ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ԵՒ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԷՆ
Սփիւռքահայ նշանաւոր ազգային, քաղաքական, հասարակական գործիչ Բարունակ Թովմասեանի յուշագրութիւն-օրագրութիւնը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ Խորհրդային Հայաստանի մանաւանդ հոգեւոր, մշակութային կեանքի մասին:
Բարունակ Թովմասեան այս յուշագրութիւնը գրած է՝ պատմելով 1957-1985 թուականներու Հայաստան իր այցելութիւններէն մանրամասնութիւններ, որոնք կ՚առընչուին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, պետական գործիչներու, արուեստագէտներու, պարզ ժողովուրդին:
Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան ծնած է 1910 թուականին՝ Կէօլտաղ (Պուրսայի մարզ)։ Թովմասեան Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադիրներէն եւ անոր կեդրոնական վարչութեան քարտուղարն էր 1940-1953 թուականներուն։ Հիմնադիր տնօրէնն էր Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի։ Նախագահը եղած է Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ), գլխաւոր պաշտօններ ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ այլ կառոյցներու մէջ: Ունեցած է դասախօսական բեղուն գործունէութիւն: Կրթական եւ հասարակական ծառայութիւններու համար Լիբանանի կառավարութիւնը Թովմասեանը պարգեւատրած է Արժանեաց առաջին կարգի Ոսկէ շքանշանով:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ ընդառաջ երթալով Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կարգ մը գործիչներու փափաքին՝ սկսած է գրի առնել յուշերը՝ սկսելով Հայաստան իր այցելութիւններէն: «Հայրենական օրագրութիւն 1957-1985» խորագրով գիրքը լոյս տեսած է իր մահէն ետք՝ 1994 թուականին (խմբագիր՝ Վաչէ Ղազարեան): Բարունակ Թովմասեան մահացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, բայց իր օրագրութիւնը ան շարադրած է Լիբանան՝ քաղաքացիական պատերազմի մէկ դժնդակ շրջանին, երբ վտանգի պատճառով ժողովուրդը փակուած էր տուներու մէջ: Իր առաջին ուղեւորութիւնը Հայաստան Բարունակ Թովմասեան կատարած է 1957 թուականին, երբ ուղիղ թռիչքներ տակաւին չկային Լիբանանէն դէպի Հայաստան: Հայաստան հասած է Պէյրութէն Պոլիս, Պոլիսէն Վիեննա, Վիեննայէն Պուտափեշտ, Պուտափեշտէն Լվով, Լվովէն Մոսկուա, Մոսկուայէն ալ Երեւան օդային ճանապարհները կտրելով: Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ իր զրոյցներէն կը ներկայացնենք ուշագրաւ դրուագներ:
Կիրակի, 25 օգոստոս, 1957
Առտուան 9-ին հասայ Երեւան յուզուած ու ցնցուած: Յուզուած էի օդանաւէն տեսնելով կապոյտը Սեւանին եւ ցնցուած էի ի տես Արարատի արեւոտ գագաթին: Տարիներով Սեւան ու Արարատ երգած եւ երազած էի. ահաւասիկ արժանի կ՚ըլլայի տեսնելու զանոնք:
Սուրբ էջմիածինէն դիմաւորելու եկած էր Հայկ Առաքելեանը, Արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան ընկերակցութենէն (ԱՕՔՍ) Մանուէլ Բապլոյեանը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցական գործերու Խորհուրդի նախագահ Սարգիս Գասպարեանը, լռիկ, այլ ուշիմ աչքերով երիտասարդ մը:
Այսօր կիրակի է, Վազգէն Վեհափառը կը պատարագէ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանին հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ: Ներկայ պիտի ըլլան Սըր Սիտնի Քէյնը եւ ֆրանսահայ ակադեմիկոս ճարտարապետ Իւթիւճեանը, որոնք եկած են Մայր Տաճարի եւ յարակից բաժիններու վերանորոգութեանց համար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկէն կատարելիք յատկացումներուն չափն ու ձեւը ճշդելու: Ստիպուած եմ զրկուիլ, մէջտեղ չերեւալու համար...
Բապլոյեանին հետ շրջան մը կ՚ընենք Երեւանի փողոցներուն մէջ, կը բարձրանանք Քանաքեռ, որ արդէն Երեւանի մաս կը կազմէ: Ինքնաշարժով կ՚անցնինք կարեւոր բոլոր փողոցներէն: Անկասկած որ շինարարութիւնը ցայտուն յատկանիշն է քաղաքին: Կը դիտենք Հրազդան գետին վրայ կառուցուած նոր կամուրջը, Գոց Շուկան եւ այլն:
Ժամ մը ետք Գասպարեանը եւ Առաքելեանը եկան զիս տանելու Վեհափառին մօտ: Վեհափառը ճաշի պահեց, եւ գլուխ գլխի խօսեցանք մինչեւ կէս գիշերը անց: Ձայնասփիւռէն լսեցինք իր այդ օրուան քարոզը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պատարագին արտասանուած:
Մեր խորհրդակցութեան քանի մը ցայտուն կէտերը.
ա.- Վեհափառը այժմ արտասահմանի հայկական կեանքով նուազ հետաքրքրուած է քան առաջ, որովհետեւ կլանուած է իր գործերով, որոնց փարած է մեծ հաւատքով եւ վճռակամութեամբ: Յաջողութենէ յաջողութիւն կ՚ընթանան իր ձեռնարկները: Խօսեցաւ Էջմիածնի վանքէն ներս տիրող մթնոլորտին մասին, թէ նախքան իր գալը տիրապետող ոգին անշահախնդիր չէր, մարդիկ հաւատք չունէին իրենց կատարած գործին հանդէպ: Այդպիսիները՝ աշակերտ, ուսուցիչ թէ աշխատող, դուրս հանած է: Հիմա իւրաքանչիւր աշակերտ կը կարծէ, թէ ինք է աշխարհի լաւագոյն հայը:
-Ես նկարագրով վճռական մարդ չէի, կ՚ըսէր Վեհափառը,- սակայն երբ մարդ դէմ յանդիման գայ նեղ կացութեան, ինքնաբերաբար կը դառնայ վճռական: Գիշեր մը մօտս կանչեցի վարդապետ մը, առի վեղարը, ըսի, թէ կը դադրի վարդապետ ըլլալէ եւ զինք վանքէն վտարեցի: Ես եմ տէրն ու տնօրինողը Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Պետութիւնը ո՛չ մէկ ատեն միջամուխ եղած է մեր ներքին գործերուն: Հոգեւոր զարթօնքը մեծապէս զգալի է: Ամէն կողմէ ուխտաւորներ կու գան ու կը պնդեն, թէ անպայման զիս կ՚ուզեն տեսնել: Իսկապէս, Վեհափառը շատ խանդավառ է Սուրբ Էջմիածնի վերելքով: Սակայն, միւս կողմէ, կը խորհի, թէ քանի որ սփիւռքի մէջ մեր եկեղեցական գործերուն կը միջամտեն օտար պետութիւններ, ի՛նչ կրնայ ընել, բացի թող տալէ որ ներկայ ընթացքը շարունակուի՝ մինչեւ որ նոր քաղաքականութիւն մը, աւելի նպաստաւոր, երեւան գայ:
Այս արտայայտութիւնը մեծապէս յուսալքեց զիս: Անշուշտ, բացատրելի էր, քանի որ անցեալ տարուան իր անդրանիկ արտասահման ճամբորդութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան նախագահելու համար՝ եղաւ շատ անփառունակ: Իր Պէյրութ ժամանումը դիմաւորուեցաւ՝ Լիբանանի թէ ամբողջ սփիւռքի մէջ անզուգական մնալու սահմանուած արքայական ընդունելութեամբ մը. օդակայանէն մինչեւ Անթիլիաս հայ եւ տեղացի հսկայ բազմութիւն մը, հարիւր հազարներով ժողովուրդ ծափահարեց զինք ամբողջ ճամբուն երկայնքին: Յետոյ, սակայն, ճիշդ հակառակը պատահեցաւ: Չյաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որ հաշտարար ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ, կողմերու համաձայնութեամբ նոր գահակալ մը ընտրուի: Շատ յուսախաբ վերադարձաւ: Մանաւանդ որ նոր էր որ կաթողիկոս դարձեր էր: Ամէն պարագայի, բացատրեցի իրեն, թէ ճիշդ չէր իր մտածումը, եւ թէ խոշոր պատասխանատուութիւն ունինք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին առջեւ: Ճիգ, աշխատանք եւ կազմակերպուած գործ պէտք է կատարել, որպէսզի դէպքերուն ընթացքը նպաստաւոր ըլլայ, եւ ոչ թէ սպասենք, որ դէպքերը իրենք տնօրինեն մեր ճակատագիրը: «Աշխատինք որ յաջողիք Ձեր առաքելութեան մէջ», ըսաւ:
բ.- Մեր ներքին հողերու հարցը կարգադրելու խնդիրը կը հետաքրքրէ զինք: Խանդավառ է որ ամէն կողմէ խումբ առ խումբ ներկայացուցիչներ կը դիմեն իրեն՝ խնդրելով որ գլուխ հանէ խնդիրը: (Ի՜նչ միամտութիւն թէ՛ դիմողներուն եւ թէ դիմումներով խանդավառուողին կողմէ...): Վարչապետ Պուլկանինին տրուած յուշագրի մը մասին խօսեցաւ: Ուզեցի տեսնել եւ պատճէնը ունենալ: Ղարաբաղցի եօթանասուն ուսանողներ այցելած են իրեն եւ պահանջած՝ որ Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին կցուի... Վեհափառին հաղորդած են, թէ Ղարաբաղի այլ եւ այլ շրջաններուն մէջ հաւաքներ կազմակերպուած եւ պահանջ ներկայացուած է պատկան իշխանութեանց մօտ՝ նոյն նպատակով: Այս ուղղութեամբ հետաքրքրական ծանօթութիւններ տուաւ…
Երեքշաբթի, 27 օգոստոս
Գացի Էջմիածին: Վեհափառը զիս ճաշի պահեց եւ մինչեւ ժամը 7.30 խորհրդակցեցանք: Կարգ մը թղթակցութիւններ տուաւ, որպէսզի կարդամ: Ոգեւորուած է ու ոգեւորիչ բացատրութիւններով ալ պատմեց իր այցը Վրաստան: Յայտնեց, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը սկիզբը դժուարութիւն յարուցեր է եւ չէ արտօնած իր այցը: Հսկողութեան եւ պաշտպանութեան տակ նախ այցելեր է Ռոստով, ուր շատ խանդավառ ու համաժողովրդային ընդունելութեան արժանացեր է թէ՛ հայերու եւ թէ տեղացիներուն կողմէ: Այդ փառահեղ ընդունելութիւնը իր դրական անդրադարձը ունեցեր է Թիֆլիզի մէջ: Վրաց պատրիարքը ստիպուած՝ հրաւիրեր է Վազգէն Վեհափառը, ստանալով նաեւ վրաց կառավարութեան արտօնութիւնը: Թիֆլիզի հայութեան խանդավառութիւնը կարելի էր բաղդատել պէյրութեան ընդունելութեան հետ միայն, որոշ համեմատութիւններով: Վեհափառը անշուշտ վրաց պատրիարքին հիւրը եղեր է, ինք ալ շուրջ 166 հոգիի համար սարքեր է ճաշկերոյթ մը, որուն ծախսերը ամբողջութեամբ հոգալու համար երեք հայեր, մէկը միւսէն անտեղեակ, խնդրանք ներկայացուցեր են իրեն:
…Վեհափառին հանդէպ համակրական ցոյցեր տեղի ունեցած են ամէն տեղ: Տիրող մթնոլորտէն օգտուելով, տեղւոյն հայերը իրենց ազգային զգացումները բուռն կերպով արտայայտելու միջոցի կամ առիթի վերածեր են Վեհափառին այցելութիւնը: Իր բնակած պանդոկին հրապարակը հաւաքուած հազարաւոր հայեր ստիպեր են Վեհափառը, որպէսզի դուրս գայ պատշգամ, եւ հոն թնդացուցեր են բարձրագոչ աղաղակներ՝ «Մեր պետը», «Մեր թագաւորը» եւ այլն, ծափահարութիւն, գոռում- գոչում...
Ներքին գոհունակութեամբ կը պատմէ Վեհափառը...
Շատ այցելուներ կու գան Սուրբ Էջմիածին ուխտի՝ մանաւանդ հեռաւոր գիւղերէն, շրջաններէն: Օր մը, գիւղացի ուխտաւոր մը կը պահանջէ անպայման տեսնել Վեհափառը:
Կը բացատրեն իրեն, թէ Վեհափառը յոգնած է եւ չի կրնար ընդունիլ: Գիւղացին կը բարկանայ, թէ ինք կարող է տեսնել Խրուշչեւն ու Պուլկանինը, ուրեմն ինչո՞ւ չկարենայ տեսնել նաեւ Վեհափառը: «Օ՜հ, կը պատասխանեն հետը եղող ուրիշ գիւղացիներ, ատոնք ո՞վ են որ... Վեհափառը մեր թագաւորն է»… Վեհափառին հետ մեր զրոյցը տեղի կ՚ունենար մտերմական սրտբաց մթնոլորտի մը մէջ: Անցեալ տարի արդէն ծանօթացեր էինք մօտէն, Պէյրութ այցելութեան եւ ապա՝ մինչեւ Գահիրէ իրեն ուղեկցելուս ընթացքին:
Գաղութներուն մէջ հայկականութիւնը, մեր ազգային լինելութիւնը պահելու համար մեր տարած ջանքերը կը գնահատէ իրենց բուն արժէքով: ՌԱԿ-ի ուղեգիծը կը նկատէ ամենէն խոհեմը, առողջը, հեռատեսը: «Արտասահմանի մէջ, կ՚ըսէ, հայապահպանման կառոյցը կանգնած է երեք հաստատ սիւներու վրայ.
ա) Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ իր Սուրբ Էջմիածինով,
բ) ՀԲԸՄ-ը՝ համազգային մեր մեծ կազմակերպութիւնը, որուն գործունէութիւնը դուրս եկած է բարեսիրական նեղ ծիրէն՝ ընդգրկելով ազգապահպանման բուն աշխատանքները, եւ
գ) ՌԱԿ-ը, որ վերոյիշեալ զոյգ հաստատութիւններուն պաշտպան-պահակն է եւ նոյն ատեն քաղաքական ուղիղ առաջնորդը մեր ժողովուրդին»:
Ու կ՚աւելցնէ. «Չորրորդ սիւն մը չեմ տեսներ ես, որ ազգապահպանումի կառոյցը աւելի եւս զօրանայ»: Այսպիսով՝ ազգային, մշակութային եւ հայրենիքի նկատմամբ դիրքաւորումի նոյնութիւն կայ մեր տեսակէտներուն միջեւ:
ՀԲԸՄ-ի հետ իր ունեցած թղթակցութեանց թղթածրարը տուաւ, որպէսզի կարդամ յատկապէս Անթիլիասի մօտ կատարուած միջամտութեանց բաժինը:
Ալեք Մանուկեանը գրած է Վազգէն Վեհափառին, թէ կը փափաքի փորձել հասկացողութեան եզրեր առաջարկել Անթիլիասի գահակալ Զարեհ Կաթողիկոսին: Վեհափառը համաձայն գտնուած է, եւ Ալեք Մանուկեան նամակ գրած ու ժխտական պատասխան ստացած է Զարեհ Կաթողիկոսէն: ՀԲԸՄ-ի նախագահը ուզած է դարձեալ գրել, սակայն պր. Գրիգոր Կիրակոսեանը, ընդհանուր տնօրէնը ՀԲԸՄ-ի, հաղորդեր է Վազգէն Վեհափառին, թէ Պոլսոյ Պատրիարքը՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան, թելադրեր է պր. Մանուկեանին, որպէսզի սպասէ, քանի որ ինք անձամբ պիտի տանի նման աշխատանք: Եւ իսկապէս, Գարեգին Պատրիարքը գրած է Հալէպ՝ Տէր-Ղազարեանին (ՀՅԴ-ի գործակից մօտիկ անձնաւորութիւն մը, որ կը զբաղի ազգային-եկեղեցական հարցերով, որոշ հեղինակութեամբ) եւ Պէյրութ՝ Յակոբ Տէր-Մելքոնեանին (դաշնակցական շարքային անձնաւորութիւն մը՝ սակայն չափաւորական, որ նոյնպէս կը զբաղի ազգային-եկեղեցական հարցերով. դարձեալ իր սերունդէն): Սակայն այս երկու անձերէն ալ բան դուրս չէ եկած:
Այլ թղթածրարէ մը կը պարզուի, որ Գարեգին Պատրիարքը, ինչպէս ծանօթ այլ անձնաւորութիւններ, գրած է Վազգէն Վեհափառին, որ կարգալոյծ ընէ կամ պատժէ Եղիշէ Սրբազանը: (Երուսաղէմի պատրիարքական տագնապի բուռն շրջանն է: Մեր դարաւոր վանքին շահերը զոհ կ՚երթան Եղիշէ-Տիրան աթոռամոլութեան, ամօթ բերելով նաեւ մեր եկեղեցականութեան անունին): Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, Տիրան Սրբազան գրած է Վեհափառին, խնդրելով՝ որ նման քայլ մը չառնէ առայժմ: Հետեւաբար Վեհափառը սպասողական վիճակի մէջ է:
Ուրիշ թղթածրար մը ամբողջովին յատկացուած է Վեհափառին գրած զոյգ յուշագրերուն՝ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Պուլկանինին. երկուքն ալ կը կրեն 12 մայիս 1956 թուականը: Հոն խնդրանք ներկայացուած է.
ա) նիւթական ու բարոյական դիւրութիւններ ընծայել Սուրբ Էջմիածնի զարգացման համար, նոր շինարարարութեանց, նորոգութեանց, հոգեւոր զարգացման, վանքին շրջապատը բարեզարդելու, եւ այլն.
բ) Արտօնութիւն՝ Հոգեւոր Ճեմարանի զարգացման համար եւ օժանդակութիւններ.
գ) Արտօնութիւն՝ արտասահմանի եկեղեցականները տարին կամ երկու-երեք տարին անգամ մը ընդհանուր ժողովի հրաւիրելու, անոնց մուտքի վիզա ապահովելու, եւ այլն։
Առաջին յուշագիրը կը յիշեցնէ նաեւ Ստալինի տուած խոստումները հանգուցեալ Գէորգ Զ. Կաթողիկոս Չէօրեքճեանին՝
ա) Վանքին մէջ Մանթաշեանին շինած մեծ վեհարանին վերայանձնումը: Անոր շինարարութիւնը հազիւ աւարտած՝ կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը, եւ որովհետեւ Էջմիածինը թրքական սահմանին այնքան մօտիկ է, ցարական իշխանութիւնները շէնքը զօրանոցի կը վերածեն: Ինչ որ կը մնար նոյն ձեւով մինչեւ Երկրորդ աշխարհամարտը: Եւ ահա, քառասուն տարի իբրեւ զօրանոց գործածուելէ ետք այդ ամրակուռ շէնքը, ի վերջոյ, ներքնապէս փլատակի վերածուած կը յանձնուի Մայր Աթոռին: Կը յանձնուի նաեւ անկէ քիչ մը անդին գտնուող եւ զինուորներուն կողմէ կառուցուած՝ կարծեմ սպաներու գործածութեան յատուկ ուրիշ շէնք մը, որ սակայն նախապէս չէր պատկաներ Սուրբ Աթոռին: Խոստացուած էր նաեւ նոր հողաշերտ մը՝ քիչ մը անդին:
բ) Վանքին սահմանները աւելի ընդարձակել՝ ընդգրկելով Ներսէսի անտառն ու լիճը, ինչ որ չէր յաջողած:
Երկրորդ յուշագիրը կը վերաբերէր ներքին հողերու:
Վեհափառը կը խոստանայ անոր պատճէնը յանձնել ինծի:
Վազգէն Կաթողիկոսը զիս առաջնորդեց Մայր Տաճար՝ նորոգուած եւ բարեզարդուած իր ճիգերով: Մանրամասն բացատրեց: Իջման Սեղանը նորոգուած է հրապուրիչ տեսքով: Եկեղեցւոյ սալայատակը՝ առաջնակարգ գունաւոր մարմար: Մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց կու տայ Գանձարանին հանդէպ, ուր պատմական-եկեղեցական իրեր կը ցուցադրուին Տաճարին յատակը:
Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբեր
Գիշերը Վեհափառին գացի: Տեղեակ պահեցի զինք մեր հանդիպումներէն: Երկար խորհրդակցեցանք: Վեհափառը կը կրկնէր, թէ շատ-շատ ուրախ է ինծի հանդէպ ցոյց տրուած հոգածութեան եւ կարեւորութեան համար: «Միմիայն ՌԱԿ-ի ղեկավար մը արժանի է այս պատիւին», ըսաւ: Պատասխանեցի, թէ պատիւը կուսակցութեան ուղեգիծը պատրաստողներուն եւ հաւատարմօրէն այդ ուղեգիծին հետեւողներուն կ՚երթար: «Բայց ներկայացուցիչին անձնաւորութիւնն ալ իր դերը կը խաղայ», յարեց:
Վեհափառին թելադրեցի, որ ուսումնասիրէ, թէ ՀԲԸՄ-ի մօտ Հայաստանի ի նպաստ պահ դրուած գումարները ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել Խադ Սրբազանին կարիքներուն համար: Անթիլիասի վանքէն վտարուած՝ ան կ՚ապրի դուրսը, Պէյրութի մէջ, մեր կողմէ վարձուած պարզ տունի մը մէջ: Նմանապէս, պէտք է այլ աղբիւրներ ալ գտնել մեր պայքարը շարունակելու համար, այլապէս երկար չեն կրնար դիմանալ: Արդէն մեր ունեւորները, որոնք եկեղեցական պայքարի ղեկավարութեան մէջ առած ենք, խիստ կը գանգատին, յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տան ու կը խուսափին ծախսերուն մասնակցելէ:
Վեհափառը նուրբ աշխատուած ափսէ մը տուաւ իբրեւ յիշատակ…
ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան