­րան­քին հե­տե­ւե­լով:

Ո՜ր­քան հա­ճե­լի պի­տի ըլ­լար ան­դորր ու հեշ­տա­լուր ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ շա­ղա­խուած ի­րե­րա­յա­ջորդ ա­ռօ­րեա­յի մը վե­րա­ցա­կան են­թադ­րու­թեամբ, մատ­չե­լի ու հա­մա­խոհ մար­դոց հետ հրաշք հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ…

Օ­րէ օր գու­նա­տած ըն­կե­րա­յին կեան­քի ապ­րում­նե­րուն առ­կայ ա­մա­յու­թիւ­նը փա­րա­տող, գերզ­գա­յուն հո­գի­նե­րու հետ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ու սան­ձար­ձակ տրա­մա­խօ­սու­թիւն­ներ վա­յե­լել…

Ազ­նիւ, բա­րե­կիրթ ու քա­ղա­քա­վար քաղ­քե­նիի մը կեն­ցա­ղով թրծուած՝ ան­գե­րա­զան­ցե­լի մտքի մշակ­նե­րու հետ յափշ­տա­կու­թիւն առ­թող հան­դի­պում­նե­րու մաս­նակ­ցիլ…

Բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ, ըն­կե­րա­յին կեան­քի ու հայ­կա­կան ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն պատ­շաճ՝ ան­շա­հախն­դիր ու ա­նանձ­նա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած մար­դոց հետ ծա­նօ­թա­նալ…

Ազ­նիւ ու ան­խար­դախ զգա­ցում­նե­րով ծան­րակշ­ռուած, քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի շուն­չով օ­ծուն, քնա­րեր­գա­կան նե­րաշ­խար­հի մէջ ա­պաս­տա­նեալ, ժա­նեա­կէ շղար­շի նման փա­փուկ ու հմա­յիչ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ հա­յա­բար­բառ ո­ճի, խօս­քի ու գի­րի նուի­րեալ մշակ­նե­րու հետ ան­պա­րոյր ու բազ­մա­բե­ղուն զրոյց­ներ ու­նե­նալ… որ­քա՜ն ե­րա­նե­լի պի­տի ըլ­լար Աս­տուա՛ծ իմ…

Յան­կարծ ուժ­գին հնչող դրան զան­գով կը սթա­փիմ հե­զամր­մունջ մտո­րում­նե­րէս. նա­մա­կա­բաշխն է, որ ըստ սո­վո­րու­թեան, Նոր տա­րուան օ­րա­ցոյց­նե­րը կը վա­ճա­ռէ թա­ղե­ցի­նե­րուն, յա­պա­ղու­մէս ջղայ­նա­ցած՝ ե­րի­տա­սար­դը ա՛լ ա­ւե­լի եր­կար ու ա­րագ կը հնչեց­նէ զան­գը, կառ­չե­լով ցան­կա­պա­տին:

Կը մտա­ծեմ այս վե­րա­ցա­կան հան­դի­պում­նե­րուն մա­սին. ըստ ին­քեան «թե­րեւս օր մը… ո՞վ գի­տէ» ը­սե­լով՝ կը մեկ­նիմ ե­րա­զանք­նե­րուս փա­պու­ղիէն:

Սի­րե­լի՛ հա­յոր­դիք, վա­յե­լե­ցէք ան­մո­ռա­նա­լի հան­դի­պում­ներ՝ զուսպ ու ան­կեղծ մար­դոց հետ, շնոր­հա­ռատ Աս­տու­ծոյ ան­գե­րա­զան­ցե­լի սի­րոյն ար­ժա­նա­նաք, հա­ւատ­քի եւ յոյ­սի յոր­դա­ռատ աղ­բիւր­նե­րէն յա­գեց­նէք ձեր բա­րո­յա­ցու­ցիչ խա­ղա­ղու­թեան ծա­րա­ւը:

Հուսկ յե­տոյ, Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րո­վը եւ օրհ­նու­թիւն­նե­րո­վը լիա­բուռն բա­րես­տուեր տա­րի մը բո­լո­րիդ՝ անխ­ռով եւ անտր­տունջ:

Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի եւ Սուրբ Ծնունդ

Բա­րին ընդ ձեզ՝

ՍԻԼ­ՎԻ ՍՐԲՈՒ­ՀԻ ՄԱ­ՐԱ­ԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016