Վահրամ Ալազան. Տաղանդաւոր Գրողը
Մայիս 6-ին, 112 տարի առաջ, Վանի մէջ ապրող Մարտիրոս Գաբուզեան (կամ Գարբուզեան) անուն համեստ հայու մը ընտանեկան յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ մանչ զաւակ մը, որուն անունը դրին Վահրամ։ Մանուկ Վահրամ հազիւ սկսած էր հասակ նետել եւ պատանեկան տարիքը թեւակոխել, երբ հասաւ 1915-ին արհաւիրքը… Բազմահազար վանեցիներու հետ, արմատախիլ եղաւ նաեւ Գաբուզեաններու ընտանիքը, որ ռուսական նահանջող զօրքին հետ անցաւ Երեւան եւ հոն բնակութիւն հաստատեց։
Պատանի Վահրամին ոդիսականը այդպէսով վերջ չգտաւ սակայն։
Գրական տաղանդի տէր երիտասարդը, իր աչքին առջեւ կերտուող հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայաստանի անկախութեան արշալոյսը ողջունելէ աւելի, Չարենցի ներշնչումով՝ մեծ յոյսերով փարեցաւ հիւսիսէն բացուող «Այգաբաց»ին, հաւատաց «աշխատաւորական յեղափոխութեան» խոստացած «դրախտին», որպէսզի շուտով անդրադառնար, թէ զոհ գացած էր մեծագոյն ինքնախաբէութեան…
Արդէն Վահրամ Ալազան գրչանուն հաստատուած բանաստեղծ-արձակագիր ու գրական-հասարակական գործիչ էր ան 1936-ին, երբ նաեւ ցմահ աքսորի դատապարտուեցաւ՝ Ստալինեան Մաքրագործումներու արշաւին զոհ երթալով եւ շուրջ քսան տարի սիպիրեան կալանավայրերու մէջ իր ողբերգական ճակատագիրը ցմրուր ճաշակելով։
Հանրագիտական ամփոփ տեղեկանքով՝ Վահրամ Ալազան իր սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայր Վանի Արարք թաղամասի ծխական դպրոցին մէջ։ Անձամբ տեսաւ եւ ապրեցաւ ողբերգութիւնը եւ ընտանիքին հետ ապաստան գտաւ Երեւան, ուր ան, ուսման զուգընթաց, մասնագիտացաւ գրաշարութեան մէջ։ 1918-ին, Վահրամ «Ուրարտու» տպարանին մէջ կ՚աշխատէր որպէս գրաշար-բանուոր, իսկ 1921 թուականին՝ «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթի գրաշար էր։
Վահրամ Գաբուզեան ստորագրութեամբ տպագրուեցաւ անոր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Կարմիր յաղթանակը»։ Այնուհետեւ մամուլի էջերուն լոյս տեսան անոր բանաստեղծութիւնները, պոէմները, պատմուածքներն ու ակնարկները, այս անգամ արդէն «Ալազան» ստորագրութեամբ։
Գրական իր գործունէութեան առաջին տարիներուն ան ստորագրած է Յորձանք եւ Վ. Անողոք ծածկանուններով։ Յետոյ յարմար գրական անուն որոնելու ժամանակ՝ մտաբերած է տարիներ առաջ իր կարդացած Գէորգ Բաշինջաղեանի «Ալազանի դաշտավայրում» խորագրով յօդուածը։ Վահրամին հաճելի եկած է Ալազան անունը, որ այնուհետեւ դարձաւ անոր գրական անունը։
1922 թուականին հրատարակուեցաւ Ալազանի անդրանիկ գիրքը՝ «Տարիների խաղը» պոէմը։ Այդ տարիներուն Ալազան աշխուժօրէն մասնակցեցաւ խորհրդահայ գրական ու քաղաքական կեանքին։ Եղաւ «Ավանգարդ» թերթի հիմնադիրներէն մէկը (1922), «Տպագրական բանուոր» բազմատպաքանակ լրագիրին խմբագիրը (1922-1930), Հայաստանի Պրոլետգրողների Ասոցիացիայի նախագահ (1923-1932), Հայաստանի եւ Անդրֆեդերացիայի Կենտգործկոմների անդամ (1923-1936), Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար (1933-1936), «Գրական Թերթ»ի խմբագիր (1932-1936)։
1936-ին, որպէս Անձի Պաշտամունքի ժամանակաշրջանի ապօրինութեանց զոհ, ան տասնութ տարի ենթարկուեցաւ խիստ ճնշումներու, մինչեւ որ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի։
1954-ին, լրիւ արդարացուելէ յետոյ, Վահրամ Ալազան վերադարձաւ հայրենիք, բայց բանտերու եւ աքսորավայրերու մէջ իր կրած ահաւոր տառապանքներուն հետեւանքով՝ ան միայն երկու տարի կրցաւ վայելել ազատութիւնը, որովհետեւ տասը տարի (1956-1966), մինչեւ մահը, կաթուածահար գամուած մնաց անկողնի մէջ։
Միայն 1990 թուականին, արդէն Ալազանի մահէն քառորդ դար յետոյ, նոր լոյս տեսաւ անոր «Տառապանքի ուղիներում» գիրքը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ Ստալինեան Բռնաճնշումներու ժամանակ կրած իր տառապանքները։
Վահրամ Ալազան մահացաւ 1966-ի Մայիսի 17-ին եւ թաղուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։
Ալազանի «Մաքառումներ» (1933), «Բանաստեղծի սիրտը» (1954) եւ «Հորիզոններ» (1957) գիրքերուն մէջ ամփոփուած ստեղծագործութիւնները արժէքաւոր նմոյշներ են հայ չափածոյի մէջ։
1934-ին հրատարակուած Ալազանի «Վաթսուներորդ հորիզոնում» վէպը իր կարգին կը նկատուի խորհրդահայ արձակի տաղանդաւոր նմոյշներէն մէկը։
Նոյնպէս՝ «Հիւսիսային աստղ» վէպը։
Վահրամ Ալազան հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ քաղաքական-հրապարակախօսական, գրաքննադատական արժէքաւոր յօդուածներու։
Վ. Նորենցի հետ Ալազան կազմած, խմբագրած եւ հրատարակած են Միսաք Մեծարենցի «Երկերի լիակատար ժողովածու»ն, «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» հատընտիրը եւ Պետրոս Դուրեանի «Տաղերը»։
Սիլվա Կապուտիկեանի արժեւորումով՝ «Վահրամ Ալազան կը պատկանի այն գրողներուն, որոնք չեն մոռացուիր եւ որպէս մարդ ու որպէս ստեղծագործող կ՚ապրին բոլորի հետ»:
Իսկ Հրաչեայ Թամրազեանի վկայութեամբ՝ «Վահրամ Ալազանի բանաստեղծութիւններէն շատերը վերածուած են երգերու, որոնք տարածուած են ժողովուրդի մէջ եւ մասսայականութիւն կը վայելեն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024