ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԻՏԱ ԳԱՀՐԱՄԱՆԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Յայտնի նկարչուհի Իտա Գահրամանի ջրաներկերու ցուցահանդէսը շաբաթավերջին բացուեցաւ Նշանթաշըի «Մարքի» կահոյքի եւ գեղարուեստի սրահին մէջ։ Սա Իտա Գահրամանի չորրորդ անհատական ցուցահանդէսն է։ Ան մեր կերպարուեստի աշխարհի այնքան համակրելի դէմքերէն մին է եւ կը շարունակէ միշտ պատնէշի վրայ մնալ այս բնագաւառէն ներս։
Ցարդ աւելի քան երեսուն խառն ցուցահանդէսներու մասնակցած Իտա Գահրաման այս չորրորդ անհատական ցուցահանդէսին շրջագծով հերթական անգամ մեծ համակրանքով շրջապատուեցաւ իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։ Ան աւելի քան քառասուն ստեղծագործութիւններով ցուցահանդէսի այցելուներուն կը ներկայացնէ բնական դրուագներ եւ այն քաղաքները, որոնք տպաւորութիւն գործած են իր վրայ։
Իտա Գահրամանի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիսի 30-ը։