ԲԱԺԱՆԱՐԱՐ ՊԱՐԻՍՊՆԵՐ. ՊԵՐԼԻՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՓԵՐՈՒ ԵՒ ԱՐՑԱԽ… «ԱՄՕԹԻ ՊԱՏ»ԵՐ
Փերուի մէջ քանդել սկսած են «ամօթի պատ»ը, որ հարուստներն ու աղքատները իրարմէ կը բաժնէր տարիներ շարունակ եւ ընկերային խաւերու միջեւ շօշափելի պատնէշ մըն էր: Առհասարակ, աշխարհի մէջ միշտ ալ պատնէշներ եղած են հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ, բայց անոնք անտեսանելի ու յարաբերական սահմաններ են եւ գոյութիւն ունին մարդոց միտքերուն մէջ: Փերուի մայրաքաղաքը՝ Լիմայի այս պատը միանգամայն իրական է. անոր երկու կողմերը կը բնակին ընկերային դրութեամբ իրարմէ բոլորովին տարբեր խաւեր: Պատի վերեւն ալ կայ փշալար մը, որ առաւել կ՚ընդգծէ պատին անոր դաժան իմաստը: Երկու աշխարհ գոյութիւն ունի Լիմայի «ամօթի պատ»ի հակադիր կողմերուն:
Փերուի մայրաքաղաքին մէջ այս պատին կառուցումը սկսած էր 1980-ականներուն՝ քաղաքի Լա Մոլինա բնակելի թաղամասի բնակիչներու կողմէ: Այդ տարիներուն ցամաքային ներխուժումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու մեծ ալիք կար: Պատը կառուցեցին, որպէսզի Լա Մոլինա հարուստներու թաղամասը պաշտպանուած ըլլայ Փերուի՝ ահաբեկչական համարուող «Փայլուն արահետ» կուսակցական խմբաւորումէն: Սակայն, տարիներու ընթացքին պատը աւելի ու աւելի երկնցաւ ու հասաւ մինչեւ աղքատներու թաղամաս: Աղքատներու այդ ետնախորշին մարդիկ կը բնակին ծայրայեղ թշուառութեան մէջ եւ պատը զանոնք նոյնպէս ձգեց միւս կողմը:
«Ամօթի պատ»ը սկսան քանդել անցեալ շաբաթ՝ տարիներու իրաւական պայքարէ յետոյ, երբ երկրի Սահմանադրական ատեանը վերջապէս որոշեց վար առնել այդ պատնէշը: Պատը բազմիցս քննադատութեան պատճառ դարձած է զանազան երկիրներու, իրաւական կազմակերպութիւններու կողմէ, անուանուած է նաեւ «Փերուի Պերլինի պատ»: Բազմաթիւ փերուցիներ նոյնպէս դէմ էին՝ նման խտրականութեան պատի մը գոյութեան, զայն կը նկատէին երկրին տեսակէտէ անպատուութիւն: Այժմ Փերուն՝ Հարաւային Ամերիկայի կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը, աշխարհին պիտի ներկայանայ նոր դիմագիծով մը: Արդեօք ինչքա՞ն ժամանակ պիտի տեւէ անոր վրայէն՝ երկար տարիներու ամօթի սպիին ջնջումը։ Արդեօք փտածութեամբ, աղքատութեամբ, անչափահասներու չարաշահմամբ (աշխատանքի մէջ), անգրագիտութեան բարձր մակարդակով, առողջապահական ցած սպասարկմամբ եւ այլ յետամնացութեան երեւոյթներով ծանօթ Փերուի մէջ կը բարելաւուի՞ կեանքը:
ՊԵՐԼԻՆԻ ՊԱՏԷՆ ՎԵՐՋ…
Պերլինի հռչակաւոր պատին մէկ հատուածը օրին նոյնպէս կոչած էին «ամօթի պատ» եւ զայն փուլ եկաւ՝ չդիմանալով ճնշումներուն եւ քաղաքական բաժանումներուն: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ Գերմանիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին պատճառով 1949-1961 թուականներուն, Գերմանիոյ արեւելեան բաժնէն շուրջ երկուքուկէս միլիոն հոգի փախած էր դէպի արեւմուտք: Անոնց մէջ էին հմուտ վարպետներ, արհեստավարժ մասնագէտներ, մտաւորականներ եւ այդպիսի բնակչութեան կորուստը կը սպառնար Արեւելեան Գերմանիոյ տնտեսական կենսունակութեան: Կանխազգալով վտանգները՝ Արեւելեան Գերմանիան պատնէշ կառուցեց եւ գոցեց մարդոց մուտքը դէպի Պերլինի արեւմուտքը: Պերլինի պատը պաղ պատերազմի ամենայայտնի յուշարձաններէն էր, որ կը մարմնաւորէր համայնավարական Խորհրդային Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն միջեւ դիմակայութեան էութիւնը: Սակայն, ամէն դիմակայութիւն ունի իր աւարտը:
Շուտով կը լրանայ Պերլինի պատին փլուզման 35-րդ տարին: Թէեւ երեք տասնամեակ անցած է, բայց պատմական այդ իրադարձութիւնը շատերը կը յիշեն: 1989 թուականի աշնան օր մը հարիւր հազարաւոր գերմանացիներ շարժման անցած էին դէպի այն սահմանը, որ Պերլինի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածները կը բաժնէր ու այդ ժամանակուան Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան կողմէ կը կոչուէր ֆաշիզմի դէմ պաշտպանութիւն, իսկ հակառակ հատուածին մէջ կ՚անուանուէր «ամօթի պատ»: Պերլինի պատը նոյնպէ՛ս տեսանելի սահման մըն էր, բայց ցոյց չէր տար հարուստներու եւ աղքատներու տարբերութիւնը, այլ պաղ պատերազմի ու երկաթեայ վարագոյրի շօշափելի խորհրդանշաններէն մին էր:
1989 թուականի նոյեմբերի 9-ին, հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերի ընթացքին Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Կիւնթէր Շափովսքի կը յայտարարէր, որ բոլորը ազատ կրնային անցնիլ սահմանը, երթալ քաղաքի արեւմտեան կողմը: Հազարաւորներ խուժեցին դէպի Պերլինի պատը:
Սահմանապահները փորձեցին դիմադրել, բայց չյաջողեցան: Անոնք որեւէ հրահանգ չունէին, թէ արգելքը պէտք է վերցուէր։ Ուստի ամէն ջանք կը գործադրէին կարգը պահելու համար: Շուտով քաղաքին մէջ իրադրութիւնը դուրս եկած էր վերահսկողութենէ: Այսպէսով, նախորդած երեսուն տարուան արգելքը ինկաւ: Պերլինի երկու հատուածները բաժնած պատը ձեւով մը նաեւ Եւրոպայի դիմագիծն էր, որուն դէմ կը կենային միլիոնաւոր եւրոպացիներ:
Գրոհի յաջորդած երեք օրերուն Գերմանիոյ զանազան վայրերէն այդ հատուածը այցելեց աւելի քան 3 միլիոն մարդ: Գերմանացիներու համար օրերը դարձան տօնական եւ այսօր ալ ականատեսերը յուզումով կը յիշեն այդ իրադարձութիւնը: Նոյն տարուան դեկտեմբերի 22-ին բացուած էին՝ Պերլինի պատմական ու քաղաքական խորհրդանշաններէն Պրանտենպուրկի դարպասները: Ակնյայտ էր, որ շատ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենային աշխարհի մէջ:
Պերլինի պատին քանդումը վճռորոշ էր ո՛չ միայն Գերմանիոյ, այլեւ՝ ամբողջ մարդկութեան համար:
Այսօր ալ, երբ ամբողջութեամբ պիտի փլի Փերուի «ամօթի պատ»ը, աշխարհը կրկին խառն կացութեան մէջ է եւ շատեր պատահականութիւն չեն նկատեր այդ մէկը: Կը սպասեն, որ այս ամօթի պատին եւս փլուզումով փոփոխութիւններ ըլլան՝ սպառողական մտածելակերպով, պատերազմի ծարաւ եւ փոքր ազգերու դժբախութիւններու հանդէպ անտարբեր աշխարհին մէջ:
ՉԻՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՊԱՏԸ
Երկիրներու սահմանին, քաղաքներու մէջ պատեր կառուցելու գաղափարը հինէն կու գայ: Պատմական օրինակ մըն է նաեւ Չինական մեծ պատը: Այս վերջինը կառուցուած է՝ իբրեւ շարք պաշտպանական կառոյցներու համալիրի մը, որ կ՚երկարի Չինաստանի հիւսիսին եւ Մոնկոլիոյ հարաւին միջեւ: Նման կառոյցներ ստեղծուած են հնագոյն ժամանակներուն՝ քոչուորներէն պաշտպանուելու համար: Ենթադրաբար, Չինական մեծ պատը միասնական համալիրի մը վերածուած ըլլայ Չինաստանի առաջին կայսր Ցին Շի Հուանտի կողմէ, Քրիստոսէ Առաջ 259-210 թուականներուն: Ամենէն երկար եւ լաւագոյն ձեւով պահպանուած հատուածը կառուցուած է՝ Մին տոհմին իշխանութեան օրով: Պատին երկարութիւնը շուրջ 850 քիլօմեթր է՝ Լիաոնին նահանգէն մինչեւ Քանսու:
2009 թուականին, մեծ տեղորոշման համակարգերու եւ կարմրաւուն ճառագայթներու յատուկ սարքաւորումներով հնարաւոր եղաւ յայտնաբերել՝ բլուրներով, գետերով եւ խրամատներով ծածկուած պատի 180 քիլօմեթր երկարութեամբ որոշ հատուածները, որոնք մինչ այդ անյայտ էին։
2015 թուականի մարտին եւ ապրիլին, Նինսէա-Հուէյ ինքնավար շրջանի եւ Քանսու նահանգի սահմաններու երկայնքով յայտնաբերուեցան պատի՝ ընդհանուր առմամբ 10 քիլօմեթր երկարութեամբ եւս ինն հատուածներ, որոնք հաւանաբար մեծ համալիրին մաս կազմած են:
Չինական պարիսպը նոյնպէս փլուզման փուլերէ անցած է: Անոր 2 մեթրնոց մէկ բաժինը փլած է 6.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը պատճառով:
2022 թուականին Ցինհայ նահանգի շրջաններէն մէկուն մէջ արձանագրուած է ուժեղ երկրաշարժ մը, որմէ ետք իշխանութիւնները մշակութային ժառանգութեան կոթողներու ստուգումներ կատարած են՝ երկրաբանական շարժումներու պատճառով վնասուած շրջանին մէջ: Մասնագէտները պատին փլուզումը յայտնաբերած են Քանսու նահանգին մէջ: Փլուզումը տեղի ունեցած է երկրաշարժի կեդրոնէն 114 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Պատին այդ փլած հատուածը կառուցուած է Մին տոհմի իշխանութեան ժամանակ (1368-1644): Վերականգնման համար պաշտպանիչ սարքեր տեղակայուած են պատի տուեալ մասին մէջ: Չինական մեծ պարիսպը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մաս կը կազմէ 1987-էն ի վեր։ Ան կը նկատուի՝ իբրեւ աշխարհի ամենամեծ ռազմական կառոյցը, սակայն պաշտպանական գործառոյթէն զատ, ունի նաեւ հսկողական գործառոյթ, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ հսկելու, կառավարելու առեւտուրը, արտագաղթը եւ այլն: Միաժամանակ, ան փոխադրամիջոց մըն է:
Պարիսպը, անվիճելիօրէն, չինական մշակոյթի կարեւորագոյն մասերէն մին է: Ցարդ աշխարհի վրայ կառուցուած ճարտարապետական ամենամեծ յուշարձանն է ո՛չ միայն Չինաստանի մէջ, այլեւ ամբողջ երկրագունդի տարածքին:
Չինական պարիսպի երկարութեան շուրջ գիտնականները կը վիճաբանին. ընդհանուր առմամբ այդ թիւը կը տատանուի 4000-5000 քիլօմեթրի միջեւ: Այնպէս կ՚ըսուի, որ այս պատի լայնութիւնը այնքան է, որ քով քովի դիւրութեամբ կրնան անցնիլ հինգ ձիաւորներ: Պատին կառուցումը հարթ չէ ընթացած: Զանազան աղբիւրներու համաձայն՝ Չինաստանի պատի կառուցման ընթացքին զոհուած է 400 հազար-1 միլիոն մարդ: Ընդհանրապէս, մահացածները կը դնէին ուղղակի պատին մէջ ու կը պատէին: Ուստի, պարիսպը կը համարուի՝ նաեւ երկրին ամենամեծ գերեզմանատունը: Պատին համար իբրեւ շաղախ գործածուած է նաեւ բրինձի շիլան, որ կը խառնէին կրաքարի հետ: Ամէն տարի Չինաստանի մեծ պարիսպը կ՚ընդունի շուրջ 40 միլիոն զբօսաշրջիկի այցելութիւնը:
ՕՐԵՐՍ…
Օրերս Չինաստանի ոստիկանութիւնը Շանսի նահանգին մէջ ձերբակալած է երկու հոգի, որ հողափորիչ ինքնաշարժով քանդած է Չինական պատին մէկ մասը: Անոնք եղած են 38-ամեայ տղամարդ մը եւ 55-ամեայ կին մը, որոնք նպատակ ունէին պարիսպի մէկ մասը փլցնելով կարճ ճանապարհ մը բանալ անոր միջով՝ աւելի արագ հասնելու համար իրենց աշխատավայրը։ Ոստիկանները անոնց հասած են Չինական մեծ պարիսպի վնասուած հատուածը քանդելու ժամանակ։ Զոյգը ա՛լ աւելի մեծցուցած է՝ արդէն իսկ եղած ճեղքը եւ մեծ անցք մը բացած է պարիսպին մէջ, որպէսզի իր հողափարիչ ինքնաշարժը անցընէ անոր միջով: Արարքը արժանացած է ո՛չ միայն չինական, այլեւ՝ միջազգային մամուլի ուշադրութեան: Ոստիկանութիւնը արդէն հաղորդած է, որ այդ երկու անձերը անդառնալի վնաս հասցուցած են Մեծ պարիսպի ամբողջականութեան եւ մշակութային մասունքներու անվտանգութեան։ Պարիսպի՝ մանաւանդ տուեալ հատուածը պատմամշակութային վայր է եւ կը պահպանուի նահանգային մակարդակով։ Բայց, փաստօրէն, պահպանութիւնը այնքան ալ զօրաւոր չէ եղած եւ այդ մարդիկ հասած են իրենց նպատակին: Թէեւ անոնք մեծ տուգանք մը վճարած են պարիսպը վնասած ըլլալու համար, սակայն տեղի ունեցածը մեծ հարուած մըն է երկրին տեսակէտէ:
ԱՐՑԱԽԻ «ԱՄՕԹԻ ՊԱՏ»Ը
Այս բոլորէն վերջ, ինչպէ՞ս կարելի է կոչել Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ապօրինաբար դրուած արգելապատնէշը, եթէ ոչ՝ «ամօթի պատ»: Ասիկա թերեւս արդի աշխարհի ամենաամօթալի պատն է, որ ստեղծուած է՝ Արցախի ժողովուրդը տանջելու, ստորնացնելու, սովամահ ընելու համար: Այդ արգելապատնէշին պատճառով Արցախը արդէն ինն ամիս է՝ կտրուած է արտաքին աշխարհէն ու չ՚երեւնար, թէ ե՛րբ կը վերջանայ այս մղձաւանջը: Այնտեղ օրուայ հացի խնդիրը կրկին հրատապ է: Արցախի կառավարութիւնը հացի համար հաստատած է կտրօնային համակարգ, սակայն իւրաքանչիւրին միայն երկու հարիւր կրամ հաց պիտի տրուի, ինչ որ շատ-շատ քիչ է՝ մանաւանդ որ միւս ուտելիքներն ալ չկան խանութներու մէջ: Կտրօնները ներդրուեցան՝ քիչ մը թեթեւցնելու մարդոց բեռը, որպէսզի խանութներու առջեւ հերթերը նուազին եւ հացը բաշխուի հաւասարաչափ: Երբեմն մարդիկ ամբողջ օր մը կարգ կը սպասէին եւ առանց հացի տուն կը վերադառնային: Արցախցիի վիճակը օրէ օր աւելի կը ծանրանայ: Այս պաշարման ծանր հետեւանքներու մանրամասնութիւնները ներկայացուած են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի վերջին զեկոյցին մէջ, որ խորագրուած է «Զեկոյց՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) շրջափակման հետեւանքով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներու մասին»:
Շրջափակման մեկնարկէն ի վեր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտած են Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ կոչ ուղղած՝ դադրեցնել շրջափակումը: Հարցը քննարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, իսկ Եւրոխորհրդարանէն ներս Արցախի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներու մասին բանաձեւ մը ընդունուած է։ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) պարտաւոր նկատած է, որպէսզի Ատրպէյճան ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ ու բաւարար միջոցներուն՝ դադրեցնելու համար շրջափակումը։ Ատրպէյճանի տեսակէտէ նաեւ պարտաւորիչ համարուած է՝ ապահովել անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:
ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը (Լախէյ) պարագան քննարկած է՝ Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթներու շրջանակներուն մէջ: Սակայն, առ այսօր Ատրպէյճան ոչինչ ըրած է՝ Միջազգային բարձրագոյն դատական ատեանի պարտադիր կատարման վճիռը իրագործելու համար, աւելին՝ յաւելեալ իրաւական խախտումներ իրականացուցած է Արցախի եւ անոր բնակիչներուն դէմ։ Այս կարգին սպաննուած է 3 ոստիկան եւ անընդհատ իրավիճակը կը սրի՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ։
Յունիսի 22-ին, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ, ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունուած է «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» խորագրեալ բանաձեւը, որով Ատրէյճանին կոչ կ՚ուղղուի՝ ապահովել Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը՝ ըստ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ իրականացնել 2022 թուականի դեկտեմբերի 21-ին, ԵՄԻԱ-ի կողմէ կիրառուած միջանկեալ միջոցները եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանիի 2023 թուականի փետրուարի 22-ի վճիռը… Յամենայնդէպս, շօշափելի քայլ մը չէ առնուած այս որոշումներուն ուղղութեամբ:
Արցախի արիւնաքամումը կը շարունակուի: Անոր սահմանին դրուած պատնէշը ա՛լ աւելի կ՚ամրանայ…
«Ամօթի պատ», որ երկար ժամանակ սպի պիտի մնայ քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
(Ծանօթ՝ Թէեւ շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու միջոցաւ մարդասիրական որոշ օժանդակութիւն մը հասած է Արցախ, սակայն սա դժուար թէ արդարացնէ անցեալ ամիսներու երկարատեւ պաշարումը եւ փուլ բերէ այս «ամօթի պատ»ը։)
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024