ՄԱՀՈՒԱՆ 275-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ. ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆ՝ ՍԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Լրացաւ մահուան 275-ամեակը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի: Ինչպէս ծանօթ է՝ ան մահացած է Սուրբ Ղազար կղզիի իր կառուցած վանքին մէջ՝ 73 տարեկան հասակին:

Մխիթար Սեբաստացիի կենսագրութեան մէջ խորհրդաւոր եւ ակնածալի դրուագներ շատ կան, որոնմէ մէկն ալ անոր՝ Սեւան երթալը եւ հոն բժշկուիլն է: Այս պատմութեան հետ կ՚առընչուի «Սեւանի Աստուածամայր» սրբապատկերը, որուն առջեւ բժշկուած է Մխիթար Սեբաստացին:

Ծանօթ է, որ 1692 թուականին Մխիթար Սեբաստացին Պոլիսէն կ՚երթայ Էջմիածին՝ միաբանելու։ Սակայն հիասթափուած, շուտով կը մեկնի Սեւան, ուր ալ կը տառապի ակնացաւով: Շուրջ տասն օր հոն մնալէ եւ հրաշագործ բուժում ստանալէ ետք կը վերադառնայ Բասէն: Այլ աղբիւներու համաձայն, ան արդէն կը տառապէր աչքի հիւանդութենէն եւ Էջմիածինէն զայն Սեւան կը ղրկեն՝ օդափոխութեան:

Մխիթար Սեբաստացիի սեւանեան այդ օրերուն մասին Ղեւոնդ Ալիշան գրած է. «Սեբաստացի սարկաւագն Մխիթար, յայնժամ 18 ամաց, եկեալ այսր յուխտ, յամի 1692, արժանաւորեցաւ խոստման Տիրամօրն, օգնական յինելոյ աստուածասէր ըղձանացն, մինչ աղերս արկանէր աոաջի պատկերի նորին, որ եւ ցարդ պահի անդ, թէ եւ հնացեալ եւ խանգարեա, որոյ է օրինակս. եւ քաջալերեալ՝ յաջողեցալ նորին Տիրամօր շնորհօք հաստատել զկրօնս իւր, շինելով վանըս նախ ի Մեթոն Մոռէայ, եւ ապա ի Վենետիկ…»։

Հայագէտ Սուրէն Շտիկեան եւս կը վկայակոչէ այդ պատմութեան՝ աւանդութեան վերածուած տարբերակը. «Հայաստանէն մէկ ընդ միշտ հեռանալէն առաջ Մխիթար Սեբաստացին Սեւանայ կղզիին մէջ կ՚աղօթէ այդ պատկերին առջեւ եւ Տիրամօրմէն կը խնդրէ, որ իրեն ուժ ու զօրութիւն տայ։ Ըստ աւանդութեան, այդ ժամանակ շարժած են Տիրամօր շուրթերը եւ Մխիթարը լսած է իր խնդրանքին պատասխանը՝ Եղիցի»:

Մխիթար Սեբաստացին, ըստ մասնագէտներուն, հաւանաբար, այս սրբապատկերին անմիջական ազդեցութեամբ է, որ գրած է Աստուածամօր նուիրուած իր գողտրիկ տողերը: Անոր «Անճառին խորան» տաղը կ՚երգեն Սուրբ Աստուածածնին նուիրուած տօներուն՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին:

1983 թուականին պատմաբան Ա. Առաքելեան «Հայագիտական հանդէս»ին մէջ կը գրէ, որ նախապատրաստուելով Մխիթարեան միաբանութեան երկուհարիւրամեայ յոբելեանին, Ղեւոնդ Ալիշան փորձած է հաւաքել այն բոլոր մասունքները, որոնք առընչուած են աբբահօր կեանքին։ Այդ նպատակով 1900-ական թուականներուն ան շարք մը նամակներ յղած է Էջմիածնի միաբանութեան անդամներուն՝ խնդրելով Սեւանայ կղզիին մէջ գտնուող Աստուածամօր պատկերը, որուն առջեւ աղօթած է իրենց ուխտին հիմնադիրը, նմանատիպ գունանկարի կամ ալ լուսանկարի ձեւով ղրկեն: Ընդ որում, Ալիշան յոյս ունեցած է, որ ընդօրինակութիւնը կը կատարէ նկարիչ Վարդգէս Սուրենեանցը: Սակայն կարգ մը պատճառներով, հաւանաբար կապուած 1891 թուականին Էջմիածնէն հեռանալու հանգամանքներուն հետ, մեծանուն նկարիչը կարելիութիւն չէ ունեցած կատարել Ալիշանի ցանկութիւնը: Այնուհետեւ, 1896-1901 թուականներու միջոցին Ալիշան դարձեալ նամակներ կը յղէ Էջմիածին՝ նորոգելով «Սեւանի Աստուածամայր» սրբապատկերին գունանկարը ստանալու իր խնդրանքը: Ալիշանին ուղղուած պատասխան նամակը կ՚ըսէ, թէ այդ կտաւը հայոց կաթողիկոսին յանձնարարութեամբ, որպէս հին արուեստի լաւագոյն նմոյշ, արդէն Սեւանի մէջ չէ եւ հոնկէ փոխադրուած է Էջմիածին եւ միայն կարելի նկատած են Վենետիկ ղրկել անոր լուսանկարը: Ըստ ուսումնասիրողներուն, շուրջ տասնհինգ տարի տեւած բանակցութիւնները եւ Ալիշանի հիմնական փափաքը՝ իրենց մօտ ունենալ այդ կտաւը, դրական լուծում չեն ստացած:

Այնուհետեւ, 1902-1903 թուականներուն ընթացքին, Խրիմեան Հայրիկ «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւը Վենետիկ ղրկելու անյաջող փորձէն յետոյ, Մխիթարեաններուն բաղձանքը որոշ չափով կատարած ըլլալու համար, գեղանկարիչ Ենովք Նազարեանցին կը յանձնարարէ ընդօրինակել յիշեալ կտաւը եւ զայն որպէս նուէր կը ղրկէ Վենետիկ: Այդ կրկնօրինակը այսօր կը ցուցադրուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան սրահներէն մէկուն մէջ, իսկ սրբապատկերին բնօրինակը կը զարդարէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը։

Շատ հետաքրքրական պատմութիւն ունեցող «Սեւանի Աստուածամայր» կտաւը այսօր կը շօշափեն տեսողութենէ զրկուածները, անոր առջեւ կ՚աղօթեն յոյսով, որպէսզի ուժ եւ զօրութիւն ստանան:

«Սեւանի Աստուածամայր»ը Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն սրբապատկերներէն է (ստեղծուած հաւանաբար՝ 16-րդ դարու վերջաւորութեան կամ 17-ի սկիզբը), որուն հեղինակը մինչեւ հիմա անյայտ է, հակառակ որ նկարը հանրահռչակ է:

Սրբապատկերին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մանուկ Յիսուսը պատկերուած է՝ խաչը գրկած: Ան կը ներկայացնէ Աստուածամօր «չարչարանաց» տեսարանը, որ ձեւաւորուած է 15-16-րդ դարերու կէսերուն, իտալական եւ յունական կերպարուեստներուն մէջ: Մխիթար Սեբաստացիի՝ Սեւան այցի մասին գրուած են պատմութիւններ, առասպելներ հիւսուած են այդ խորհրդաւոր իրողութեան շուրջ, եւ այսօր հայութեան համար կրկնակի թանկագին է «Սեւանի Աստուածամայր»ը կտաւը:

Այս դրուագին մասին պատմութիւն մը գրած է Վիեննական Մխիթարեան Հ. Բարսեղ Վրդ. Ֆէրհաթեան՝ «Մխիթար. մարդը, հայը, սուրբը» գիրքին մէջ, տպուած՝ 1976-ին, Վիեննա: Ան գեղարուեստական պատկերներով նկարագրած է Մխիթար Աբբահօր՝ հայրենիքի մէջ այդ վանքին մէջ ըլլալը: Հատուած մը այդ գրութենէն.

ՏԻՐԱՄՕՐ ԵՂԻՑԻՆ

…Տաճարի գմբէթին տակ, Տիրամօր պատկերին առջեւ կանթեղ մը կը պլպլար, քաղցր օծութիւն տալով Աստուածամօր կերպարանքին:

Մխիթար այդ պլպլացումին մէջ տեսնել կարծեց իր իսկ սիրտը, իր սեփական պատռտուած սիրտը, որ կ՚ուռէր եւ կը ցածնար: Այդ կանթեղը զսպուած սրտի մը տրոփումներուն պէս կ՚ելլէր-կ՚իջնէր, բայց անոր բոցալեզուն կը մրմնջէր գոհար խօսքեր այրած սրտերու… Ոտքերն ինքնաբերաբար ծալեցան ու ան պարպեց իր սիրտը Աստուածածնի առջեւ…

Ի քեզ եմ ապաւինեալ Քրիստոսի մայր Աստուծոյ մերոյ…

Հոն ան թափեց իր վշտերը, իր յոյզերը… իր յոյսերը… իր ծրագիրները… իր կեանքը… իր ապագան: Աղօթեց եւ լացաւ ան:

Ու ահա Մխիթար դէմը տեսաւ Ս. Աստուածամայրը… կենդանի… շարժուն… խօսուն, որ խորանէն վար իջաւ, իր շուրջն ունէր Մանասէն եւ Մարիամը, զոյգ կուսանները, որ քանի մը տարի առաջ լքած էին արցունքներու այս հովիտն մահով երջանիկ: Տիրամայրն մօտեցաւ իր ծառային ժպտուն դէմքով… եւ խօսեցաւ.

-Խնդրէ զաւակս ինչ որ ուզես…

Մխիթար կը շուարի… աչքերը կը շփէ… չի՞ խաբուիր… պատրանք չէ՞… Ոչ, իրական է… ինքն է՝ Յիսուսի մայրը… Աստուծոյ մայրը…:

Ի՞նչ ըսել, ի՞նչ խնդրել… կը շփոթի… Յուզումէն այսքանը բերանը կու գայ…

Տիրուհի, այն կ՚ուզեմ, ինչ որ դուն կ՚ուզես:

Աստուածածին իրեն կը պատասխանէ ծիծղուն դէմքով՝

ԵՂԻՑԻ… ու կ՚անյայտի…:

Փոխ առնելով խօսքը Շարակնոցին կրնայինք ըսել. Այսօր երկիրս երկինք եղաւ…:

Եղիցի՜… ըլլա՜յ…

Մխիթարի սիրտը ժայռի պէս ամուր է ա՛լ. ամոքուած…

Փոթորիկը սրտին՝ տեղի տուած. մշուշի ամպեր ցրուած… երկինք վաւերացուցած է իր ծրագիրը. Միաբանութիւնը պիտի ծնի… Դժոխքը թող իր վրան խուժէ իր մեծ եւ փոքր արբանեակներով… վախ չունի: Եղիցին պիտի յաղթէ…:

Նոր ուժ զգեցած է. սրտին մէջ անասելի խաղաղութիւն կը ծփայ.. հոգիին վերեւ աստղիկներ կը պլպլան համրանքով անթիւ:

Արեւի շող կար այժմ սրտին մէջ եւ դէմքին վրան: Իր ժպիտը լոյսի պէս ուրախ էր. դէմքը արեւ տեսած վարդի էր նման…:

Ուրախ էր, մխիթարուած, երջանիկ:

Մխիթար գիտէ թէ Սեւանը իր կեանքին մեծագոյն հանգրուանն է իր Եղիցիով…

Եւ թուական՝ Հայոց Պատմութեան:

Մխիթար ոչ քունի, ոչ երազի, այլ սեփական աչքերով տեսաւ Տիրամայրը, որ իրեն խօսեցաւ, խոստացաւ:

Այդ տեսիլքը չէր ցնորք, խաբկանք, պատրանք: Մխիթար մարմնի աչքերով տեսաւ Աստուծոյ մայրն այնպէս, ինչպէս ճգնասուն վանականը Նարեկացին Գրիգոր:

…Ան կը մեկնի Սեւանէն, ուր մնացած է մէկ շաբաթ: Վերջին անգամ կը համբուրէ այն սեղանը, որուն առջեւ Տիրամայրը արտասանեց Եղիցին…:

Կը մեկնի սիրտն ամուր, սփոփուած. Ծանր քար մը սրտէն գլտորած է. ա՛լ կրնայ իր ապագային նայիլ սեւեռաբիբ:

Վանականներ կ՚աղերսեն չմեկնիլ, չթողուլ զիրենք, այնքան կապուած են իրեն. կը սիրեն հարազատ եղբօր սիրով…:

Ողջագուրումի պահուն տամուկ են անխտիր բոլորին աչքերը… թեզանիքին ծայրով ամէն մարդ իր արցունքները կը չորցնէ…:

Բարի վանահօր օրհնէնքները, ուլունքի մաշած հատիկներուն պէս կը կաթկթին Մխիթարի գլխուն վրայ. Ան կը մեկնի Սեւանէն, ջինջ կապոյտը երկնքին, ինչպէս Մարիամի վերարկուն իր վրան:

Մնաս բարով Սեւան…

Մնաս բարո՜վ դուն Սեւանի անո՜յշ Տիրամայր:

ՄԽԻԹԱՐԸ

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ուժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են ու գեղեցիկ որքան Գործը որ, իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքովը: Այդ կեանքը մին է մարդկութիւնը պատուող այն հոյակապ դիւցազներգութիւններէն, ուր կը տեսնենք մարդ մը, որ միս-մինակ, իր հոգեկան կորովէն ուրիշ որեւէ միջոց ու զէնք չունենալով, ընկերական, քաղաքական, բնական բոլոր ուժերուն ընդդիմադրութիւնը կը նուաճէ եւ կը յաջողի ոչինչէն աշխարհ մը ստեղծել:

Վհատութեան օրերու մէջ, այնպիսի պահու մը ուր մեր նորագոյն սերունդէն իսկ կը լսենք ձայներ որ մեր ժողովուրդը կ՚ուզեն իր ծայրայեղօրէն «տկար» տարր մը ըլլալուն համոզել, որ չեն վարանիր Հայը ներկայացնել իբրեւ թոյլ ու լխկած տիպար մը, «գործի սկսելէն առաջ իսկ վհատած», անվնաս սահմանաւորութեան մը մէջ «կծկտած», «անձեռներէց», «խանութպան», «ստրուկ», «նախապաշարեալ», «տիրացու» եւ այլն, օգտակար է, որ մեր ժողովուրդին աչքին առջեւ դնենք պատկերը իրմէ բղխած այն հզօր դէմքերէն մէկուն, որոնց գոյութիւնը ինքնին կը բաւէ ապացուցանելու թէ Հայը՝ մեր նորածիլ յոռետեսներուն կարծածին ճիշդ հակառակը՝ մեր երկրագունտին ամենէն ուժեղ ցեղերէն մէկն է, քանի որ ուժերուն ամենէն թանկագինը, բարոյական ուժը ունեցած է:

Չեմ սիրեր անշուշտ այն վնասակար ինքնախաբէութիւնը, որով կարգ մը անհատներ կամ ժողովուրդներ իրենց կը վերագրեն յատկութիւններ զորս չունին ու չեն տեսներ թերութիւնները, որոնցմով բեռնաւոր են. բայց նոյնչափ անախորժ կը թուի ինծի, եւ աւելի վնասակար, ինքզինքը միշտ եւ ամէն բանի մէջ գէշ տեսնելու ունակութիւնը. հայերս սովոր ենք մէկ ծայրայեղութենէն միւսը ցատքելու, կամ տղայական միամտութեամբ մը մեր ժողովուրդը աշխարհիս ամենէն հին, ամենէն խելացի, ամենէն ազնիւ, ամենէն փառաւոր ժողովուրդը կը կարծենք, եւ կամ թեթեւ ինքնատեացութեամբ մը մեզ մարդկութեան մրուրն եւ աղբը կը փութանք նկատել:

Ճշմարիտ է որ ազգերու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ ընդհանուր անկումի, մեծ ճգնաժամերու, եղերական յեղաշրջութեանց, վիթխարի աղէտքներու հետեւանքով յառաջ եկած անբարոյացումի պահեր, ուր ազնիւ անհատականութիւններ, դառնացած զիրենք պաշարող վատութենէն, իրենց զայրոյթին եւ զզուանքին ձաղկը կը ճօճեն իրենց ազգին գլխուն վերեւ, եւ իրաւունք կ՚ունենան այդպէս ընելու: Հրեայ մարգարէները արհամարհանքի եւ ցասումի ամենէն անգութ բառերը նետած են իրենց ազգին երեսին: Նոյն պատմութիւնն է որ մեր Խորենացիին ներշնչեց այն ահարկու էջն ուր իր ատենին ինկած հայութիւնը հրաշէկ բառերով կը խարանէ: Բայց այդ դառնացածները երբեք իրենց ամբողջ ցեղը չեն պարուրեր համատարած արհամարհանքի մը մէջ, անոր վայրկեանի մը անկումը կ՚ողբան՝ միեւնոյն ատեն անցեալին մէջ անոր ունեցած մեծութիւնը յիշեցնելով իրեն, ու զայն այդ անցեալ գեղեցկութեանը վերադարձնելու բաղձանքէն միայն մղուած…

…Ազգ մը, որ Մխիթարի պէս «նկարագիր» մը արտադրած է, իրաւունք չունի ինքիրմէ յուսահատելու:

Մխիթար, միայնակ, կատարեց հսկայ գործ մը, որ իր ժամանակին համար ամենէն անհրաժեշտը, անմիջականօրէն կարեւորն էր: Հայ ժողովուրդը, որ այսօր կը մաքառի իր ամբողջական ազատագրումը ձեռք ձգելու համար եւ ատով ուրիշ բան չ՚ըներ, բայց եթէ Մխիթարի գործը լրացնել (ինչպէս այս դարուն իտալացիները լրացուցին Փեթրարքաներուն, Ալֆիերիներուն, Մոնթիներուն գործը), պէտք չէ, որ վհատի իր սկսած պայքարին ահաւոր դժուարութիւններէն եւ անոր մէջ իր մինչեւ ցարդ կրած աղէտաւոր անյաջողութիւններէն: Պէտք է որ ան ամէն վայրկեան իր աչքին առջեւ ունենայ իր մեծ Մխիթարին օրինակը, պէտք է որ համոզուի թէ ամենէն անիրականալի կարծուած ծրագիրներն իսկ կ՚իրականանան երբ մարդ գիտէ ինք իր վրայ հաւատք ունենալ, զոհողութիւն յանձն առնել ու մաքառիլ: Պէտք է որ Հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ցոյց տայ այն կամքը, ինքնավստահութիւնն ու անվկանդ յարատեւութիւնը զոր Մխիթար ի յայտ բերաւ իր գործունէութեան մէկ ծայրէն միւսը, եւ ան ալ պիտի հասնի իր ծրագիրն իրականացնելու, ինչպէս Մխիթար յաջողեցաւ իր երազը մարմնաւորել:

(Հատուածներ՝ Չօպանեանի «Դէմքեր» ժողովածոյէն)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024